ՀԱՅԱԶԴ կայք
ՀԱՅԱԶԴ կայք
Արցախեան օրագիր. դէպքերը Սումկայիթի եւ Կապանի մէջ

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն:

Սումկայիթ. Ատրպէյճանի պատասխանը
Սոնիա Յակոբեանը նոր բնակարան տեղափոխուած էր Սումկայիթի ջարդերէն երեք օր առաջ: Հայերը ցրուած էին ամբողջ Սումկայիթի մէջ, եւ Սոնիան միայն ջարդերու օրը հասկցած է, թէ որքան շատ հայեր կը բնակին Կասպից Ծովի ափին փռուած բանուորական քաղաքին մէջ: Ան ընտանեօք եւ մօտ հինգ հազար հայոց հետ, ջարդարարներէն ապաստան կը գտնէ Լենինի հրապարակի մօտակայքը գտնուող Մշակոյթի Պալատի հսկայ շէնքին մէջ` ծովային հետեւակայիններու հսկողութեան տակ:
Սումկայիթը կրնար ՙդաժան դաս՚ ըլլալ Խորհրդային Միութեան` ազգային հարցերով պահանջներ ունեցող միւս ժողովուրդներուն համար:
ՙԵրեւանի մէջ հանրահաւաքներ տեղի կ’ունենային, Ղարաբաղը կ’ուզէր Հայաստանին միանալ: Ջարդերուն պատճառը ասիկա եղած է: Մենք չենք մտածած, որ կու գան մեր տուներէն մեզ դուրս կը քշեն: Տասներկու տարի մենք բնակարանի կը սպասէինք: Ես ու ամուսինս գործարաններու մէջ կ’աշխատէինք: Վերջապէս` երեքսենեականոցը ստացանք, որուն մէջ միայն երեք օր ապրեցանք: Հիմա մեր բնակարանին մէջ Ամասիայէն գացած ատրպէյճանցի ընտանիք մը կ’ապրի՚,- կ’ըսէ Սոնիան: Անոր ընտանիքը քանի մը տասնեակ սումկայիթցիներու հետ հաստատուած է Աշտարակի քովի Մուղնի գիւղին մէջ:
Քրեմլինի պաշտօնեաներէն Կրիկորի Խարչենքօն ջարդերն սկսելու երկրորդ օրն արդէն Սումկայիթ էր: Զարհուրելի տեսարաններէն բացի, զայն ցնցեր էր հանգամանք մը` հայերը կը փափաքէին երթալ Ռուսիա, այլ ոչ թէ Հայաստան. ՙՄեզի հետ զրուցած անձերէն որեւէ մէկը Հայաստան երթալու ցանկութիւն չյայտնեց: Անոնք կը խնդրէին զիրենք Քրասնոտար, Սթաւրոփոլ կամ Ռոսթովի մարզ տեղափոխել: Ինչո՞ւ: Անոնք կ’ըսէին. ՙՀայաստանի մէջ մենք որեւէ մէկուն պէտք չենք, անոնք մեզ իսկական հայ չեն նկատեր, մենք իսկական հայեր չենք՚:
Արմատներով հիմնականին մէջ Ղարաբաղէն եղող եւ Սումկայիթի մէջ բնակող հայոց միայն չնչին մասը Ղարաբաղ կամ Հայաստան կը տեղափոխուի:
Լիտա Ալեքսանեանն այդ քիչերէն էր: Ան կ’ըսէ, որ բանակին մէջ ծառայող որդիին ատրպէյճանցի ընկերները պաշտպանած են զիրենք ջարդի օրերուն: ՙՏղաս կը ծառայէր Գերմանիոյ մէջ: Ջարդերէն յետոյ ամուսինիս հետ գացինք զինուորական կոմիսարիատ եւ ըսինք, որ Երեւան կը տեղափոխուինք, որպէսզի տղայիս տեղեկացնեն` Սումկայիթ թող չվերադառնայ: Ո’չ, ըսին, հայերն իրենց ծննդավայրը պէտք է վերադառնան: Այդպէս, ջարդերէն յետոյ 10 ամիս սպասեցինք: Նոյեմբերին որդիս բանակէն վերադարձաւ, յաջորդ օրը եկանք Հայաստան: Յետոյ երկու որդիներս ալ Ռուսիա գացին, որովհետեւ հոս գէշ կ’ապրէինք՚:
Սամուէլ Շահմուրատեանը Սումկայիթը վերապրածներու տասնեակ պատմութիւններ գիրի առած է 1988ի գարնանը: Ատրպէյճանցի որոշ հեղինակներ կը պնդեն, թէ Սումկայիթի մէջ հայոց սպանութիւնները Կապանէն իբր թէ արտաքսուած ատրպէյճանցիները կատարած են: Ջարդարարներու խումբերուն մէջ նաեւ աւելի առաջ Հայաստանէն հեռացած ատրպէյճանցիներ կրնային ըլլալ: Հաստատ է, որ դատական պատասխանատուութեան ենթարկուած աւելի քան 80 ատրպէյճանցիներէն որեւէ մէկը կապանցի չէ եղած: Ջարդարարները սպանդն արդարացնելու համար գրեթէ չեն գործածած ՙԿապան՚ բառը, աւելի ճիշդ` գործածած են բռնութիւններ հրահրելու նպատակով:
Հայուհի կնոջ հետ Սումկայիթի մէջ բնակող վրացի Կոնստանդին Փխաքածէն պատմած է, որ 21 Փետրուարին լսած, սակայն հեգնանքով ընդունած է իր ատրպէյճանցի ընկերոջ տեղեկութիւնը, թէ մէկ շաբաթ յետոյ հակահայկական ցոյց մը կը սպասուի: 26 Փետրուարի երեկոյեան Լենինի հրապարակին մէջ Փխաքածէն քանի մը տասնեակ հաւաքուածներ տեսած է: Անոնց մէջ մէկը, չնշելով անունը կամ մականունը, պատմած է, թէ Կապանէն փախած է իր հայրենակիցներուն հետ, հոն հայերը իր եւ կնոջ ազգականները սպաննած են:
ՙՄենք Կապանէն փախած ենք՚,- հաւաքուածներուն ըսած է երկար երեսով, բարակ պեխերով ատրպէյճանցին, որ հանրահաւաքին ղեկավարը եղած է: Յաջորդ օրը` պատմութիւններուն նորերը աւելցած են. հայերը Կապանի մէջ ատրպէյճանցի աղջիկներ իբր թէ բռնաբարած եւ անոնց կուրծքերը կտրած են: Ինքզինք կապանցի ներկայացուցած ատրպէյճանցին խօսքերը եզրափակած է ՙՀայե’ր, դո’ւրս ատրպէյճանական հողէն, մա’հ հայոց՚ կոչերով:
27 Փետրուարի կէսօրէն յետոյ Սումկայիթի Քաղկոմի երկրորդ քարտուղար Պայրամովան հանրահաւաքի մասնակիցներուն կը դիմէ. ՙՀայերը սպաննելու կարիք չկայ: Կորպաչովը ըսած է, թէ որեւէ մէկը Ղարաբաղը չի խլէր, տարածքը եղած է ու մնալու է ատրպէյճանական: Թոյլ տուէ’ք, որ հայերը Ատրպէյճանէն հեռանան ազատ կերպով, հեռանալու հնարաւորութիւն տուէ’ք անոնց՚:
Սումկայիթի հայոց հետ զրոյցներէն պարզուած է, որ ամբոխը վայրագութիւններու կը դիմէր, քանի որ հայերը Ղարաբաղ կը պահանջէին: Կարճ ժամանակ յետոյ այլեւս Ղարաբաղն ալ երկրորդական տեղ մղուած էր. անպատժելիութեան պայմաններուն մէջ, քանի մը տասնեակ հոգիներէ կազմուած աւազակախումբերը հայերը կը սպաննէին ու կը կողոպտէին` անոնց տուներուն եւ ունեցուածքին տիրանալու նպատակով:
Վլատիմիր Գրիգորեանը պատմած է. ՙԴուրս նայեցայ պատուհանէն. Լենինի հրապարակին մէջ հանրահաւաք էր: Բան չէր լսուեր: Պատուհանը բացի: Կ’ըսուէր` հանգստացէ’ք, Ղարաբաղը հայոց չենք տար, Ղարաբաղը մե’րն է: Մէկ ուրիշը կ’ըսէր, թէ հայերը Ղարաբաղի մէջ մէկը`16, միւսը` 22 տարեկան երկու ատրպէյճանցի սպաննած են՚: Անոր կինը` Մարինան, աւելցուցած է, որ Քաթուսեւի խօսքերէն յետոյ ատրպէյճանցիք աւելի զայրացան:
Խ. Ս. Հ. Մ.ի` Պաքուի մէջ գտնուող զինուորական դատախազ Ալեքսանտր Քաթուսեւը 27 Փետրուարին ատրպէյճանական հեռատեսիլէն յայտարարեր էր, որ հինգ օր առաջ Ասկերանի մէջ երկու երիտասարդ սպաննուած է` ընդգծելով վերջիններուս ատրպէյճանական մականունները: Այս լուրը հայերն սպաննելու եւ անոնց ունեցուածքը կողոպտելու պատրաստ ամբոխը աւելի կ’ոգեւորէ:
Փետրուարի վերջին երեք օրերուն Սումկայիթի մէջ կազմակերպուած հայկական ջարդերուն հետեւանքով 29 հայ եւ 6 ատրպէյճանցի կը սպաննուի, մօտ 400 հոգի, գերազանցապէս հայեր, մարմնական տարբեր աստիճանի վնասուածքներ կը ստանան, քաղաքին 18 հազար հայութիւնը փախստական կը դառնայ: Ամենայն հաւանականութեամբ, կասպեան նաւատորմի ծովային հետեւակայիններն ու անկարգելաւորներու գունդին զինուորները սպաննած են վեց ատրպէյճանցիները, երբ զօրքերը գրոհեցին Սումկայիթի օթոպիւսներու կայանին մէջ խմբուած երիտասարդ ջարդարարներուն ուղղութեամբ: Բայց սա արդէն 29 Փետրուարի երեկոյեան էր, երբ հայոց ջարդերը կը վերջանային: Ատրպէյճանցիներուն վրայ այս գրոհը գուցէ կատարուեցաւ սումկայիթեան սպանդին ձեւով մը ազգամիջեան երանգ տալու համար:
Սպանդը նախօրօք ծրագրուած ըլլալու մասին կը վկայեն նաեւ հետեւեալ փաստերը. ջարդարարները միատեսակ մետաղաձողերով զինուած էին, հայոց բնակարաններուն հասցէներն ունէին եւ յատուկ խումբերու բաժնուած էին: Միւս կողմէ, սակայն, ակներեւ է, որ եթէ շարքային ատրպէյճանցիք իրենց տուներուն մէջ չպատսպարէին հայերը, սպաննուածներուն եւ վիրաւորներուն թիւը քանի մը անգամ աւելի կ’ըլլար: Խորհրդային զօրքերը միայն 29 Փետրուարի կէսօրէն յետոյ միջամտութեան եւ զէնքի դիմելու հրաման կը ստանան` ահաբեկուած հազարաւոր հայեր փրկելով կոտորածէն:
28 Փետրուարին, ՙԺամանակ՚ լրատուական ծրագիրը հայկական ջարդերը ՙխուլիկանական գործողութիւններ՚ կ’որակէ: Յաջորդ օրը Կորպաչովը Քաղբիւրոյի նիստին խորհրդային ղեկավար վերնախաւին կը տեղեկացնէ. ՙԵրեւանի փողոցներ կէս միլիոնէն ոչ պակաս մարդ դուրս եկած էր: Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած է բախում ատրպէյճանցիներու եւ հայոց միջեւ, սպաննուած է երկու մարդ: ՙՀայե’ր, դադրեցուցէ’ք հանրահաւաքները, զէ’նք վերցուցէք եւ ճնշեցէ’ք թուրքերը՚ կոչով թռուցիկներ տարածուած են Երեւանի մէջ: Բայց պէտք է ըսեմ, որ երբ Երեւանի փողոցներուն մէջ նոյնիսկ կէս միլիոն հոգի կար, հայոց կազմակերպուածութիւնը բարձր էր, հակախորհրդային որեւէ բան չէ եղած, զանգուածները կը շարժէին մեր` Քաղբիւրոյի անդամներուս դիմանկարներով: Միայն ծայրայեղականները ինքնորոշման կարգախօս կը բարձրացնէին: Բոլոր ելոյթներուն մէջ եղած է Ղարաբաղի` Հայաստանին միաւորելու նիւթը: Հայաստանէն ատրպէյճանցի ընտանիքներու փախուստի փաստեր կան: Քափիթոնովը կը զեկուցէ, որ 55 հոգի, Ռազումովսքին կ’ըսէ` 200 հոգի հեռացած է՚:
Պաշտպանութեան նախարար Տմիթրի Եազովը կ’առաջարկէ Սումկայիթի մէջ ռազմական դրութիւն մտցնել` հիմնաւորելով քաղաքին մէջ կատարուած զարհուրելի տեսարանները. ՙԵրկու կանանց կուրծքերը կտրած են, մէկուն` գլուխը, իսկ աղջնակի մը կաշին հանած են: Ահա’ այսպիսի վայրագութիւն՚:
Խարչենքօն եւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի Պ. Ա. Կ.ի ղեկավարի տեղակալ Ֆիլիփ Պոպքովը Մոսկուայէն ժամանած առաջին պաշտօնեաներն են, որոնք 28 Փետրուարին Պաքուէն հասած են Սումկայիթ եւ սեփական աչքերով տեսած վայրագութիւնները: Խարչենքօն չ’ընդունիր Կորպաչովի արդարացումը, թէ Սումկայիթի մէջ զօրքերն ընդամէնը երեք ժամ ուշացած են: Ամբողջ մէկ օր ուշացած են, որովհետեւ զօրք ղրկելու որոշումը կը սպասէին. ՙԼուսանկարները չեմ ուզեր ցոյց տալ: Ես զանոնք պարզապէս ոչնչացուցի: Բայց սեփական աչքերով եմ տեսած անդամահատուած դիակները. անոնցմէ մէկն ամբողջութեամբ մասնատուած էր կացինով, ձեռքերը, ոտքերը կտրուած էին, մարմինէն գրեթէ բան մը չէր մնացած: Անոնք գետնէն թափուած տերեւները կը հաւաքէին, դիակներուն վրայ կը լեցընէին, մօտերը կանգնած ինքնաշարժներէն պէնզին կը հանէին եւ կ’այրէին: Սոսկալի դիակներ էին՚:
Խորհրդային Միութեան տասնամեակներու պատմութիւնը լեցուն է արիւնոտ դրուագներով, սակայն Սումկայիթի մէջ կատարուածն աննախադէպ էր: Նախ` ջարդերը տեղի կ’ունենային խաղաղ ժամանակներու մէջ: Երկրորդ` ջարդերը ո’չ թէ քաղաքական, այլ` ազգային բնոյթ ունէին, երրորդ` խորհրդային կեդրոնական եւ հանրապետական իշխանութիւնները ո’չ թէ իրենք կը կազմակերպեն սպանդը, ինչպէս մէկ տարի յետոյ եղաւ Թպիլիսիի մէջ, այլ` իրենց անգործութեամբ հնարաւորութիւն կու տան, որ ջարդեր իրականացնէ բանուոր դասակարգը, զոր, Կորպաչովի ակնկալիքով, պէտք է հասարակական կարգուկանոն հաստատողը դառնար:
Քաղբիւրոյի նիստին Կորպաչովը կ’ըսէ.
ՙԳլխաւորը` այժմ անյապաղ պէտք է հասարակական կարգուկանոնը խախտողներուն դէմ գործի լծել բանուոր դասակարգը, մարդիկը: Ատիկա, ըսեմ ձեզի, կը կանգնեցնէ ամէն տեսակ խուլիկաններն ու ծայրայեղականները: Ինչպէս Ալմաթիի մէջ (1986): Ատիկա շատ կարեւոր է: Զինուորականները բարկութիւն կը յառաջացնեն:
Կենտկոմի Կազմակերպական-Կուսակցական Աշխատանքի Բաժինի ղեկավարի տեղակալ Ռազումովը կ’արձագանգէ. ՙԱլմաթիի մէջ ամէն բան բանուոր դասակարգը վճռեց, իրադրութիւնն ուրիշ էր հոն, ամբոխը հիմնականին մէջ ռուս բանուորներու ջոկատները զսպեցին՚:
Եազովը կը զարմանայ. ՙԲայց, Միխայիլ Սերկէեւի’չ, Սումկայիթի մէջ պէտք է մտցնել, եթէ կ’ուզէք, գուցէ բառը այդքան ալ ճիշդ չէ` ռազմական դրութիւն՚:
ՙՊարետային ժամ՚,- կ’առաջարկէ Կորպաչովը:
Բայց Եազովը յամառօրէն կը պահանջէ. ՙՊէտք է զօրքեր մտցնել եւ կարգուկանոն հաստատել՚:
Փխաքածէի վկայութեամբ` Սումկայիթի Կոմկուսի առաջնորդ Ճահանկիր Մուսլիմզատէն 27 Փետրուարին հրապարակին մէջ փոխարինած է Պայրամովան: Ինքզինք կապանցի ներկայացուցած ատրպէյճանցին կրկնած է հայոց դաժանութեանց լուրերը, իբր թէ իր եւ կնոջ ազգականներն սպաննուած են, հանրակացարանին մէջ ատրպէյճանցի աղջիկներ բռնաբարուած են: Յետոյ խօսափողը կը վերցնէ Մուսլիմզատէն եւ կը կրկնէ Պայրամովային. ՙԵղբայրնե’ր, մենք պէտք է ձգենք, որ հայերն ազատ կերպով հեռանան՚:
Ատրպէյճանցի գիտնական եւ քաղաքական գործիչ Զարտուշդ Ալիզատէն կը գրէ, որ 27 Փետրուարին Սումկայիթ գացած էին Պաղիրովն ու վարչապետ Սէիտովը. ՙԱնոնք քաղաքի բնակիչներու եւ փախստականներու հետ հանդիպեցան: Բայց անոնք ի՞նչ կրնային ըսել: Վիրաւորանքի, անպատուութեան ենթարկուած եւ հայրենիքէն դուրս քշուած մարդոց ողբն ու աղաղակը խլացուցին առաջնորդներուն խօսքը: Անոնք դուրս եկան ակումբին յետնամուտքով եւ բառացիօրէն ճողոպրեցան Պաքու՚:
ՙ28 Փետրուարին Մուսլիմզատէն չարաբաստիկ հանրահաւաքին գնաց: Ան ելոյթ ունեցաւ` ըսելով, թէ Ղարաբաղը երբեք Հայաստանին չեն տար, թէ անհանգստանալու հիմքեր չկան, գոյութիւն ունի Խ. Ս. Հ. Մ.ի սահմանադրութեան 78րդ յօդուածը, եւ եթէ զայն խախտեն ու Ղարաբաղը խլելու որոշում կայացնեն` ինքը ցուցարարներու շարքերուն կը միանայ: Տեղւոյն վրայ անոր ձեռքը տուին Ատրպէյճանի դրօշը եւ պահանջեցին ցոյց տալ, թէ ան ժողովուրդին հետ ինչպէս ցոյցի կ’երթայ: Մինակ մնալով` ատրպէյճանական դրօշը ձեռքին եւ շրջապատուած գրգռուած ու աղաղակող մարդոցմով, Մուսլիմզատէն ենթարկուեցաւ ամբոխի կամքին, եւ անոնց տեղէն շարժելուն պէս, ջարդարարներու նախապէս պատրաստուած խումբերը, երկաթեայ ձողերու կտորներ ձեռքերնին, քաղաքին զանազան կողմերը վազելով սկսան կողոպտել հայոց բնակարանները՚,- կը գրէ Ալիզատէն:
Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները սումկայիթեան վայրագութիւնները դատապարտեցին ջարդերէն երեքուկէս ամիս յետոյ. 15 Յունիսին Գերագոյն Խորհուրդը նման որոշում կայացուց փողոց դուրս եկած ցուցարարներուն ճնշման տակ: Մինչ այդ, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը Մարտին տարածեր էր հաղորդագրութիւն, որով ՙխոր ցաւակցութիւն եւ անկեղծ կարեկցանք կը յայտնէր Սումկայիթի մէջ տեղ գտած անկարգութեանց հետեւանքով զոհուածներու ընտանիքներուն, ազգականներուն եւ մերձաւորներուն, ինչպէս նաեւ` բոլոր տուժածներուն՚:
12 Մարտին Մայր Աթոռ կ’այցելեն Կովկասի իսլամներու հոգեւոր առաջնորդ Շէյխ ուլ Իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէին ներկայացուցիչները եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ին կը յանձնեն իրենց կրօնապետին ուղերձը, ուր ցաւ եւ ափսոսանք կը յայտնուէր Սումկայիթի ողբերգութեան կապակցութեամբ:
Ատրպէյճանի Կոմկուսի Սումկայիթի Քաղկոմի լիագումար նիստը, որուն կը մասնակցէր Կենտկոմի առաջին քարտուղար Պաղիրովը, Մարտի կէսերուն Մուսլիմզատէն կ’ազատէ կուսակցութեան Սումկայիթի Քաղկոմի առաջին քարտուղարի պարտականութիւններէն` ՙդրսեւորած քաղաքական անհոգութեան, կազմակերպչական եւ քաղաքական աշխատանքին մէջ թոյլ տուած խոշոր թերութիւններուն եւ ոչ-կուսակցական վարքին համար, որոնք քաղաքին մէջ ողբերգական հետեւանքներու յանգեցուցած են՚:
Միջազգայնական նկատուող Սումկայիթի մէջ սպանդ, բռնութիւններ, բռնաբարութիւններ իրականացնելու եւ ուրիշ մեղադրանքներով, մօտ իննը տասնեակ յանցագործներ խորհրդային տարբեր քաղաքներու դատարաններուն առջեւ կանգնեցան: Անոնցմէ միայն մէկուն նկատմամբ սահմանուեցաւ առաւելագոյն պատժաչափը` մահապատիժ: Խորհրդային արդարադատութիւնն ամէն ինչ կ’ընէր, որպէսզի ոճրագործութիւններուն ազգային երանգը դատավարութեանց ընթացքին չկարեւորուի եւ չշօշափուի: Այդ նպատակին կը ծառայէր նաեւ ջարդարարներէն քանի մը հոգիին ոչ-ատրպէյճանցի ըլլալու պնդումը:
Սումկայիթեան ջարդերէն փրկուած Մայոր Արզումանեան եւ Լարիսա Զախարեան ամուսինները նախ կը հաստատուին Սպիտակի, ապա` Մուղնիի մէջ: Անոնք արմատներով Մարտակերտի Առաջաձոր գիւղէն էին, Սումկայիթի մէջ կը բնակէին 1959էն, երբ քաղաքը նոր կը կառուցուէր: Ընտանիքին համար, սակայն, իրական ողբերգութիւնն աւելի ուշ եկաւ: Անոնց դուստրը` 28ամեայ Մարիէթան, զոհուեցաւ Սպիտակի մէջ` երկրաշարժի ժամանակ` 4ամեայ եւ 5ամեայ որդիները որբ ձգելով: Մարիէթայի ամուսինը` Վալերի Պետրոսեանը, որ նոյնպէս Առաջաձորէն էր եւ հազարաւոր ղարաբաղցիներու հետ հեռացեր ու Պաքու հաստատուեր էր, կը սպաննուի ղարաբաղեան պատերազմին: 1992ի Օգոստոսին ան 12 ուրիշ տղաներու հետ կ’իյնայ շրջափակման մէջ եւ կը զոհուի Մարտակերտի Մաղաւուզ գիւղին մէջ:
Ի՞նչ կատարուած է Կապանի մէջ
Ատրպէյճանական աղբիւրներուն մէջ կան պնդումներ, թէ հայոց ու ատրպէյճանցիներուն բախումները 1988ի փետրուարեան ցոյցերէն առաջ սկսած են: Պատմաբան Արիֆ Եունուսովը հետեւողականօրէն, բայց առանց լուրջ փաստերու, կը պնդէ, թէ Հայաստանէն ատրպէյճանցիներուն արտաքսումը եւ տեղահանումը սկսած է Սումկայիթի ջարդերէն ո’չ թէ ութը ամիս յետոյ, այլ` աւելի առաջ` 1987ի Նոյեմբերին, ապա` 25 Յունուար 1988ին: Եունուսովը եւ զայն բառ առ բառ կրկնող միւս ատրպէյճանցի ու օտար հեղինակները մինչեւ Սումկայիթի սպանդը Հայաստանէն արտաքսուած իբր թէ քանի մը հազար ատրպէյճանցիներէն որեւէ մէկուն խօսքերը չեն մէջբերեր:
Աշոտ Մանուչարեանը ժամանակին փորձած է պարզել` մինչեւ Սումկայիթի ջարդը ատրպէյճանցիներ Կապանէն եւ Մեղրիէն հեռացե՞ր են: ՙԻնչքան ես կրցայ փաստեր հաւաքել, Կապանի մէջ եղած է Իսլամ անունով մսավաճառ մը, որ տեղի ատրպէյճանցիներուն շրջանին մէջ հեղինակութիւն վայելած է, հարուստ եղած է: Պահ մը եկած է, երբ ան սկսած է դրամ բաժնել եւ մարդոց ըսած է, որ օթօպիւսները նստին եւ Ատրպէյճան հեռանան: 1988ին նման բան ընել առանց Պ. Ա. Կ.ին` պարզապէս հնարաւոր չէր: Այդ մարդիկ գացած են Սումկայիթ եւ ըսած, որ իրենք բռնութիւններու ենթարկուած են: Հայաստանի մէջ ատրպէյճանցիներուն նկատմամբ մինչեւ 1988ի Նոյեմբերը բռնութիւն չէ եղած: Երբ Քիրովապատի մէջ 22 Նոյեմբերին ջարդեր տեղի ունեցան` փախստականներուն հոսքը կու գար Քիրովականով, Սպիտակով, եւ այդ հայ փախստականներուն զայրոյթը տեղի ատրպէյճանցիներուն վրայ թափուած էր՚:
Համբարձում Գալստեանը 1993-1994 տարիներու իր յօդուածներէն մէկուն մէջ, աղբիւրներ չնշելով եւ յղումներ չընելով կը գրէ. ՙ15 եւ 25 Փետրուարի միջեւ, տասը օրուան ընթացքին Մեղրիի եւ Կապանի շրջաններէն քանի մը հարիւր ատրպէյճանցիներ կազմակերպուած կերպով Ատրպէյճան գացին: Որքանով թոյլ կու տան դատել մեր ձեռքին տակ եղած աղքատիկ նիւթերը, հանրապետութեան ղեկավարութիւնը ասոնց ճնշող մեծամասնութիւնը տեղաւորեց Սումկայիթ քաղաքին մէջ, եւ ճիշդ ասոնք ալ դարձան հակահայկական վայրագութիւններ հիմնական հրահրողներն ու կատարողները Սումկայիթի մէջ՚:
Ապա Գալստեանը շարք մը հարցադրումներ կ’ընէ. ՙԻ՞նչն էր պատճառը, որ երբ Կապանէն եւ Մեղրիէն եկած կեղծ գաղթականները կը պատմէին Հայաստանի մէջ իրենց նկատմամբ թոյլ տրուած վայրագութեանց, սպանութեանց ու բռնութեանց, մորթուած նորածիններու ու Պալաճարի կայարանին մէջ անդամահատուած դիակներով լեցուն վակոններու մասին, շուրջ 200 հազար բնակիչ ունեցող քաղաքին մէջ չգտնուեցան պատասխանատու անձինք, որոնք մարդոց կարենային փաստերով ապացուցել, որ ՙգաղթականներու՚ պատմածներն իրականութեանը չեն համապատասխաներ՚:
ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի հանգուցեալ անդամը կը պնդէ, որ Հայաստանէն ատրպէյճանցիներու զանգուածային գաղթը 1988ի աշնանն սկսած է եւ ժամանակագրական առումով յաջորդած է Ատրպէյճանի հայաբնակ շրջաններուն մէջ ընթացող հայկական ջարդերուն ու արդէն պետական մակարդակով իրականացուող տեղահանութեան:
Թոմաս տը Վաալը կը գրէ, որ 1987ի Նոյեմբերին Կապանէն Պաքուի երկաթուղային կայարան երկու բեռնատար վակոն հասած է: Շատ քիչ բան յայտնի է այս միջադէպին մասին, մամուլին մէջ բան մը չէ գրուած, բայց կատարուածին ականատեսներ կան: Պաքուցի հայ այրի մը` Սվեթա Փաշաեւան բրիտանացի հետազօտողին պատմեր է, թէ փախստականներն ի՞նչ վիճակի մէջ տեսած է:
ՙՄարդիկ եկան եւ ըսին, որ բոպիկ, մերկ երախաներով երկու վակոն եկած է Կապանէն, եւ մենք գացինք տեսնելու: Անոնք կապանցի ատրպէյճանցիներ էին: Ես կայարանն էի: Երկու բեռնատար վակոն էր: Դուռերը բաց էին` գամուած երկու երկար տախտակներով, որպէսզի մարդիկ վար չիյնային: Ըսին` ո’վ ինչ կրնայ` թող բերէ անոնց օգնելու համար: Ես, ո’չ միայն ես, շատ մարդիկ, երախաներու հին հագուստ, ուրիշ բաներ հաւաքեցինք: Աչքովս տեսած եմ` աղտոտութեան մէջ կորսուած գիւղացիներ էին` երկար մազերով եւ մօրուքներով տարեցներ, երախաներ՚:
ՙԵրկար մազերով եւ մօրուքներով տարեցները, երախաներն՚ ինչո՞ւ արտաքսուած էին Կապանէն, անոնց որդիներն ու հայրերը ո՞ւր էին, իրենց տուներէն դուրս քշուելու պատճառ մը պէ՞տք է ըլլար: Եթէ այո` ապա ո՞րն էր անիկա: Եունուսովն ու որեւէ ուրիշ հետազօտող մը մինչեւ Սումկայիթի սպանդը Հայաստանէն ստիպողաբար հեռացած որեւէ ատրպէյճանցիի չեն հանդիպած, անկէ մէջբերում չեն կատարած կամ վկայութիւն վերցուցած:
Ատրպէյճանցի գիւղացիներ տեսած կամ պարզապէս Կովկասեան Լեռնաշղթայէն հարաւ եղած որեւէ մէկն անմիջապէս կը նկատէ չեղած բանի` ՙփչոցի՚ տարր, զոր կրնայ անցնիլ թերեւս միայն Արեւմուտքի կամ Ռուսիոյ մէջ, բայց երբե’ք Անդրկովկասի մէջ, կը գրէ հետազօտող Արսէն Մելիք-Շահնազարովը:
ՙԽօսքը ՙերկար մազերով եւ մօրուքներով գիւղացի տղամարդոց՚ մասին է: Ատրպէյճանցի տղամարդիկ, յատկապէս` գիւղաբնակները, ՙերկար մօրուք՚, աւելին` ՙերկար մազեր՚ երբեք չեն կրած. անոնք մազերը կարճ կը կտրէին եւ գրեթէ բոլորը պեխեր ունէին: Անոնց համար` պեխեր ունենալը արիութեան խորհրդանիշ էր միշտ, մինչդեռ տղամարդու համար երկար մազերը որոշ չափով անպարկեշտ, ամօթալի կը նկատուէին՚:
Ժորա Մկրտչեանը մինչեւ 1992ը եղած է Կապանի երկաթուղային կայարանի պետը, սակայն Սումկայիթէն առաջ տեղահանուած մէկ ատրպէյճանցի չի յիշէր: ՙՋարդէն յետոյ միայն, երբ խառնաշփոթութիւն ինկաւ, ատրպէյճանցիք տեղափոխուիլ սկսան: Անոնք դիմում կը գրէին, ես ալ Նախիջեւան` վերադասին կը հեռաձայնէի, թոյլտուութիւն կը վերցնէի. ով վակոն կ’ուզէր` վակոն կու տայինք, ով քոնթէյնըր` քոնթէյնըր կու տայինք, բեռերը կը բարձէին, տոմս կը գնէին, կը հեռանային: Անոնք Կապան-Պաքու գնացքով կ’երթային: Շատերն ալ ինքնաշարժներով կ’երթային՚:
Կապանի Շրջկոմի երկրորդ քարտուղար Արամայիս Պապայեանը կ’ըսէ, որ 1987ի Սեպտեմբերին տեղացի ատրպէյճանցիներու շրջանին մէջ տարածուած է խօսակցութիւն, որ Ատրպէյճանի մէջ նոր քաղաք մը կը կառուցուի եւ աշխատոյժ կը պահանջուի: ՙԱյդ ժամանակ` Կապանի շրջանէն ատրպէյճանցիներու խումբ մը գացած է: Տեղւոյն վրայ պարզուած է, որ հոն քաղաք չի կառուցուիր, մնալու հնարաւորութիւններ չկան, եւ գացածներուն մէկ մասը նորէն ետ եկած է: Այդ ժամանակ ընտանիքներով գացողներ չեն եղած՚,- կ’ըսէ Պապայեանը:
Ըստ ուրիշ տեղեկութիւններու` Սիսիանի, Կապանի եւ Մեղրիի շրջաններէն մօտ 200 ատրպէյճանցիներ 1987ի աշնանը քանի մը ամիսով Ափշերոն տեղափոխուած են: Պաքուի իշխանութիւնները դիմած են ինչպէս Ատրպէյճանի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ բնակող ազգակիցներուն` առաջարկելով արտօնեալ պայմաններով աշխատիլ Ափշերոնի մէջ ստեղծուող խորհրդային եւ համայնական տնտեսութիւններուն մէջ:
Գրիգոր Յարութիւնեանը Մեղրիի Շրջխորհուրդի Գործկոմի նախագահը, այսինքն` շրջանին երկրորդ դէմքը եղած է 1987-1990ին: Ան կը պնդէ, որ միայն Սումկայիթի դէպքերէն յետոյ է, որ ատրպէյճանցիք ընտանիքներով սկսած են շրջանէն հեռանալ: Յարութիւնեանը կը նշէ, որ 1980ին,1985ին, ատկէ առաջ եւ յետոյ ատրպէյճանցի երիտասարդները Պաքու կ’երթային ուսանելու համար եւ անոնց մէկ մասը չէր վերադառնար, ինչպէս որ Ատրպէյճանի տարբեր բնակավայրերէն Երեւանի մէջ ուսանող հայերը Հայաստան կը մնային: Յարութիւնեանը կը բացառէ, որ 1987ին Մեղրիի շրջանէն ատրպէյճանցիք ընտանիքներով հեռանային եւ ինքն այդ մասին տեղեակ չ’ըլլար:
ՙՍումկայիթէն յետոյ Մեղրիէն եւ Քաջարանէն որոշ ատրպէյճանցիներ երկիւղէն դրացի Նախիջեւան եւ Զանկելանի շրջան գացին, բայց վերադարձան: Որոշ ժամանակ յետոյ անոնք սկսան բնակարանները փոխանակել: Գործընթացն արդէն սկսած էր. ո’չ ատրպէյճանցիք կ’ուզէին Հայաստան մնալ, ո’չ ալ հայերը` Ատրպէյճան: Մեղրիի շրջանին մէջ որեւէ ատրպէյճանցիի քիթը չէ արիւնած, իսկ Նիւվատին եղած է Հայաստանի տարածքի վերջին ատրպէյճանական գիւղը, ուրկէ ատրպէյճանցիք հեռացած են: Գիւղը ռուսական զօրքերը եւ ատրպէյճանական ոստիկանական ոյժերը կը պաշտպանէին՚,- կ’ըսէ Յարութիւնեանը:
Եունուսովը կը պնդէ, թէ մինչեւ Սումկայիթը, ատրպէյճանցիք Կապանէն արտաքսուած են նաեւ օթօպիւսներով: 25 Յունուար 1988ին ան փախստականներով լեցուն կարմիր չորս ՙԻքարուս՚ տեսած է կառավարութեան շէնքին քովը, աշխատանքի երթալու ճամբուն վրայ. ՙԱնոնք սարսափելի վիճակի մէջ էին: Հիմնականին մէջ կանայք, երախաներ ու ծերեր էին: Քանի մը երիտասարդներ կային: Անոնցմէ շատերը ծեծուած էին, անոնք կը գոռային՚:
Հայկական մամուլին տուած հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ Եունուսովը նշած է 1988ի Յունուարին Հայաստանէն ստիպողաբար հեռացած ատրպէյճանցիներուն ստոյգ թիւը. ՙԵս առաջին անգամ Կապանէն փախստականներու հանդիպած եմ Սումկայիթէն առաջ: 400 հոգի փախած էր, անոնք ծեծուած էին՚:
Կրկին նոյն հարցը` ինչպէ՞ս պատահած է, որ Կապանէն եւ Մեղրիէն հիմնականին մէջ երախաները, ծերերը եւ կանայք արտաքսուած են: Իսկ ո՞ւր էին տղամարդիկ` ընտանիքի հայրերը: Ինչպէ՞ս 400 հոգին կրնար տեղաւորուիլ 4 օթօպիւսներու մէջ: 1988-1990ի ընթացքին Կապանի եւ Մեղրիի շրջաններուն մէջ որեւէ ատրպէյճանցի չէ սպաննուած, ատրպէյճանցիներուն նկատմամբ ամենահանդուրժողական վերաբերմունքը եղած է նոյն ինքն Կապանի եւ Մեղրիի մէջ:
Կապանի մէջ առաջին խոշոր հանրահաւաքը տեղի ունեցած է 22 Փետրուար 1988ին` քաղաքային մարզադաշտին մէջ: Մինչ այդ` փոքր հանրահաւաքներ տեղի ունեցած էին տարբեր հրապարակներու մէջ, քաղաքով անցած էին ուսանողական խումբերը` ՙՂա’-րա’-բա’ղ, մի’-ա’-ցո’ւմ՚ բացականչութիւններով: ՙՄարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքէն յետոյ, ատրպէյճանցիներուն մօտ երկիւղ կը զգացուէր: Յաջորդ առտու, այսինքն` 23 Փետրուարին, երբ աշխատանքի եկանք, մեզի հեռաձայնեցին Պաքուէն եւ հարցուցին, թէ ձեր քաղաքացիներն Ատրպէյճանի տարածքին ի՞նչ գործ ունին: Խօսակցութենէն պարզուեցաւ, որ այդ նոյն գիշերը 276 ատրպէյճանցիներ Կապան-Պաքու գնացքով քաղաքէն գացած են: Հաւանաբար Մոսկուայի ցուցումով, զանոնք կանգնեցուցած են կէս ճամբան` Աղճապատիի տարածքին եւ պահանջած իրենց տուները վերադառնալ՚,- կ’ըսէ Պապայեանը:
Կապանի եւ Զանկելանի շրջաններուն կուսակցական ղեկավարութիւնը կը պայմանաւորուի սահմանագլխին հանդիպիլ: Պապայեանը կը յիշէ. ՙԵրբ տեղ հասանք` ժողովուրդ չկար: Ըսին, որ ժողովուրդը մեզ կը սպասէ Զանկելանի մէջ, ինծի առաջարկեցին իրենց ինքնաշարժը նստիլ, քանի որ մեր ինքնաշարժով երթալը վտանգաւոր էր, որովհետեւ, անոնց ըսածով, Ռազ-Տարա գիւղին մէջ երիտասարդութիւնը հաւաքուած է` զինուած հրացաններով, քարերով ու մահակներով: Անոնց ինքնաշարժին մէջ տեղաւորուեցայ: Հասանք Զանկելան: Երբ հարցուցի, թէ ո՞ւր է ժողովուրդը, պատասխանեցին, որ նոր ցրուած են: Այդ օրն իմ հանդիպած կապանցի միակ ատրպէյճանցին Մասնագիտական Արհեստագիտական Ուսումնարանի նախկին վարպետն էր: Այդ օրը չյաջողուեցաւ որեւէ մէկ ատրպէյճանցի Կապան վերադարձնել՚:
Յաջորդ օրը Պապայեանը, Շրջկոմի առաջին քարտուղար Ռոլանտ Ղոնեանը, ուրիշ ղեկավարներ, կրկին սահման կ’երթան` իրենց հետ օթօպիւսներ տանելով: Զանկելանի շրջանին ղեկավարութիւնը խոստացած էր Կապանը լքած ատրպէյճանցիները սահման հասցնել: ՙԱյս անգամ ատրպէյճանցիները բան մը կազմակերպած էին, մարդիկը օթօպիւսներով հասցուցած էին մինչեւ սահման, ուրկէ ալ մեր երեք ՙԼԱԶ՚ օթօպիւսներով – երկուքը` լեցուն, մէկը` կիսադատարկ – զանոնք Կապան բերինք: Անոնց մէջ բոլորը չէ, որ Կապանի բնակիչներ էին. գինով, քրէածին տարրեր ալ կային: Նոյն ինքն ասոնք ալ անհանգիստ վիճակ ստեղծելու առաջին փորձն ըրին, բայց ի պատիւ Կապանի իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներուն, ամենամտերիմ ձեւերով շրջապատեցին զանոնք, հանգստացուցին: Անոնց հետ եկան նաեւ Զանկելանի շրջանի իրաւապահ մարմիններու աշխատողներ, ծանօթացան իրավիճակին, համոզուեցան, որ իրենց ստացած տեղեկութիւնը ճիշդ չէ, Կապանի մէջ որեւէ ատրպէյճանցի չէ վիրաւորուած, որեւէ մէկը չեն ծեծած, եւ ատիկա սադրանք է՚,- կ’ըսէ Պապայեանը:
Կապանի մէջ տեղի ունեցածին արձագանգը շատ արագօրէն Քրեմլին կը հասնի: Մոսկուայէն ժամանած ներկայացուցիչներն ատրպէյճանցիներուն համար ընդունելութիւն կը կազմակերպեն: Կեդրոնական Կոմիտէի Ազգամիջեան Յարաբերութիւններու Ենթաբաժինէն Սլոպոտնեուք մականունով պաշտօնեան Կապան կը ժամանէ, շրջանի ղեկավարութեան հետ խորհրդակցութեան ընթացքին  ատրպէյճանցիները կը հրաւիրեն եւ զանոնք կը լսեն:
Պապայեանը մեզի տրամադրեց Պաքու-Կապան-Պաքու մարդատար գնացքի (թիւ 672-671) այն ատրպէյճանցի ուղեւորներուն ցուցակը, որոնք 22 Փետրուարին դուրս եկած են Կապանէն եւ շրջակայ գիւղերէն: Ատրպէյճանական կողմի կազմած եւ Կապանի շրջանի ղեկավարութեանը ներկայացուցած այս ցուցակին մէջ 276 մարդու անուն ներառուած է: Պապայեանը մեզի տրամադրեց ցուցակ մըն ալ, որուն մէջ գիւղ առ գիւղ նշուած է, թէ Կապանի շրջանէն 24էն 29 Փետրուարն ինկած հինգ օրերուն ընթացքին քանի՞ ատրպէյճանցի հեռացած է: Ըստ այդ ցուցակի, որ կրնայ սխալներ ալ ունենալ, հեռացած ատրպէյճանցիներուն թիւը 97 է: Այս թիւին մէջ չեն մտներ 276-ը` Փետրուարի 22ի երեկոյեան գնացքով հեռացածները, որոնց մէկ մասը` մօտ 100 հոգի, կրկին վերադարձեր էր Կապան:
Ֆատէյ Սարգսեանն իր յուշերուն մէջ կը գրէ Քաղբիւրոյի 10 Մարտ 1988ին տեղի ունեցած նիստի մասին, որուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջին երեք դէմքերը կը մասնակցէին. ՙՊաղիրովը զեկուցեց, որ իրենք մեծ աշխատանք կը տանին իրադրութիւնը բնականոն դարձնելու համար, բայց երեւոյթի մը` փախստականներուն կը բախին: Ըսաւ, որ արդէն 3000 փախստական ունին, որոնք հաւասարակշռութիւնը ա’լ աւելի խախտեցին: Ան իրենց թոյլ օղակը նկատեց Սումկայիթը, ուր շատ են քրէականները՚:
Տէմիրճեանը – որուն յարաբերութիւնները լարուած էին Կորպաչովի հետ – կ’առարկէ ասոր եւ իր ատրպէյճանցի գործընկերոջ այն պնդումներուն, թէ երեւանեան ցոյցերու մասնակիցներու շարքերուն մէջ քիչ չեն քրէական տարրերը: ՙՀայաստանէն ընդամէնը 500 ատրպէյճանցի գացեր է, մի՞թէ ասիկա բան մը չ’ըսէր՚,- Տէմիրճեանի խօսքերը կը մէջբերէ նիստին մասնակից Ֆատէյ Սարգսեանը:
Մինչեւ 10 Մարտը, երբ տեղի ունեցաւ Քաղբիւրոյի նիստը, Տէմիրճեանի նշած 500 թիւը տրամաբանական կը թուի: Սումկայիթին յաջորդած տասը օրերուն ընթացքին հնարաւոր է քանի մը հարիւր ատրպէյճանցիներու հեռանալը Հայաստանէն: 29 Փետրուարին Տէմիրճեանն իր հեռատեսիլային ելոյթին մէջ Հայաստանէն հեռացած ատրպէյճանցիներուն յորդորած էր տուն վերադառնալ:
Յ. Գ.
Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր


ՀԱՅԱԶԴ կայք Նմանատիպ Լուրեր
1908,երիտթուրքական-հեղափոխություն,արևմտահայություն,բազմահազարանոց-ցույցեր,հայությունը-երիտթուրքերի-ցույցերում,ազատություն-հավասարություն-եղբայրություն , Հայությունը՝ Երիտթուրքերի ցույցերում
Հայությունը՝ Երիտթուրքերի ցույցերում
1908 թվականի Երիտթուրքական հեղափոխության օրերին արևմտահայությունը մասնակցում էր բազմահազարանոց ցույցերին «ազատություն, հավասարություն, եղբայրություն» կարգախոսներով:
1919-1920,հայաստան,երևան,բաթումի,բաթումի-նավահանգիստ,թուրք-թաթար-թալանչիներ,բրիտանացի-զինվորների-վերահսկողության-տակ-գտնվող-զր,ամերիկյան-և-բրիտանական-մարդասիրական-օգնություն,բաթում-երևան-կյանքի-երկաթգիծը , 1919-1920 թթ. Բաթում-Երևան «Կյանքի երկաթգիծը»
1919-1920 թթ. Բաթում-Երևան «Կյանքի երկաթգիծը»
«Ազատության պաշտպան» զրահագնացքի բրիտանական զինվորական անձնակազմը, Երևան, 1920 թ.
ամն,թուրքիայի-դաշնակից-ամն,եվրոպական-մեծ-տերություններ,թուրքիա,խորհրդային-միություն,հայոց-ցեղասպանություն,երկրորդ-աշխարհամարտ,հայկական-հարց,արևմտյան-հայաստանի-վերադարձի-ծրագիր,վահրամ-հովյան , Թուրքիայի դաշնակից ԱՄՆ-ն տապալում է Արևմտյան Հայաստանի վերադարձի ծրագիրը
Թուրքիայի դաշնակից ԱՄՆ-ն տապալում է Արևմտյան Հայաստանի վերադարձի ծրագիրը
Եվրոպական մեծ տերությունները և Թուրքիայի դաշնակից ԱՄՆ-ն տապալում են Արևմտյան Հայաստանի վերադարձի ծրագիրը։ ԱՄՆ-ի ու Թուրքիայի հարաբերություններում կային որոշակի կնճիռներ։ Այդ համատեքստում 2021-ին ԱՄՆ-ն ճանաչեց Հայոց ցեղասպանությունը, թեև գործնականում մեծ հաշվով դա ոչինչ չի տալիս Հայկական հարցին։
հայ-ադրբեջանական,կոնֆերանս․,բաքու,1919-ի,դեկտեմբերի,14 , Հայ-ադրբեջանական կոնֆերանս․ Բաքու, 1919-ի դեկտեմբերի 14
Հայ-ադրբեջանական կոնֆերանս․ Բաքու, 1919-ի դեկտեմբերի 14
Ադրբեջանի կողմից հայ-ադրբեջանական կոնֆերանսին կմասնակցեն Ֆաթալի Խան Խոյսկին, Մամեդ Հասան Հաջինսկին և Մամեդ Ռզա Վեքիլովը։
հայերը,թուրքիան,ռուսաստանը,եւ,արեւմուտքը.,հայացք,1891,թվականից , Հայերը, Թուրքիան, Ռուսաստանը եւ Արեւմուտքը. հայացք 1891 թվականից
Հայերը, Թուրքիան, Ռուսաստանը եւ Արեւմուտքը. հայացք 1891 թվականից
Ներկայացնում ենք 1891 թվականի ապրիլին ամերիկյան The Atlantic Monthly ամսագրում հրապարակված Սեմյուել Գրին Ուիլեր Բենջամինի The Armenians and the Porte հոդվածի հայերեն թարգմանությունը:
ալեքսանդր-սոլժենիցինի-նոբելյան-պատմությունը,գրականության-նոբելյան-մրցանակ,շվեդիա,խսհմ,խսհմ-գերագույն-խորհուրդ,ստալինյան-ճամբարներ,հայրենիքից-բռնի-աքսոր,ռուս-ականավոր-մտածող-և-գրող,ալեքսանդր-սոլժենիցին , Ալեքսանդր Սոլժենիցինի նոբելյան պատմությունը
Ալեքսանդր Սոլժենիցինի նոբելյան պատմությունը
Խորհրդային Միությունում Սոլժենիցինին Նոբելյան մրցանակ շնորհելը ռումբի պայթյունի էֆեկտ ունեցավ։ Շատերն անկեղծորեն ուրախացան ռուս վառ և ազնիվ գրողի համաշխարհային ճանաչման համար: Սակայն իշխանությունները և պաշտոնական գրական հանրությունը թշնամաբար են ընդունել Շվեդիայի ակադեմիայի որոշումը։ ԽՄԿԿ Կենտկոմը Նոբելյան մրցանակակրին վարկաբեկելու մի ամբողջ ծրագիր էր մշակել։

<< Հայազդ>> կայքում արտահայտված որոշ կարծիքները պարտադիր չէ, որ համընկնեն կայքի խմբագրության տեսակետի հետ: