ՀԱՅԱԶԴ կայք
ՀԱՅԱԶԴ կայք
Մեղրիի տարբերակը, Սարգսեան-Տէմիրճեան դաշինքը, Ահաբեկչութեան տարին. 1999թ

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն.

1999ի գարնանը Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ, ուսանողներէն մէկուն հարցումին, թէ պաշտպանութեան նախարարը որքա՞ն է պաշտպանուած, Վազգէն Սարգսեանը պատասխանած էր. ՙԵթէ պաշտպանութեան նախարարն ալ իր պաշտպանութեան մասին պիտի մտածէ` այդպիսի նախարարն ալ որո՞ւն պէտք է: Ոեւէ բանէ չեմ վախնար, ինծի որեւէ բան չի սպառնար: Ես ներքին թշնամիներ չունիմ, ինծի համար միայն արտաքին թշնամի կայ՚:
Ազգային Ժողով-կառավարութիւն հարցուպատասխանի օրը համայնավար պատգամաւոր Ֆրունզէ Խառատեանը ելեւմտից նախարար Լեւոն Պարխուտարեանէն կը փորձէր ՙ250 միլիոն տոլարի վարկի՚ ճակատագիրը ճշդել: Վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը տեղէն ծիծաղով կը միջամտէ, իսկ Պարխուտարեանը կը ճշդէ` խօսքը 250 հազար տոլար դրամաշնորհի մասին է: Ահա’ այդ պահին` 27 Հոկտեմբեր 1999ի ժամը 17:15ի սահմաններուն, խորհրդարանի դահլիճ կը ներխուժէ բաց գորշաւուն երկար անձրեւանոցով Նայիրի Յունանեանը եւ միւս ահաբեկիչներուն հետ ՙՔալաշնիքով՚ ինքնաձիգներէն կրակ կը բանայ վարչապետ Սարգսեանի եւ առաջին շարքը նստածներուն ուղղութեամբ:
Աննախադէպ սպանդէն յետոյ, ահաբեկիչները խորհրդարանին յատակը կը պառկեցնեն ողջ եւ արնաշաղախ նախարարներն ու պատգամաւորները: Ապա Յունանեանը Ազգային Ժողովի ամպիոն կը բարձրանայ, սպաննուածներու հասցէին ստորագոյն հայհոյանքներ կը թափէ ու կրակահերթերը կը շարունակէ:
29-31 Հոկտեմբերը համազգային սգոյ օրեր էին, երկրին մէջ եւ դուրսը` դիւանագիտական ներկայացուցչութեանց մէջ խոնարհած էին պետական դրօշները: Հայաստանի ներքաղաքական դաշտը երկվայրկեաններու ընթացքին ամայացաւ: Նաիրի եւ Կարէն Յունանեան եղբայրները գլխատեցին կառավարութեան եւ Ազգային Ժողովին ղեկավարութիւնը. սպաննուեցան Ազգային Ժողովի նախագահ Կարէն Տէմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, Ազգային Ժողովի փոխնախագահներ Եուրի Բախշեանն ու Ռուբէն Միրոյեանը, նախարար Լէոնարտ Պետրոսեանը, պատգամաւորներ Հենրիկ Աբրահամեանը, Արմենակ Արմենակեանը եւ Միքայէլ Քոթանեանը:
Նախագահ Քոչարեանը, որ 27 Հոկտեմբերին եւ յաջորդող քանի մը ամիսներուն իր նախագահութեան տասնամեայ շրջանին ամենադժուար օրերը պէտք է տանէր, կը յայտարարէ. ՙՀայաստանի Ազգային Ժողովի շէնքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները մեզ կը ստիպեն համախմբուելու` յաղթահարելու համար ողջ ժողովուրդին համար այս ծանր փորձութիւնը: Ես խորապէս կը ցաւակցիմ զոհուածներու` իմ զինակիցներու, գործընկերներու, ընկերներու ընտանիքներուն եւ մերձաւորներուն: Կը վստահեցնեմ, որ իշխանութիւնները իրադրութիւնը կը վերահսկեն՚: Աւելի ուշ` 21 Դեկտեմբերին, նախագահ Քոչարեանը կու տայ ողբերգութեան իր արժեւորումը. ՙԸստ էութեան, ահաբեկչութեան միջոցով յեղաշրջման փորձ կատարուած է՚:
Աննախադէպ ոճիրին յաջորդ օրը Հայաստանի առաջին նախագահը կը խախտէ մէկուկէս տարուայ լռութիւնը: Տէր Պետրոսեանի գրաւոր յայտարարութեան մէջ կ’ըսուէր. ՙԿիսելով տեղի ունեցած ողբերգութեան առթիւ մեր ժողովուրդին ապրած խոր ցաւն ու արդարացի վրդովմունքը` կ’ուզէի բայցեւայնպէս շեշտել ներկայ իրավիճակի վերահսկելիութեան կարեւորութիւնը՚:
ՙՉեմ կասկածիր, որ իշխանութիւնները հնարաւոր ամէն ինչ կ’ընեն հանրապետութեան մէջ լիակատար կարգուկանոն եւ հասարակական անդորր ապահովելու ուղղութեամբ: Չեմ կասկածիր նաեւ, որ հասարակութեան բոլոր շերտերը, մտաւորականութիւնը, քաղաքական գործիչներն ու լրագրողները կը գիտակցին, որ հապշտապ մեկնաբանութեանց ու աւելորդ գնահատականներու պահը չէ այսօր: Դրութիւնը հասարակական բոլոր ոյժերէն եւ կառավարման բոլոր մարմիններէն կը պահանջէ մէկ մարդու նման համախմբուիլ հանրապետութեան նախագահին շուրջ եւ կատարեալ համերաշխութեամբ ու արժանապատուութեամբ դիմագրաւել մեր պետութեան առջեւ նետուած մարտահրաւէրը՚:
2007ի Հոկտեմբերին Ազատութեան հրապարակը հաւաքուած հազարաւոր քաղաքացիներուն առաջին նախագահը կը բացատրէր, թէ ինչո՞ւ է ոճրագործութեան յաջորդ օրը հրապարակաւ իր աջակցութիւնը յայտնած գործող նախագահին. ՙՔոչարեանը հեռաձայնեց ինծի եւ շնորհակալութիւն յայտնեց: Ատիկա իշխանափոխութենէն յետոյ իմ եւ Քոչարեանի առաջին ու վերջին խօսակցութիւնն էր: Այդ պահուն մտահոգութիւնս ո’չ թէ նախագահի դիրքին ամրապնդումն էր, այլ` քաոսէն խուսափելու եւ Ատրպէյճանի յարձակողական հաւանական նկրտումները կանխելու անհրաժեշտութիւնը՚:
Տէր Պետրոսեանն իր ելոյթին մէջ հայ ժողովուրդի բազմահազարամեայ պատմութեան մէջ 27 Հոկտեմբերը յիշեցնող երեք նախադէպ յիշատակեց:
ՙ705 թուականին Նախճաւան քաղաքի եւ մօտակայ Խրամ աւանի եկեղեցիներուն մէջ արաբները ողջակիզեցին հայ նախարարներու ողջ աւագանին: 24 Ապրիլ 1915ին երիտթուրքերը գլխատեցին արեւմտահայ քաղաքական եւ մտաւորական ընտրանին: 1930ական թուականներուն Սթալինը ոչնչացուց Հայաստանի ղեկավարութեան եւ մտաւորականութեան ամենակարկառուն դէմքերը: 27 Հոկտեմբերի սպանդը վերոյիշեալ եղեռնագործութիւններէն արմատապէս կը տարբերի անով, որ իրականացած է ո’չ թէ օտարներու, այլ` հայոց իսկ ձեռքով՚:
Ահաբեկչութենէն մէկ շաբաթ յետոյ Վազգէն Սարգսեանի եղբայրը` Արամ Սարգսեանը վարչապետ նշանակուեցաւ, ինչն իրավիճակային, բայց ճշգրիտ նշանակում էր:
Ոճիրի իրականացմանն որո՞նք օժանդակած էին: Կը խօսուէր ինչպէս արտաքին, այնպէս ալ` ներքին ոյժերու հաւանական ներգրաւուածութենէն, բազմաթիւ վարկածներ կը շրջանառուէին: Դատավարութիւնը չկրցաւ պարզել, թէ ահաբեկիչներուն ետին որո՞նք կանգնած են:
Վարկածներէն մէկը կը կապուէր ղարաբաղեան կարգաւորման, մասնաւորապէս տարածքներու փոխանակման ՙՄեղրիի տարբերակ՚ին հետ: Ընդ որուն, մամուլին եւ դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ տեսակէտ կար, թէ այդ տարբերակին դէմ էին ոճրագործութեան զոհ գացած Սարգսեանն ու Տէմիրճեանը: Անոնց ազգականներն ալ այդ կարծիքին են:
Սարգսեան-Տէմիրճեան դաշինքը
30 Մարտ 1999ին Ժողովրդական եւ Հանրապետական կուսակցութեանց միջեւ ձեւաւորուեցաւ ՙՄիասնութիւն՚ դաշինքը: Սարգսեանն ոյժի եւ անպարտելիութեան, Տէմիրճեանը` իմաստութեան, փորձառութեան եւ խորհրդային լաւ, բարի ժամանակներուն մարմնաւորումն էին: Պաշտպանութեան նախարարը, որ մէկ տարի առաջ վճռական դերակատարութիւն ունեցած էր Տէր Պետրոսեանը պաշտօնանկ ընելու գործին մէջ, իսկ նախագահական արտահերթ ընտրութեան պաշտպանած էր Քոչարեանը Տէմիրճեանի դէմ, վերջինիս հետ ուժեղ դաշինք ստեղծեց:
Սարգսեանը յանիրաւի ուռճացուած կ’որակէր քաղաքական հոլովոյթներուն մէջ իրեն վերագրուող դերակատարութիւնը. ՙԹէ’ Տէր Պետրոսեանի եւ թէ’ Քոչարեանի օրօք տնտեսական քաղաքականութեան չեմ մասնակցած: Չեմ մասնակցած քատրային քաղաքականութեան` եթէ զիս մասնակից չեն դարձուցած ատոր: Աշխատած եմ 7 վարչապետներու հետ եւ ո’չ մէկուն հետ անձնական խնդիր ունեցած՚:
Քոչարեանի եւ իր յարաբերութեանց մասին Սարգսեանը կ’ըսէր. ՙՄենք մտերիմ ընկերներ ենք, մարտական ընկերներ ենք, կապուած ենք նաեւ ճակատագիրով: Ես երբեք Քոչարեանի դէմ դուրս չեմ գար, ձեր յոյսը կտրեցէ’ք: Մենք նաեւ ապացուցելիք բան մը ունինք: Տէր Պետրոսեանը, հեռանալով, մեր վրայ մեծ պատասխանատուութիւն ձգած է: Մենք համոզուած ենք, որ ճիշդը մենք էինք, բայց դեռ ձեզի եւ ժողովուրդին ալ պիտի ապացուցենք, որ ճիշդը մենք ենք՚:
Տէր Պետրոսեանի եւ իր յարաբերութեանց մասին Վ. Սարգսեանը կ’ըսէ. ՙՅարգած, գնահատած եմ Տէր Պետրոսեանը եւ կը յարգեմ: Իմաստուն եւ բարոյական մարդ ու գործիչ է: Տէր Պետրոսեանը հեռացաւ` իր հետ տանելով իր համոզումները` դաշտը մեզի ձգելով: Եթէ Տէր Պետրոսեանն ի’նքը որոշէր չհեռանալ` ո’չ ոք կրնար զայն հեռացնել: Եթէ ան զիս հեռացնէր` պիտի հեռանայի: Բայց այդ պարագային պատասխանատուութիւնն իր վրայ կը մնար: Հիմա ինքը հեռացաւ, պատասխանատուութիւնը մեր վրայ ձգած է: Այստեղ պատասխանատուութեա’ն, ո’չ թէ մէկս միւսը հեռացնելու խնդիր կայ: Ես Տէր Պետրոսեանին դէմ դուրս չեմ եկած, ես գաղափա’րը պաշտպանած եմ: Մեր հակասութիւնը Արցախի խնդիրին շուրջ եղած է: Ես չեմ ուզեր նախագահ դառնալ: Ես չեմ ուզեր Ազգային Ժողովի նախագահ դառնալ: Ես չեմ ուզեր վարչապետ դառնալ: Ես կ’ուզեմ պաշտպանութեան նախարար մնալ՚:
30 Մայիս 1999ին կայացած խորհրդարանական ընտրութեան յաղթեց ՙՄիասնութիւն՚ը` ստանալով քուէներուն մօտ 42 տոկոսը: 10 Յունիսին Ազգային Ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Տէմիրճեանը, մէկ օր յետոյ վարչապետ նշանակուեցաւ Վ. Սարգսեանը: Ձեւաւորուեցաւ ուժեղ խորհրդարան մը, ուր ՙՄիասնութիւն՚ը որակական մեծամասնութիւն ունէր, իսկ կառավարութիւնը կը գլխաւորէր երկրի ամենաազդեցիկ անձնաւորութիւնը` Վ. Սարգսեանը:
Մեղրիի տարբերակը
Ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին մէջ 1999ի Ապրիլ-Դեկտեմբեր ամիսներն ամենաաշխոյժ շրջաններէն էին: 1 Ապրիլին, Ա. Պ. Հ.ի մոսկովեան գագաթաժողովին տեղի ունեցած էր Քոչարեանի եւ Ալիեւի երկուքուկէս ժամնոց զրոյցը: Ուաշինկթընի մէջ Ն. Ա. Թ. Օ.ի 50ամեակի տօնակատարութեանց ծիրին մէջ, Ա. Մ. Ն.ի նախաձեռնութեամբ 26 Ապրիլին կայացաւ Քոչարեան-Ալիեւ նոր հանդիպում մը: Սկիզբ դրուեցաւ երկկողմ` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու մակարդակով բանակցութեանց, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակուին:
1999ին կրկին շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը տարածքներու փոխանակման տարբերակով կարգաւորելու հնարաւորութիւնը:
Ռոպէրթ Քոչարեանը կը բացատրէ. ՙԿայ փակուղի, եւ փակուղիէն դուրս գալու միակ միջոցը բոլոր հնարաւոր տարբերակներու քննարկումն է: Եւ այդ համաշարադրանքին մէջ, այո’, տարածքներու փոխանակման վերաբերեալ գաղափար կար: Գաղափարը բաւական կը տարբերէր մեր մամուլին մէջ տպագրուածէն, բայց, այնուամենայնիւ, այդ տարբերակը ես չեմ ընդունած, եւ ներկայ թեժ քննարկումներն ուղղակի անիմաստ են: Ըսեմ, որ տարբերակն իր տրամաբանութիւնն ունէր. կ’ենթադրուէր, որ անիկա տարածաշրջանի երկարատեւ խաղաղութեան կը յանգի՚:
Աւելի ուշ` 2008ի Փետրուարին, ի պատասխան Տէր Պետրոսեանի քննադատութեան, Քոչարեանն ըսաւ. ՙՄեղրին յանձնելու տարբերակը Փոլ Կոպլի առաջարկն է, զոր պարբերաբար շրջանառութեան մէջ կը դրուի: ՙՏարածքներու փոխանակման սկզբունքներ՚ կոչուող տարբերակն ընդամէնը մէկ անգամ քննարկուած է համանախագահող երկիրներէն մէկուն ներկայացուցիչին հետ: Եթէ պատասխանը դրական ըլլար` անիկա յետագային կը մշակուէր ու Մինսքի Խումբի առաջարկ կը դառնար: Այդ տարբերակը թէ’ հայկական եւ թէ’ ատրպէյճանական կողմերը մերժած են: Մեր իշխանավարման ընթացքին տարածքներու փոխանակման սկզբունքները մերժած ենք` պատճառաբանելով, որ Իրանի հետ սահմանը չենք կրնար կորսնցնել: Տէր Պետրոսեանի թափահարած թուղթը ես երբեւէ չեմ տեսած՚:
2008ի Փետրուարին Տէր Պետրոսեանը Ազատութեան հրապարակը հաւաքուած տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներու համար մէջբերումներ կ’ընէր ՙտասը տարի պահուած՚ փաստաթուղթէն` զայն ՙՀայաստանի հանդէպ մեծագոյն դաւադրութիւն՚ որակելով: Տէր Պետրոսեանը Մեղրիի եւ Ղարաբաղի փոխանակման փաստաթուղթէն երկու յօդուած կարդաց:
ՙՆախկին Լ. Ղ. Ի. Մ.ի տարածքը, Շուշիի եւ Լաչինի շրջանները կը փոխանցուին Հայաստանին, Մեղրիի շրջանը 1988ի սահմաններով կը փոխանցուի Ատրպէյճանին: Համաձայնագիրն ոյժի մէջ մտնելէն անմիջապէս ետք կը սկսի Մեղրիի շրջանի բնակչութեան եւ ներկայիս Աղտամի, Ֆիզուլիի, Ճեպրայիլի, Ղուպաթլիի, Զանկելանի, Քելպաճարի շրջաններուն մէջ բնակող հայոց անվտանգ եւ կամաւոր տեղափոխումը Հայաստանի տարածք՚:
Ապա Տէր Պետրոսեանը շարունակեց. ՙՀայաստանի մէջ այս դաւադրութիւնը խափանուեցաւ երկու մարդու շնորհիւ: Կարէն Տէմիրճեանն ու Վազգէն Սարգսեանն էին, որոնք խափանեցին այդ ծրագիրը, եւ ատոր գինը անոնց կեանքն էր՚:
Տարածքներու փոխանակման գաղափարը 1992ին յառաջ քաշած էր Ա. Մ. Ն.ի Պետական Քարտուղարութեան նախկին աշխատակից Փոլ Կոպլը: Ըստ էութեան, 2001ի Ապրիլին, երբ Ա. Մ. Ն.ի գործուն աջակցութեամբ Ֆլորիտայի Քի Ուէսթ քաղաքին մէջ բանակցութիւններ տեղի կ’ունենային, կարգաւորման հիմքին դրուած էր Կոպլի գաղափարը, ճիշդ է` որոշակի փոփոխութիւններով եւ նորամուծութիւններով:
Ամերիկացի դիւանագէտը ղարաբաղեան կարգաւորման երեք տարբերակ կը նշէր: Առաջին` Ղարաբաղի հայոց ոչնչացում կամ արտագաղթ, ինչը հնարաւոր չէ բարոյական տեսանկիւնէն, երկրորդ` Ղարաբաղի յանձնում Հայաստանի իրաւասութեան, ինչը հնարաւոր չէ քաղաքական տեսանկիւնէն, քանի որ Ատրպէյճանը կը զրկուի ինչպէս տարածքներէն, այնպէս ալ` ջրային պաշարներէն, երրորդ` խոշոր ոյժեր մտցնել հակամարտող կողմերն իրարմէ անջատելու համար, ինչը հնարաւոր չէ ֆիզիկապէս:
Կոպլը փակուղին յաղթահարելու միջոց կը սեպէր տարածքներու փոխանակումը. ՙՂարաբաղի մէկ մասին յանձնումը Հայաստանին: Պաքուն ջուրով սնուցող գետերու ակունքներն ընդգրկող տարածքը պէտք է յանձնել Ատրպէյճանին` ատրպէյճանաբնակ բնակավայրերուն հետ միասին: Հայաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող եւ Նախիջեւանն ու Ատրպէյճանն իրարմէ անջատող տարածքներուն մէկ մասին յանձնումը Ատրպէյճանի իրաւասութեան՚:
Յետագային` 2000ի Յունիսին, Կոպլն ընդունեց, որ երկու սխալ թոյլ տուած է. առաջինը` Ղարաբաղէն Ատրպէյճան ջուրի հոսքն է, զոր այնքան ալ մեծ կարեւորութիւն չունի, երկրորդ` աւելի նշանակալի սխալն Իրանի հետ սահման ունենալու կարեւորութիւնն է հայոց եւ Հայաստանի համար:
ՙ1992ին շատ քիչ առեւտուր կար այդ ճանապարհով, եւ ես կը կարեւորէի, որ հայերն այդ (սահմանը) կը զոհաբերեն յանուն խաղաղութեան: Այժմ ես կը հասկնամ անոր հոգեբանական իմաստը. անիկա կարեւոր է ո’չ միայն առեւտուրի յետագայ զարգացման համար, այլ մանաւանդ որպէս ելք դէպի աշխարհի ոչ-թրքական մասը: Այդ ժամանակ` ես այդ հանգամանքը թերագնահատած էի: Եթէ այդ ծրագիրն այժմ վերանայէի` պիտի առաջարկէի, որ Ատրպէյճանը նախ զիջէր Արեւմտեան Նախիջեւանի փոքր մէկ մասը, որպէսզի Հայաստանը սահման ունենար Իրանի հետ, եւ ապա Թուրքիան բանար իր սահմանները Հայաստանի հետ՚:
12 Փետրուար 2008ին Օսկանեանը Մեղրին Ղարաբաղի հետ փոխանակելու Տէր Պետրոսեանի յայտարարութիւնները որակեց ընդամէնը Կոպլի ծրագիր, զոր շրջանառութեան մէջ դրուած է1990ական թուականներուն սկիզբը եւ 2000ին կտրականապէս ու վերջնականապէս մերժուած: Օսկանեանն ընդգծեց, որ Մինսքի Խումբը նման առաջարկ երբեւէ չէ ներկայացուցած:
Օսկանեանը վկայեց նաեւ, որ դեռ 1994ին Հայաստանի ղեկավարութիւնը նեղ շրջանակի մէջ քննարկած է Կոպլի ծրագիրը, եւ Տէր Պետրոսեանը կարծիք յայտնած է, որ եթէ Նախիջեւանի հիւսիսային` Հայաստանի անմիջական յարակից մասը, մինչեւ Իրանի սահմանը, տրուէր Հայաստանին` ատիկա ընդունելի տարբերակ կ’ըլլար:
Աւելի կանուխ` դեռ 1988ին, տարածքներու փոխանակման միջոցով ղարաբաղեան հարցի լուծումը յառաջ քաշած էր Նոպէլեան դափնեկիր Անտրէյ Սախարովը:
Պաքուի առաջատար լրատուամիջոցներու հետ հանդիպման ժամանակ Ալիեւը կ’ըսէր 2002ին. ՙԵրբ Սախարովը հոս եկաւ` խօսակցութիւն եղաւ Մեղրին Ատրպէյճանին փոխանցելու, իսկ Լաչինէն Հայաստանի համար միջանցք բանալու մասին, որպէսզի այդ հարցը լուծուի: Ատրպէյճանը ատոր չհամաձայնեցաւ: Այդ մասին ինծի Թուրքիոյ մէջ ըսած են հանգուցեալ Էօզալը, յետագային` Տէմիրէլը: Այդ ժամանակ` նշեալ հարցը բարձրացուած է: Չեմ կրնար ըսել, որ հայերն ի վերջոյ կը համաձայնէին, բայց, ամէն պարագայի, նման տրամադրութիւններ կային: Սակայն ատրպէյճանական կողմը լիովին դէմ եղաւ՚:
Թուրքիոյ մէջ յայտնի քաղաքական մեկնաբան, նախագահ Էօզալի խորհրդական Ճէնկիզ Չանտարը կը յիշէ. ՙ1991ին Էօզալը զիս ուղարկեց Պաքու առաջարկութեամբ մը, որով կը փորձէր Մութալիպովին ճկունութիւնը ճշդել Ղարաբաղի հարցին մէջ: Այդ առաջարկութեան էութիւնը տարածքներու փոխանակումն էր: Պատերազմը նոր սկսած էր: Ըստ այդ առաջարկութեան` Ատրպէյճանը Հայաստանին կը զիջի Լաչինը եւ Ղարաբաղի մէկ մասը, իսկ Ղարաբաղի մ իւս մասը Շուշիով, ինչպէս նաեւ Մեղրին կը տրուին Ատրպէյճանին: Մութալիպովն ըսաւ, որ այդ առաջարկութիւնը չի կրնար ընդունիլ: Մտածեցի, թէ ան Իրանի գործօնը հաշուի կ’առնէ: Մութալիպովի բացատրութիւնն ուրիշ էր: Ան ըսաւ, որ Զանգեզուրը ատրպէյճանական հող եղած է եւ Սթալինը զայն հայոց տուած է: Ինչո՞ւ մենք պէտք է ատրպէյճանական Լաչինը փոխանակենք ատրպէյճանական Զանգեզուրի հետ՚:
Տարածքներու փոխանակման կամ անկէ ածանցեալ առաջարկները թէեւ անընդունելի եղած են ինչպէս հայկական, այնպէս ալ ատրպէյճանական կողմերուն համար, սակայն անոնք բանակցութեանց տարբեր փուլերուն քննարկուած են: Ատրպէյճանը Նախիջեւանի հետ ցամաքային անմիջական կապ հաստատելու կը ձգտէր, սակայն անոր դիմաց, ակնյայտօրէն, պատրաստ չէր զիջումներու երթալու Ղարաբաղի եւ Լաչինի հարցերուն մէջ: Միւս կողմէ, Երեւանը Ղարաբաղն ու Լաչինի միջանցքը Հայաստանի կազմին մէջ տեսնելու կը ձգտէր, սակայն Իրանի հետ ընդհանուր սահմանէն զրկուելու պատրաստ չէր` անվտանգութեան եւ այլ պատճառներով:
Ատրպէյճանը դեռ Խորհրդային Միութեան գոյութեան տարիներուն փորձած է Մեղրիով կապ հաստատել Նախիջեւանի հետ: Խորհրդային Հայաստանի փոխվարչապետներէն Ալեքսան Կիրակոսեանը կը գրէ, որ Ատրպէյճանը 1970ական թուականներուն ճամբայ մը կառուցած էր մինչեւ Նիւվատի, եւ Մեղրիի տարածքով մինչեւ Նախիջեւան շարունակելու համար Ալիեւն անձամբ Պրեժնեւէն թոյլտուութիւն ստացած էր:
ՙԶինուորական յանձնաժողով մը եկաւ` իրավիճակին ծանօթանալու եւ Գլխաւոր Սպայակոյտին զեկուցում ներկայացնելու համար: Յանձնաժողովին կարծիքը բացասական էր. այդ ճամբան կարելի չէ’ կառուցել: Ալիեւը երկրորդ անգամ նոյն խնդիրով դիմած էր Պրեժնեւին, վերջինս ալ դիմած էր պաշտպանութեան նախարար, մարաջախտ Ուսթինովին յանձնարարականով` պարզել, թէ ճամբուն կառուցումը կասեցնելուն պատճառը ի՞նչն է: Ստեղծուեցաւ երկրորդ յանձնաժողովը, զոր, ըստ երեւոյթին ճնշումներու տակ, դրական եզրակացութիւն տուաւ: Երկրորդ անգամ քննարկումները դժուար եղան, դիմադրութիւնը մեծ էր, բայց մարաջախտ Օկարքովը որոշման նախագիծին դէմ ստորագրեց: Այսպիսով, Մեղրիի միջով Զանկելան-Օրտուպատ ճամբուն հարցը փակուեցաւ՚:
Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութիւնը` Կոմկուսի առաջին քարտուղար Կարէն Տէմիրճեանը եւ Նախարարներու Խորհուրդի նախագահ Ֆատէյ Սարգսեանը լուրջ ջանքեր գործադրած են, որպէսզի իրականութիւն չդառնայ Ատրպէյճանը Մեղրիի տարածքով Նախիջեւանին կապող ճամբան:
Ռիմա Տէմիրճեանը իր ամուսինին դիւանին մէջ գտած է երեք նամակ, որոնցմէ մէկն ստացուած է Անդրկովկասեան ռազմական օքրուկի հրամանատար աւագագոյն զօրավար (գեներալ-գնդապետ) Քուլիշեւի ստորագրութեամբ: Նամակին մէջ մանրամասնօրէն կը հիմնաւորուի ճամբուն կառուցման հարցը. ՙՁեզմէ կը խնդրենք քննարկել ճամբու Մեղրի-Նիւվատի հատուածի վերակառուցման եւ Նիւվատի-Ատր. Խ. Ս. Հ.ի սահման հատուածի շինարարութեան հնարաւորութեան հարցը` աշխատանքները 1980ին աւարտելու հաշուարկով՚:
Հայաստանի հարաւը 1980ի Նոյեմբերին աւարտեցաւ ուրիշ ճամբու մը շինարարութիւնը, որու բացման ներկայ էին Տէմիրճեանն ու Սարգսեանը: Շահագործման յանձնուեցաւ 48 քմ. երկարութեամբ Մեղրի-Քաջարան նոր ճամբան, որ այլընտրանք էր Մեղրի-Նախիջեւան-Երեւան ուղիին եւ հնարաւորութիւն կու տար Հայաստանի ծայր հարաւէն Քաջարան, Կապան եւ մայրաքաղաք հասնիլ` խուսափելով Նախիջեւանի տարածքէն: Մեղրի-Քաջարան հատուածին անգնահատելի նշանակութիւնն զգացուեցաւ Ղարաբաղեան Շարժման սկիզբէն եւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ու Ղարաբաղի շրջափակումէն յետոյ:
Սթամպուլ
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ Ուաշինկթընի մէջ սկսած բանակցութիւնները շարունակուեցան ուրիշ քաղաքներու մէջ: 16 Յուլիս 1999ին Ժնեւի մէջ Քոչարեան-Ալիեւ հանդիպումն ուշադրութեան էր արժանի անով, որ տեղի ունեցաւ երկու նախագահներուն նախաձեռնութեամբ: 22 Օգոստոսին Ժնեւի մէջ տեղի ունեցաւ Քոչարեանի եւ Ալիեւի նոր հանդիպումը: 11 Սեպտեմբերին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները բանակցեցան Եալթայի մէջ, իսկ 11 Հոկտեմբերին` Հայաստան-Նախիջեւան սահմանագլխին:
Սադարակեան հանդիպման յաջորդ օրը Ա. Մ. Ն.ի փոխնախագահ Ալպէրթ Կորը Քոչարեանին եւ Ալիեւին յղած ուղերձին մէջ կը քաջալերէր եւ յոյս կը յայտնէր, որ եթէ նախագահներն իրենց աշխատանքի այս փուլը կարենան մինչեւ Նոյեմբերին կայանալիք Ե. Ա. Հ. Կ.ի գագաթաժողովն աւարտել, ապա ՙՍթամպուլի մէջ Ե. Ա. Հ. Կ.ի ողջ ընկերակցութիւնն իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ձեռք բերած յառաջընթացին՚:
Ըստ Քոչարեանի` ՙԽօսքն ընդամէնն այն մասին է, թէ արդեօք հնարաւոր կ’ըլլա՞յ Սթամպուլի մէջ յայտարարել, որ մենք գործընթաց մը կը սկսինք կամ որոշ արդիւնքներու հասած ենք: Այդ գործընթացը Սթամպուլի գագաթաժողովին հետ պայմանաւորելուն կողմնակից չեմ: Եւ յատկապէս աշխարհագրական տեսակէտէն` տեղը հայոց համար այդքան ալ յարմար չէ: Այդ առումով` կը նախընտրէի, որ անիկա քիչ մը նոյնիսկ աւելի շուտ կամ աւելի ուշ ըլլար, բայց ոչ` Սթամպուլի մէջ՚:
Արդէն Սթամպուլի մէջ Քոչարեանը կը հերքէ լուրերը, թէ գագաթաժողովին պէտք է հաշտութեան պայմանագիր կնքուէր, եւ ինչին իբր խոչընդոտած է Հայաստանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը. ՙՀարցն այդքան հասունցած չէ, եւ չէր ալ նախատեսուեր, որ կարգաւորման վերաբերող որեւէ փաստաթուղթ պէտք է ստորագրուէր հոն՚:
19 Հոկտեմբեր 1999ին Պաքուի մէջ Տէմիրէլն ըսած էր, թէ ՙմօտ օրերս կ’իրականանայ հայ-ատրպէյճանական հաշտութիւնը՚, միայն թէ ՙառանց Ռուսիոյ բարերար դերի անիկա հնարաւոր չէ ապահովել՚: ՙԿովկասի մէջ հնարաւոր չէ հաշտութեան մասին խօսիլ` առանց նկատի առնելու Ռուսիան: Եթէ լուծում իրականացնելու ձեռնարկի առիթով նկատի չառնուի Ռուսիան` ձեռնարկը կը ձախողի, որովհետեւ Ռուսիան մեծ պետութիւն ըլլալու իր ներոյժը տակաւին կը պահէ՚:
Ա. Մ. Ն.ի պետական քարտուղարի խորհրդական Սթիվըն Սեսթանովիչն ու Մինսքի Խումբի ամերիկացի համանախագահ Քերի Քաւանօն 20 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կը հանդիպին Քոչարեանի, Վ. Սարգսեանի, Օսկանեանի եւ Ս. Սարգսեանի հետ: Յաջորդ օրը Սեսթանովիչն ու Քաւանօն Պաքուի մէջ ղարաբաղեան բանակցութիւնները կը շարունակեն Ալիեւի, Զուլֆուկարովի եւ Ապիեւի հետ:
Այս հանդիպումէն երեք օր յետոյ հրաժարական կու տան արտաքին գործոց նախարար Զուլֆուկարովը եւ Ալիեւի աշխատակազմի կարեւոր դէմքերէն Էլտար Նամազովը: Աւելի առաջ հրաժարական տուած էր Կուլուզատէն: Յետագային Զուլֆուկարովը եւ Նամազովը հաստատած են, որ Սթամպուլի գագաթաժողովի նախօրեակին կողմերը լրջօրէն քննարկած են տարածքներու փոխանակման տարբերակը: Երկուքն ալ ըսած են, թէ հրաժարական տուած են` իրենց անհամաձայնութիւնն արտայայտելու համար տարածքներու փոխանակման առաջարկին:
ՙՍթամպուլի գագաթաժողովի նախօրեակին համաձայնութիւն մը ձեռք բերուած էր, զոր, իմ կարծիքով, Ատրպէյճանի շահերուն չէր համապատասխաներ: Այդ պատճառով որոշեցի քանի մը գործընկերներուս հետ հրաժարական տալ: Այդ համաձայնագիրը հաւասարազօր էր Ղարաբաղին անկախութիւն տալուն, անշուշտ` ոչ տը եուրէ, այլ` տը ֆաքթօ՚,- ըսած է Նամազովը:
Ալիեւն իր հրապարակային ելոյթներուն մէջ ընդունած է, որ 1999ի ընթացքին քննարկուած են Ատրպէյճանի շահերուն հակասած տարբերակներ, միւս կողմէ յայտնած է, թէ Հայաստանն է ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն ետ կանգնած. ՙՄենք քանի մը անգամ հանդիպեցանք (Քոչարեանի հետ), երկու անգամ Ժնեւ գացի, հանդիպեցանք (Հայաստան-Նախիջեւան) սահմանին: Կրնամ ըսել` դիրքորոշումները հնարաւոր եղաւ շատ մօտեցնել 1999ի Հոկտեմբերին: Բայց Հայաստանի խորհրդարանին մէջ կատարուած ահաբեկչութենէն յետոյ Հայաստանը հրաժարեցաւ այն փոքր յառաջընթացէն, որու հասած էինք՚:
Դժուար է միանշանակօրէն պնդել, թէ գագաթաժողովի նախօրեակին ո՞ր կողմն է նախնական համաձայնութենէն հրաժարած: Յստակ չէ, թէ որքա՞ն մօտ եղած են համաձայնութեան: Հակասական են նաեւ տեղեկութիւնները, թէ ի՞նչ կապ կրնար ըլլալ Հայաստանի խորհրդարանի ոճրագործութեան եւ կարգաւորման միջեւ:
26 Հոկտեմբերին Ալիեւն ընդունեց պետական քարտուղարի տեղակալ Սթրոպ Թելպոթը, Սեսթանովիչը եւ Քավանօն: 27 Հոկտեմբերի առտուն Քոչարեանը հեռաձայնով կը զրուցէ Ելցինի հետ: Նոյն օրը Հայաստանի նախագահը Երեւանի մէջ կ’ընդունի Պաքուէն եկած ամերիկեան պատուիրակութիւնը: Քանի մը ժամ յետոյ, երբ ամերիկեան պատուիրակութիւնը Երեւանէն Անգարա կ’ուղեւորուէր Մոսկուայով` թրքական իշխանութեանց հետ շարունակելու համար ղարաբաղեան քննարկումները, Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ կրակոցներ կը լսուին:
Ահա’ այս համընկնումն է պատճառ դարձած պնդելու, որ ահաբեկչութիւնը կապուած էր ղարաբաղեան կարգաւորման հետ: Աւելին` կը շրջանառուէին տեսակէտներ, թէ կարգաւորման` տարածքային փոխանակումներ նախատեսող տարբերակին առաջին կարգին դէմ էին Վ. Սարգսեանն ու Տէմիրճեանը:
ՙԴէպքէն քանի մը օր առաջ Կարէնը երկու անգամ այդ մասին կիսուած է ինծի եւ որդիիս հետ: Ան ինծի եւ Ստեփանին ըսաւ, թէ որոշուած է Մեղրիով ճամբայ ձգել: Ան ըսաւ, որ բոլորը համաձայն են, նոյնիսկ ուրախացած են, որովհետեւ մեծ գումարներ խոստացած են, կը մտածէին այդ գումարներով Հայաստանը կարգի բերել: Վազգէնը շատ շուտ անցաւ Կարէնի կողմը, համոզուեցաւ, որ կարելի չէ Մեղրին տալ: Ան կ’ըսէր, թէ զինք չեն կրնար համոզել, որովհետեւ Մեղրին տալը Հայաստանի վերջն է՚,- կ’ըսէ Ռիմա Տէմիրճեանը:
Վաղարշակ Յարութիւնեանը եւս հաստատած է, որ տարածքներու փոխանակման տարբերակը բաւական լրջօրէն քննարկուած է. ՙԻբրեւ պաշտպանութեան նախարար, այդ փաստաթուղթի քննարկումներուն մասնակցած եմ: Առաջին անգամ Մեղրիի տարբերակին մասին ինծի Վ. Սարգսեանն ըսած է: Ատկէ յետոյ Սադարակի մէջ Քոչարեանի ու Ալիեւի եւ Ապիեւի ու իմ հանդիպման ժամանակ այդ մասին խօսած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը: Այնուհետեւ Քոչարեանն այդ տարբերակն ինծի ներկայացուցած է եւ ըսած, թէ լաւ լուծում է: Ատկէ յետոյ ես Մինսքի Խումբի համանախագահներուն հետ հանդիպած եմ: Այս հարցին շուրջ համանախագահներուն հետ հանդիպում ունեցած է նաեւ Արամ Սարգսեանը՚:
1999ի ընթացքին տարածաշրջան քանի մը անգամ այցելած ամերիկացի պաշտօնաթող դիւանագէտ Փիթըր Ռոզենպլաթը վկայած է. ՙ27 Հոկտեմբերի սոսկալի սպանդի նախօրեակին վարչապետ Սարգսեանը նախագահին հետ ամբողջովին համաձայն եղած է: Ես այդպէս տեղեկացուած եմ: Սարգսեանին հանդիպած եմ սպանութենէն քանի մը օր առաջ, եւ տպաւորութիւն ստացայ, որ ան ամբողջովին չ’արտայայտուիր բանակցութեանց մասին, սակայն կեանքի վերջին քանի մը օրերուն Սարգսեանի հետ եղածներն ինծի կ’ըսեն, թէ ան ամբողջովին համաձայն եղած է Քոչարեանի հետ՚:
Սթամպուլի գագաթաժողովին նախորդող եւ յաջորդող ամիսներուն հայկական, ատրպէյճանական եւ միջազգային մամուլին մէջ եղան բազմաթիւ հրապարակումներ, թէ բանակցութիւններուն քննարկուած է Մեղրին Լաչինի հետ փոխանակելու հնարաւորութիւնը. Մեղրին կը տրուի Ատրպէյճանին, Լաչինը Ղարաբաղի հետ` Հայաստանին, Մեղրիով Հայաստանին կը տրուի գերիշխան ճամբայ մը, որով Հայաստանը, առանց հատելու Ատրպէյճանի սահմանագիծը, կրնայ գերիշխան հաղորդակցութեան մէջ մտնել Իրանի հետ:
27 Հոկտեմբերի ահաբեկչութեան եւ Թալպոթի այցին համընկնումը Թոմաս տը Վաալը ՙշատ ապշեցուցիչ՚ կ’որակէ, կը մէջբերէ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտին խօսքերը, թէ կողմերը համաձայնութեան հասնելու ՙշատ, շատ մօտ էին՚, եւ թէ տեղի ունեցած սպանդը ՙմարդկային, քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական աղէտ էր՚:
Խօսակցութիւններ կը շրջանառուէին, թէ ահաբեկիչներուն յանձնարարուած էր կանխել Ղարաբաղի հարցին մէջ վերահաս ճեղքումը` խաղաղ համաձայնագիրը պաշտպանելու պատրաստ Սարգսեանէն ազատուելով: Այդուհանդերձ, ուրիշ որոշ հանգամանքներ ենթադրել կու տան, որ յարձակման ժամկէտը պարզապէս համընկած էր բանակցութեանց հետ, իսկ ահաբեկչութիւնը հաւանաբար ներքաղաքական դրդապատճառ ունէր. սպանդի գիշերը խորհրդարանին մէջ Յունանեան եղբայրները Ղարաբաղը չէին յիշատակած: Եթէ ծրագրուած էր խափանել խաղաղ գործընթացը` Սարգսեանը թիւ մէկ թիրախը պէտք չէ ըլլար ակնյայտօրէն, քանի որ այդ պահին դեռ պարզորոշ չէր, որ ան խաղաղութեան համաձայնագիրը կը պաշտպանէ:
27 Հոկտեմբերի ահաբեկչութիւնն ու անոր հետեւած` Հայաստանի մէջ ստեղծուած ճգնաժամային վիճակը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մէջ հրաժարականներու շարքը չէին կրնար Սթամպուլի գագաթաժողովին մէջ սպասուող յառաջընթացին չխոչընդոտել: Մինսքի Խումբի համանախագահներու յայտարարութեան մէջ յոյս կը յայտնուէր, որ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը եւ Ատրպէյճանի շարք մը պաշտօնեաներու պաշտօնաթողութիւնը վերջնական կարգաւորման գործընթացին եւ անոր ժամկէտներուն վրայ չեն ազդեր. ՙՔոչարեանը եւ Ալիեւը, ընթացիկ տարուան մէջ վեց հանդիպում կայացնելով, հոգեբանական լուրջ ճեղքում կատարեցին՚:
Գագաթաժողովի հռչակագիրին երկու կէտերը կը վերաբերին Հայաստանին, Ատրպէյճանին եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան: Մասնաւորապէս, հռչակագիրը կը սատարէր Քոչարեան-Ալիեւ երկխօսութեան: Գագաթաժողովի օրերուն` 17-19 Նոյեմբերին տեղի ունեցան բարձր մակարդակի շարք մը հանդիպումներ` Քոչարեան-Տէմիրէլ, Քոչարեան-Քլինթըն, ինչպէս նաեւ Ալիեւ-Քոչարեան` Ե. Ա. Հ. Կ.ի գործող նախագահի եւ Մինսքի Խումբի եռանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Մատլէն Օլպրայթի, Իկոր Իվանովի եւ Իւպեր Վետրինի մասնակցութեամբ:
24 Յունուար 2000ին Քոչարեանը եւ Ալիեւը հանդիպեցան Ա. Պ. Հ.ի մոսկովեան գագաթաժողովին, ապա հինգ օր յետոյ` Տաւոսի տնտեսական հաւաքի (ֆորում) ծիրին մէջ:
Հայաստանը կը շարունակէր ներքաղաքական բարդ օրեր ապրիլ: Վարչապետ Արամ Սարգսեանը, խորհրդարանին մէջ ՙՄիասնութիւն՚ խմբակցութեան ղեկավար Անդրանիկ Մարգարեանը, Կարէն Տէմիրճեանի որդին, զինուորական եւ գլխաւոր դատախազները 3 Մարտին համատեղ գումարած մամուլի ասուլիսին Քոչարեանէն պահանջեցին պաշտօնանկ ընել նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Սերժ Սարգսեանը:
Քոչարեանն անընդունելի նկատեց ներկայացուած վերջնագիրին թէ’ ձեւը եւ թէ’ բովանդակութիւնը: 2 Մայիսին նախագահը պաշտօնանկ ըրաւ վարչապետը եւ պաշտպանութեան նախարարը` այսպիսով, ըստ էութեան, յաղթահարելով ամիսներ շարունակուող ներքաղաքական ճգնաժամը: Նախագահը 12 Մայիսին վարչապետ նշանակեց Անդրանիկ Մարգարեանը, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ղեկավարեց շուրջ 7 տարի` մինչեւ անժամանակ մահը 2007ի Մարտին:
Յ. Գ.
aniarc.am/


ՀԱՅԱԶԴ կայք Նմանատիպ Լուրեր
1908,երիտթուրքական-հեղափոխություն,արևմտահայություն,բազմահազարանոց-ցույցեր,հայությունը-երիտթուրքերի-ցույցերում,ազատություն-հավասարություն-եղբայրություն , Հայությունը՝ Երիտթուրքերի ցույցերում
Հայությունը՝ Երիտթուրքերի ցույցերում
1908 թվականի Երիտթուրքական հեղափոխության օրերին արևմտահայությունը մասնակցում էր բազմահազարանոց ցույցերին «ազատություն, հավասարություն, եղբայրություն» կարգախոսներով:
1919-1920,հայաստան,երևան,բաթումի,բաթումի-նավահանգիստ,թուրք-թաթար-թալանչիներ,բրիտանացի-զինվորների-վերահսկողության-տակ-գտնվող-զր,ամերիկյան-և-բրիտանական-մարդասիրական-օգնություն,բաթում-երևան-կյանքի-երկաթգիծը , 1919-1920 թթ. Բաթում-Երևան «Կյանքի երկաթգիծը»
1919-1920 թթ. Բաթում-Երևան «Կյանքի երկաթգիծը»
«Ազատության պաշտպան» զրահագնացքի բրիտանական զինվորական անձնակազմը, Երևան, 1920 թ.
ամն,թուրքիայի-դաշնակից-ամն,եվրոպական-մեծ-տերություններ,թուրքիա,խորհրդային-միություն,հայոց-ցեղասպանություն,երկրորդ-աշխարհամարտ,հայկական-հարց,արևմտյան-հայաստանի-վերադարձի-ծրագիր,վահրամ-հովյան , Թուրքիայի դաշնակից ԱՄՆ-ն տապալում է Արևմտյան Հայաստանի վերադարձի ծրագիրը
Թուրքիայի դաշնակից ԱՄՆ-ն տապալում է Արևմտյան Հայաստանի վերադարձի ծրագիրը
Եվրոպական մեծ տերությունները և Թուրքիայի դաշնակից ԱՄՆ-ն տապալում են Արևմտյան Հայաստանի վերադարձի ծրագիրը։ ԱՄՆ-ի ու Թուրքիայի հարաբերություններում կային որոշակի կնճիռներ։ Այդ համատեքստում 2021-ին ԱՄՆ-ն ճանաչեց Հայոց ցեղասպանությունը, թեև գործնականում մեծ հաշվով դա ոչինչ չի տալիս Հայկական հարցին։
հայ-ադրբեջանական,կոնֆերանս․,բաքու,1919-ի,դեկտեմբերի,14 , Հայ-ադրբեջանական կոնֆերանս․ Բաքու, 1919-ի դեկտեմբերի 14
Հայ-ադրբեջանական կոնֆերանս․ Բաքու, 1919-ի դեկտեմբերի 14
Ադրբեջանի կողմից հայ-ադրբեջանական կոնֆերանսին կմասնակցեն Ֆաթալի Խան Խոյսկին, Մամեդ Հասան Հաջինսկին և Մամեդ Ռզա Վեքիլովը։
հայերը,թուրքիան,ռուսաստանը,եւ,արեւմուտքը.,հայացք,1891,թվականից , Հայերը, Թուրքիան, Ռուսաստանը եւ Արեւմուտքը. հայացք 1891 թվականից
Հայերը, Թուրքիան, Ռուսաստանը եւ Արեւմուտքը. հայացք 1891 թվականից
Ներկայացնում ենք 1891 թվականի ապրիլին ամերիկյան The Atlantic Monthly ամսագրում հրապարակված Սեմյուել Գրին Ուիլեր Բենջամինի The Armenians and the Porte հոդվածի հայերեն թարգմանությունը:
ալեքսանդր-սոլժենիցինի-նոբելյան-պատմությունը,գրականության-նոբելյան-մրցանակ,շվեդիա,խսհմ,խսհմ-գերագույն-խորհուրդ,ստալինյան-ճամբարներ,հայրենիքից-բռնի-աքսոր,ռուս-ականավոր-մտածող-և-գրող,ալեքսանդր-սոլժենիցին , Ալեքսանդր Սոլժենիցինի նոբելյան պատմությունը
Ալեքսանդր Սոլժենիցինի նոբելյան պատմությունը
Խորհրդային Միությունում Սոլժենիցինին Նոբելյան մրցանակ շնորհելը ռումբի պայթյունի էֆեկտ ունեցավ։ Շատերն անկեղծորեն ուրախացան ռուս վառ և ազնիվ գրողի համաշխարհային ճանաչման համար: Սակայն իշխանությունները և պաշտոնական գրական հանրությունը թշնամաբար են ընդունել Շվեդիայի ակադեմիայի որոշումը։ ԽՄԿԿ Կենտկոմը Նոբելյան մրցանակակրին վարկաբեկելու մի ամբողջ ծրագիր էր մշակել։

<< Հայազդ>> կայքում արտահայտված որոշ կարծիքները պարտադիր չէ, որ համընկնեն կայքի խմբագրության տեսակետի հետ: