Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կը բեմադրուի Կոմիտաս վարդապետի կեանքին նուիրուած «Եօլճու» թատրոնը, որը կը պատմէ Կոմիտասի կենսագրութիւնը Քութահիայէն մինչեւ Փարիզ։ Սոյն ներկայացումը Պոլսոյ մէջ 32 անգամ բեմադրուած է, Կոմիտասի կերպարը կը ներկայացնէ ազգութեամբ թուրք դերասան Ֆեհմի Քարաասլան, ֆրանսերէն լեզուով։ Ներկայացման կ՛ուղեկցի 1929 թուականին հիմնադրուած Պոլսոյ «Լուսաւորիչ» հայկական երգչախումբը։ 30 հոգիէ բաղկացած երգչախումբը կը ներկայացնէ Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւնները ։
Այս մէկը տարբերուող համերգ է երգչախումբին համար , քանի որ կը զուգակցի թատրոնին հետ։ Ինչպէս նշեց մեր հիւրը խմբավար՝ Յակոբ Մամիկոնեան։
Պոլսոյ այլ դպրաց դասերու շարքէն մասնաւորապէս կրնանք յիշատակել Թաքսիմի Ս․ Յարութիւն եկեղեցւոյ «Լուսաւորիչը», որը դպրաց դասու լաւագոյն խումբերէն է։ Երկարամեայ գործունէութիւնը առիթ դարձած է , որպէսզի նորահաս սերունդը , երիտասարդները եւ երէցները բարձրորակ երգեցողութեամբ կատարեն հայկական հոգեւոր եւ այլ երգեր։
«Ամէն անգամ որ սուրբ Պատարագի ներկայ կը գտնուիմ ու կը վերանամ մեր երգչախումբերէն մէկուն կամ միւսին երգեցողութիւնը լսելով․ կը մտածեմ․ ի՜նչ հրաշք է այս։ Ի՜նչ հրաշք է, որ մեր եկեղեցիներէն ներս տակաւին կը հնչէ սրբազան երգեցողութիւն»,-ըսած է հրապարակագիր, գրող՝ Ռոպէր Հատտէճեան։
Երախտաշատ ու հեղինակաւոր խմբավար՝ Յակոբ Մամիկոնեան իսկապէս նոյնացած է իր խումբին հետ՝ երկարամեայ բեղուն վաստակով, անփոխարինելի դեր կը կատարէ պոլսահայ կեանքին մէջ։ Ան երաժշտութիւն կը դասաւանդէ համայնքային զանազան վարժարաններու մէջ․
«Մասնաւորապէս Պոլսոյ Կեդրոնական եւ Էսայեան վարժարանի աշակերտները հաւաքելով՝ կազմը աւելի երիտասարդ տարիքի փոխանցուած է, իսկ յայտագիրը հայ դասական , ժողովրդական երգացանկով երգչախումբի կազմը թէ զօրացուցած ենք, թէ փորձառութիւն շահած ենք», կ՛ըսէ խմբավարը ։ Ան երաժշտութեան ուսուցիչ մը ըլլալուն՝ դպրոցները աղբիւր եղած են աշակերտ գտնելու առումով։
Այս միջոցառումը Հայաստանի մէջ իրականութիւն դարձաւ Հրանդ Տինք անուան հիմնարկին կողմէ։ «Այս ծրագիրը Եւրոպական Միութեան աջակցած ծրագիրներուն մաս կը կազմէ, նպատակն է՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման կարելիութիւնը մշակոյթի ճամբով », մատնանշեց Հրանդ Տինք հիմնարկի Հայաստան- Թուրքիա ծրագրի համակարգող՝ Թալին Ալթուն Սիւզմէ ։
Մշակոյթը պարիսպներ չի ճանչնար ժողովուրդներու միջեւ։ Ըստ մեր հիւրին` խումբը նպատակ ունի հասնելու ուրիշ հայաշատ վայրեր , նոյնիսկ մինչեւ Եւրոպա եւ Ամերիկա։
31 08 2022
Աղբյուր՝ armradio.am