ՀԱՅԱԶԴ կայք
ՀԱՅԱԶԴ կայք
Արցախցիներու Վերջին Գաղթը

Ամբողջ Հայաստանը լարուած վիճակի մէջ է: Բանիմաց մարդիկ կը յուսան, որ այս կիրքերը կը հանդարտին, աւելի չեն բորբոքիր, արցախցին կը հաստատուի Հայաստանի մէջ, կ՚աշխատի, կ՚արարէ եւ իր ուժերը կը ներդնէ պետականութեան ամրացման գործին մէջ:

Ծայրայեղ դժուար այս օրերուն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ յայտարարեց, որ երկրի անկախութիւնն ու պետականութիւնը ամրացման կարիքն ունին եւ պայքարը այսուհետեւ պիտի ըլլայ այս նպատակին համար: «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին չէ կորսնցուցած եւ պիտի չկորսնցնէ իր հպարտութիւնն ու հաստատակամութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին պիտի յաղթէ անկախութեան, ինքնիշխանութեան, ժողովրդավարութեան, երջանկութեան եւ ազատութեան համար այս պայքարին մէջ», իր վերջին պատգամին մէջ ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:
Այո՛, Հայաստանը թեւակոխած է նոր փուլ՝ անկախութեան համար պայքարի փուլ: Այս պայքարը տակաւին նոր կը սկսի:
 
Արցախի կառավարութիւնը յայտարարած է, որ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ զօրախումբին ուղեկցութեամբ իրականացնելու սկսած է Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան ընտանիքներու տեղափոխում:
Տարհանուիլ սկսած են վերջին ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով անօթեւան մնացած ընտանիքները, որոնք Արցախէն դուրս գալու ցանկութիւն յայտնած են: Արցախի բնակչութեան միւս խումբերու տեղափոխման մասին կառավարութիւնը յառաջիկային հանդէս պիտի գայ յաւելեալ յայտարարութեամբ: Արցախէն դուրս գալու ցանկութիւն յայտնած են բոլորը. «Տարէ՛ք մեզ», «Փրկէ՛ք արցախցիները», «Հանէ՛ք այստեղէն մարդիկը», «Բացէ՛ք ճանապարհը», «Մարդասիրական միջանցք տուէ՛ք…» կարգախօսներով: Նման յայտարարութիւններով սեպտեմբերի 19-էն ի վեր կը գոչեն, կ՚աղաղակեն արցախցիները, որոնք այլեւս անկարելի կը տեսնեն կեանքը իրենց հայրենիքին մէջ:
Արցախցիները կրկին բռնած են գաղթի ճամբան՝ այնպէս, ինչպէս 1992-1994 թուականներու եւ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմներուն ժամանակ: Բայց տարբերութեամբ մը. այդ պատերազմներու աւարտին արցախցիները վերադարձած են իրենց տուները, իսկ այս անգամուան գաղթը կարծես վերջնական է… Արցախցիները այլեւս տուն դառնալու ոչ մէկ ճամբայ կ՚ունենան: Յոյս ալ չկայ վերադառնալու: Անոնք չեն պատկերացներ իրենց կեանքը ատրպէյճանցիներուն հետ, որոնք արդէն տիրացած են Արցախի կէսին եւ միւս կէսին ալ տիրանալու ճամբուն վրայ են: Աշխարհ Արցախը կը ճանչնայ Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ եւ Հայաստանն ալ միացած է այդ ճանաչումին: Ուստի, այլեւս անիմաստ է խօսիլ՝ անկախ, հայկական եւ խաղաղ Արցախի մը մասին: Այսօր հրատապ է միայն Արցախի հայերը փրկելու հրամայականը: Ինն ամիս շարունակ զրկանքի, սովի, տառապանքի ենթարկուելէ յետոյ, անոնք տեսան եւս մէկ պատերազմ՝ ամենաիսկական դէմքով:
Ասիկա Արցախի չորրորդ պատերազմն էր՝ 1990-ականներէն ի վեր: Ամէն պատերազմէն ետք արցախցին կ՚ըսէր, որ այդ մէկը աւելի դաժան էր՝ քան նախորդը: Սեպտեմբերեան այս պատերազմը դաժան էր այն առումով, որ ընդամէնը երկու օրուան մէջ սպաննուեցաւ 200 (որոշ տուեալներով՝ 300) արցախցի, հազարաւորներ վիրաւորուեցան, պարպուեցան գիւղեր… Ծերեր, մանուկներ, հիւանդներ մնացին ճանապարհներուն, անհետ կորսուեցան տասնեակներ, կան գերի ինկածներ, կը խօսուի աւելի դաժան պատկերներու մասին, ինչ որ նոյնիսկ մարդ լսել չ՚ուզեր…
Եւ հիմա, ինն ամիս փակ մնացած ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցք կոչուած ուղին բացուած է եւ Արցախի հայերը դուրս կ՚ելլեն: Առաջինը Հայաստանի Սիւնիքի մարզն է, որ դիմաւորեց զանոնք: 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր Սիւնիքի մէջ կան տակաւին հանգրուանած բազմաթիւ արցախցիներ, որոնք չեն վերադարձած եւ այս երեք տարուան ընթացքին փորձած են կեանքի սկսիլ այնտեղ: Անոնք մեծ մասամբ 2020-ի պատերազմէն ետք տեղահանուածներն են։ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ երթալու տեղ չունէին: Եւ հիմա անոնց կը միանան նաեւ նոր տեղահանուածները: Սիւնիքը մէկ մարդու պէս ոտքի է եւ կը կազմակերպէ դիմաւորումը, տեղաւորումը, միւս հարցերը: Սիւնիքի սահմանին կեցած են շտապ օգնութեան ինքնաշարժները, մարզի բժշկական կեդրոնները եւս պատրաստ են ընդունիլ վիրաւորները, հիւանդները: Կոռնիձոր սահմանային համայնքին մէջ արդէն կառավարութեան որոշմամբ հիմնուած էր մարդասիրական կայան, ուր դրուած են համակարգիչներ, կապի միջոցներ, որոնց միջոցով կ՚արձանագրուին Հայաստան մեկնածներու տուեալները, կը դասաւորուին անոնց կարիքները: Արդէն որոշուած է, որ յղի կիները, անդամալոյծները տեղաւորուին պանդոկներու մէջ, իսկ միւսները կը տարուին Գորիսի գիւղերը: Անոնց առջեւ գիւղերու մէջ պիտի բացուին ակումբներու, ճաշարաններու եւ այլ կառոյցներու դռները, արցախցիները կը հիւրընկալեն նաեւ գիւղացիները՝ ո՛վ, ինչպէ՛ս կարող է: Սիւնիքի մարզպետը ըսած է, որ շուրջ տասը հազար մարդու կեցութեան հարց այս պահուն մարզէն ներս պատրաստ են լուծելու: Մօտաւորապէս 3 հազար անձի ոչ-պարէնային ապրանքներ, ընկերային եւ հոգեբանական աջակցութիւն տրամադրելու հնարաւորութեան մասին ալ յայտարարած է Հայկական Կարմիր խաչը, որու աշխատակիցները Սիւնիքի մէջ են եւ նոյնպէս կը դիմաւորեն եկողները:
Արցախէն տեղահանուածներու մէկ մասն ալ պիտի հասնին Երեւան եւ միւս քաղաքները, պիտի փորձեն մեծ ցաւէն ետք նոր կեանքի մը սկսիլ: Յատկանշական է, որ պիտի միաւորուին՝ ինն ամիս շրջափակման պատճառով իրարմէ զատուած ընտանիքները: Ուրախութիւն՝ ցաւի մէջ:
Համազգային ցաւի եւ ողբերգութեան այս էջն ալ կը թերթուի հայոց պատմութեան մէջ: Արցախը կը հայաթափուի… Արցախը այլեւս հայկական չէ:
Իսկ Երեւանի մէջ այս օրերուն թէժ վիճակ է: Սեպտեմբերեան ռազմական գործողութիւններէն ետք ցոյցեր, բողոքներ սկսած են Հայաստանի կառավարութեան դէմ, նաեւ՝ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը Արցախի վրայ կրկին հրաւիրելու ցոյցեր են անոնք: Բայց ցաւալին այն է, որ վերջին շրջանին խիստ սրուած է հայաստանցի-արցախցի բաժանումը: Եթէ հայաստանցիներու մէկ մասը իր «սրտի կտորը» կը նկատէ արցախցին եւ գրկաբաց կը սպասէ, մէկ մասն ալ առաձնապէս ուրախ չէ անոնց գալուն բերումով: Ուրախ չէ՝ մանաւանդ այն բանին համար, որ որոշ արցախցիներ հայաստանցիները կը մեղադրեն՝ Արցախի հարցով իբր թէ անգործ նստած ըլլալու համար: Մինչդեռ հայաստացիները Արցախի բոլոր պատերազմներու ժամանակ տուած են իրենց ամենալուսաւոր զաւակները եւ չեն ներեր այն խօսքերը, որոնք արցախցիները կ՚ըսեն. «Դուք ի՞նչ կ՚ընէք մեզի համար»: Շատ զգայուն եւ ցաւոտ վիճակ է:
Հայաստանը 1988 թուականէն ի վեր ներքաշուած է Արցախի հարցին մէջ եւ զրկանքներու գինով ամէն ինչ ըրած է՝ Արցախի փրկութեան համար: Թէ ինչո՞ւ չէ յաջողած, այդ մէկը ուրիշ հարց է, բայց յստակ է, որ հայաստանցիներու կողմէ հանդէպ Արցախի միշտ եղած է անկեղծ նուիրում, սէր, զոհողութիւն… Եւ այսօր ծանր է լսել այդպիսի խօսքեր, թէ Հայաստանը Արցախի համար քիչ բան ըրած է, իսկ այսօր, կը կարծեն՝ ա՛յդ է պատճառը, որ Արցախը կը հայաթափուի… Արցախի համար պայքարելով՝ Հայաստանը նոյնիսկ վտանգած է իր անկախութիւնն ու պետականութիւնը, իսկ այսօր Հայաստանին մեղադրել Արցախը միայնակ ձգելու մէջ՝ աններելի է: Գիտակից մարդիկ չեն ընդունիր այս մէկը, ուստի հասկնալի է այն ներքին պայքարը, որ կայ արցախցի-հայաստանցի գետնի վրայ…
Ամբողջ Հայաստանը լարուած վիճակի մէջ է: Բանիմաց մարդիկ կը յուսան, որ այս կիրքերը կը հանդարտին, աւելի չեն բորբոքիր, արցախցին կը հաստատուի Հայաստանի մէջ, կ՚աշխատի, կ՚արարէ եւ իր ուժերը կը ներդնէ պետականութեան ամրացման գործին մէջ: Ծայրայեղ դժուար այս օրերուն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ յայտարարեց, որ երկրի անկախութիւնն ու պետականութիւնը ամրացման կարիքն ունին եւ պայքարը այսուհետեւ պիտի ըլլայ այս նպատակին համար: «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին չէ կորսնցուցած եւ պիտի չկորսնցնէ իր հպարտութիւնն ու հաստատակամութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին պիտի յաղթէ անկախութեան, ինքնիշխանութեան, ժողովրդավարութեան, երջանկութեան եւ ազատութեան համար այս պայքարին մէջ», իր վերջին պատգամին մէջ ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:
Այո՛, Հայաստանը թեւակոխած է նոր փուլ՝ անկախութեան համար պայքարի փուլ: Այս պայքարը տակաւին նոր կը սկսի:
ԳՐԱՌՈՒՄՆԵՐ ԱՐՑԱԽԷՆ
ԱՄԱԼԻԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ (Արցախի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանի դասախօս) - Մոխրացաւ մեր 35-ամեայ հպարտութեան խորհրդանիշը, մեր ամենամերը, մեր զօրութիւնը:
Արցախցին գիտէ՝ ինչ կ՚ըսեմ:
Անասելի ցաւ ու զայրոյթ
Ցաւալի է շատ…
ՆԱՆԱՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ (լրագրող, «Սէր եւ պատերազմ» գիրքի հեղինակ, Ստեփանակերտ) - Արցախի դիահերձարանի մօտակայքի օդին մէջ բառի ուղիղ իմաստով տղաներու արեան հոտն է, որովհետեւ ելեկտրականութիւն չըլլալու պատճառով ո՛չ սառնարանները կը բաւականացնեն, ո՛չ ալ արդէն սառը կը պահէ: Մարդիկ ստիպուած հողին կը յանձնեն իրենց ընկերները, ալ չեն սպասեր, որ հարազատը, նոյնիսկ մայրը, շրջափակումէն հանեն ու բերեն իրենց երեխաներու վերջին հրաժեշտին:
Ու ես ազերիէն չեմ նեղանար, ես հայ դաւաճաններէն կը նեղանամ: Արցախը ազատագրած ու անմահացած իմ հօրս ու իմ պայքարս, անգամ 44-օրեայի ժամանակ իմ դուրս չելլելս, այսպիսի Արցախի համար չէին, անիծուի՛ք դուք: Աղօթեցէ՛ք, որ ողջ չմնամ, թէ չէ անուն առ անուն դաւաճաններու ցուցակով պատմութեան գիրկը կը նետեմ ձեզ իմ յետագայ գիրքերուս մէջ:
Ու չըսէք՝ իբր հիմա միասնականանալու ժամանակն է: Իմ Արցախս կորսնցնելէ յետոյ՝ թքած թէ կը միասնանա՞նք, թէ ոչ: Եթէ 30 ու աւելի տարիներ միասնական չենք եղած, հիմա թքած թէ ով ի՛նչ կը մտածէ, կ՚ուզեմ իրար «ուտէք», կ՚ուզեմ խելագարիք, որ զիս հասկնաք: Անպատիւնե՛ր:
Հարազատներս գտնելու համար 59 դիակ զննեցի, մեծ հայրիկ մը մօտեցաւ, թէ մեղք ես, բալէ՛ս, գնա՛ տուն, ջահել աղջիկ ես, դուն տակաւին երեխայ պիտի ունենաս, ինչո՞ւ դուն եկած ես, ձեր տունի տղամարդոց ըսէ, թող գան փնտռեն: Ըսի՝ պապիկ, ես մեր տունի տղամարդիկը կը փնտռեմ… Ու փնտռելու ընթացքին բախուեցայ իմ եղբօրս ընկերոջը՝ կատակասէր, դրական, կեանքով լեցուն Վիթալիին, որուն առաջ հազար անգամ հաց դրած եմ մեր տունը, որու երբեւէ չեմ պատկերացուցած, որ զինք կը տեսնեմ այդ վիճակին մէջ, որ տարինք հողին յանձնեցինք, որուն մայրը չկարողացաւ կէս ժամուան ճանապարհը կտրէր ու գար որդիին վերջին հրաժեշտը տալու, քանի որ շրջափակման մէջ է:
Անիծուիք ու անորդի մնաք դուք, հայ դաւաճաննե՛ր:
Մինչեւ Արցախը յանձնելու վերջին օրը զինուորական կոչումներ կու տայիք, կենդանինե՛ր:
ԾՈՎԻՆԱՐ ԲԱՐԽՈՒԴԱՐԵԱՆ (Արցախի հանրային հեռուստաընկերութեան աշխատակից) - Մենք այսօր հողին կը յանձնենք մեր երեխաները:
Հող, որ կ՚ըսեն, թէ մերը չէ: Մենք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ ենք...
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՐԳՍԵԱՆ (Ստեփանակերտ) - Սուրբ Յակոբավանքի տարածքէն հանեցի երկու խաչքարի կտոր, որ օր մը կը վերադարձնեմ: Եթէ տարհանեն մեզ, կը խնդրեմ՝ որ կարող է հանէք մէկ խաչքար, որպէսզի թէկուզ ծեր տարիքին ետ բերենք մեր հայրենիք…
ԳՈՒՐԳԷՆ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ (Արցախցի օփերայի երգիչ, Արցախի «Շունչ» ձայնի պահպանման դպրոցի հիմնադիր, Ստեփանակերտ) - Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին մասին՝ կարճ։
Ամբողջ Ստեփանակերտին մէջ տարհանուած մարդիկ են, որոնք կը գտնուին ահաւոր պայմաններու մէջ։ Մարդիկ կը քնանան պանդոկներու միջանցքներու մէջ, բոլորը անօթի են։
Քաղաքին մէջ բոլորը զիրար կը փնտռեն: Ստեփանակերտով քայլելու ընթացքին անընդհատ մարդիկ կը մօտենան եւ իրենց հարազատներու լուսանկարները բռնած կը հարցնեն՝ արդեօք տեսա՞ծ էք այդ մարդուն։ Ամէնուր յուղարկաւորում է։
Անսահման թիւով մարդիկ շրջափակման մէջ են, որոշ մարդոց, ըստ իմ ունեցած տուեալներու, յաջողած են դուրս բերել (թէ ով ատիկա կազմակերպած է՝ յստակ չեմ գիտեր)։
Զոհուած են բազում ծանօթներ, հեռաւոր բարեկամներ, զոհուած են քոլէճի ուսանողներէն.. Այս մէկը, ինծի համար որպէս դասատուի՝ ամենածանրն էր։
Այս իրավիճակը անհնար է նկարագրել որեւէ բառով…
Թէ ինչ եղած է ինծի հետ ու ինչ ապրումներ ունեցած եմ ու նաեւ՝ կ՚ունենամ, պիտի չբաժնեմ ձեզի հետ երբեք:
ԱՇՈՏ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ (Հասարակական գործիչ, Արցախ) - Չկարծէք, թէ այդպէս դիւրին է ամէն բան: Չկարծէք, թէ ուրախ, զուարթ կը ձգենք, կու գանք, (եւ նաեւ հարց՝ կու գա՞նք, թէ ոչ):
Բայց եթէ ինչ-որ մէկը կրկին ինծի գրէ, թէ Արցախի մէջ պէտք է մնալ, սարսափելի կերպով պիտի վիրաւորեմ զայն:
Կ՚ուզէ՞ք մնալ, եկէք, մնացէք, մեզ հանգիստ ձգեցէք:
ՀԵՐՄԻՆԷ ԶԱՐԳԱՐԵԱՆ (Արցախի հանրապետական հիւանդանոցի բժշկուհի) - Իմ երազային ըլլալս ու կոպտութիւնը անհամատեղելի կերպով կ՚ապրէին: Հիմա իրավիճակն է այսպիսին, ո՛չ՝ հոգեվիճակս:
Ես կ՚ուզեմ փրկել իմ հոգիիս վերջին մարդկային նշոյլները, ատոր համար կը ջանամ զերծ մնալ ազգիս պառակտումը տեսնելէ, որ աւելի չատեմ կեանքն ու մարդիկը: Արցախի իյնալը իմ աչքերովս տեսայ, հայուն իյնալը չեմ ուզեր տեսնել:
Ինծի հարազատ մարդիկ, լա՛ւ եմ, վստահ եմ ինծի հետ կապուելու տարբերակ կը գտնէք: Շնորհակալ եմ ամէնքուդ, որ մտահոգուած էք ու հետս էք, Արցախի ու արցախցիի հետ էք, շնորհակալ եմ անտարբեր մարդոց, ձեր տուած դասը աւելի՛ հզօր էր... Օր մը բոլորս զիրար կը հասկնանք… Երեւի… յուսամ...
Ես զէնքերս վար կը դնեմ...
Կը վերադառնամ. երեւի... յուսամ...
ԱՐԾԻՒ ԼԱԼԱՅԵԱՆ (Արցախցի նկարիչ) - Իմ վիրաւոր Արցա՛խ, արդեօք կը բուժուի՞ն քու վէրքերդ…
 
Անուշ Թրուանց
Նիւթը՝   Պոլսոյ «Ժամանակ»էն
arevelk.am


ՀԱՅԱԶԴ կայք Նմանատիպ Լուրեր
ևս,14,նահանգ,հետևել,է,կոլորադոյի,օրինակին,և,արգելել,թրամփին,մասնակցելու,ամն,նախագահի,ընտրություններին , ԱՄՆ ևս 14 նահանգ հետևել է Կոլորադոյի օրինակին և արգելել Թրամփին մասնակցելու ԱՄՆ նախագահի ընտրություններին
ԱՄՆ ևս 14 նահանգ հետևել է Կոլորադոյի օրինակին և արգելել Թրամփին մասնակցելու ԱՄՆ նախագահի ընտրություններին
Նախօրեին հայտնի է դարձել, որ Կոլորադոյի Գերագույն դատարանն արգելել է Դոնալդ Թրամփին մասնակցել փրայմերիզներին։
աշխատանքները,նախ,կսկսվեն,հայաստանի,ազատ,առևտրի,համաձայնագրի,ստորագրումը՝,օրեր,իրան-եատմ , «Աշխատանքները նախ կսկսվեն Հայաստանի հետ»․ Իրան-ԵԱՏՄ ազատ առևտրի համաձայնագրի ստորագրումը՝ օրեր անց
«Աշխատանքները նախ կսկսվեն Հայաստանի հետ»․ Իրան-ԵԱՏՄ ազատ առևտրի համաձայնագրի ստորագրումը՝ օրեր անց
Դեկտեմբերի 25-ին կստորագրվի Իրան-ԵԱՏՄ ազատ առևտրի համաձայնագիրը։ Իրանական կողմի փոխանցմամբ՝ արտոնությունների հետ կապված աշխատանքները նախ կսկսվեն Հայաստանի հետ։ Փոխադարձ առևտրում մաքսատուրքից կազատվեն ՀՀ–ից Իրան արտահանման առաջնային հետաքրություն ներկայացնող ապրանքները։
եթե,ռումբերը,չոչնչացնեն,գազայի,հատվածի,բնակչությանը,սովն,ու,հիվանդությունները,կանեն․,«բժիշկներ,առանց,սահմանների»,կազմակերպություն , Եթե ռումբերը չոչնչացնեն Գազայի հատվածի բնակչությանը, սովն ու հիվանդությունները կանեն․ «Բժիշկներ առանց սահմանների» կազմակերպություն
Եթե ռումբերը չոչնչացնեն Գազայի հատվածի բնակչությանը, սովն ու հիվանդությունները կանեն․ «Բժիշկներ առանց սահմանների» կազմակերպություն
«Բժիշկներ առանց սահմանների» միջազգային մարդասիրական կազմակերպությունը դատապարտել է Գազայի հատվածում «միջազգային մարդասիրական իրավունքի կոպտագույն խախտումը», Իսպանիայում հայտարարել է հասարակական կազմակերպության գլխավոր տնօրեն Մարտա Կանյասը։
ամն,ամն-պատժամիջոցներ,ռուսական-ընկերությունների-դեմ-պատժամիջոցներ,bellatrix-energy-limited,covart-energy-limited,sun-ship-management-d,voliton-dmcc , ԱՄՆ-ն ընդլայնել է ռուսական ընկերությունների դեմ պատժամիջոցները
ԱՄՆ-ն ընդլայնել է ռուսական ընկերությունների դեմ պատժամիջոցները
ԱՄՆ-ն ընդլայնել է պատժամիջոցները ռուսական չորս ընկերությունների և նավթամթերք տեղափոխող տանկերի նկատմամբ:
ամն-թուրքիա,հարաբերությունները,դժգոհություն,առաջացրել,կողմում,հունական , ԱՄՆ-Թուրքիա հարաբերությունները դժգոհություն են առաջացրել հունական կողմում
ԱՄՆ-Թուրքիա հարաբերությունները դժգոհություն են առաջացրել հունական կողմում
Հունաստան-Ամերիկա առաջնորդության խորհրդի գործադիր տնօրեն Էնդի Զեմենդիեսը թուրք-հունական հարաբերություններում նկատվող դրական դինամիկայի ֆոնին բողոք պարունակող նամակ է ուղարկել ԱՄՆ-ի պետքարտուղարություն։
ֆրանսիա,ֆրանսիայի-ազգային-ժողով,սահմանադրական-խորհուրդ,էմանուել-մակրոն,միգրացիայի-մասին-աղմկահարույց-օրենք,ներգաղթի-կանոնները-խստացնելու-մասին-օրինագիծ,ներգաղթի-մասին-օրենսդրության-բարեփոխում , Մակրոնը միգրացիայի մասին աղմկահարույց օրենքն ուղարկում է Սահմանադրական խորհուրդ
Մակրոնը միգրացիայի մասին աղմկահարույց օրենքն ուղարկում է Սահմանադրական խորհուրդ
Ֆրանսիայի Ազգային ժողովի (խորհրդարանի ստորին պալատ) կողմից դեկտեմբերի 19-ին ընդունված ներգաղթի կանոնները խստացնելու մասին օրինագիծը նախագահ Էմանուել Մակրոնի որոշմամբ կներկայացվի Սահմանադրական խորհրդի հաստատմանը։ «Արմենպրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին նախարարների խորհրդի նիստից հետո ճեպազրույցում ասել է նախարարների կաբինետի պաշտոնական ներկայացուցիչ Օլիվյե Վերանը։

<< Հայազդ>> կայքում արտահայտված որոշ կարծիքները պարտադիր չէ, որ համընկնեն կայքի խմբագրության տեսակետի հետ: