ՀԱՅԱԶԴ կայք
ՀԱՅԱԶԴ կայք
Իշխանութեան համար պայքար Արցախի մէջ. 1992

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն Քսանմէկերորդ գլուխ Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի մէջ 1990-1992 թուականներուն իշխանութեան էին երեք տարբեր գաղափարախօսութիւններ կրող ոյժեր:

Եթէ Ատրպէյճանի մէջ համայնավարները եւ նախագահ Այազ Մութալիպովը իշխանութիւնը կրցան պահել մինչեւ 1992ի գարունը` Հայաստանի մէջ երկրին կառավարումը 1990ի Օգոստոսէն սկսած Հ. Հ. Շ.ն կ’իրականացնէր:
Չճանչցուած, սակայն ինքնուրոյն ռազմա-քաղաքական միաւոր եղող Ղարաբաղի մէջ վիճակն ուրիշ էր: 28 Դեկտեմբեր 1991ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները իշխանութեան բերած էին Դաշնակցութիւնը, որուն հետ Հ. Հ. Շ.ն եւ Տէր Պետրոսեանը լուրջ տարաձայնութիւններ ունէին: Մինչեւ 1992ի Օգոստոսը, Ղարաբաղի մէջ ըստ էութեան երկիշխանութիւն էր. Գերագոյն Խորհուրդին նախագահութիւնը դաշնակցական էր, իսկ գործադիր իշխանութեան մէջ Երեւանի հետ համագործակցողներն էին` ըստ Տէր Պետրոսեանի` ՙՀ. Հ. Շ.ի տեղական ցանցը՚:
6 Յունուարին տեղի ունեցած էր Ղարաբաղի խորհրդարանին առաջին նիստը եւ ընդունուած Լ. Ղ. Հ.ի պետական անկախութեան հռչակագիրը: 8 Յունուարի նիստին Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ ընտրուած էր 33ամեայ Արթուր Մկրտչեանը, տեղակալ` Կէորկի Պետրոսեանը: Վարչապետի պաշտօնին հաստատուած էր Օլէկ Եսայեանը:
Սամուէլ Շահմուրատեանի օրագիրին մէջ կը կարդանք. ՙԵրէկ (7 Յունուարին) սկսան Լ. Ղ. Հ.ի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահի ընտրութիւնները: Բոլորն ինքնաբացարկ յայտնեցին, մնացին Լէոնարտ Պետրոսեանը եւ Արթուր Մկրտչեանը: Արթուրը, շատերուն համար անսպասելիօրէն, կտրուկ կերպով առջեւ անցաւ եւ քիչ կը մնար, որ յաղթէր: Այսօր (8 Յունուարին) կը մնան Արթուր Մկրտչեանը, Ռոպէրթ Քոչարեանը եւ Վակիֆ Գալստեանը: Պարզ է, որ յաջորդ փուլ կ’անցնին Արթուրն ու Ռոպէրթը: Քոչարեանն ըսաւ, թէ քանի որ Հայաստանի ղեկավարութեան եւ Հ. Յ. Դ.ի միջեւ լուրջ հակասութիւններ կան, Արցախի մէջ դաշնակցական նախագահ ընտրելը փափաքելի չէ, Հայաստանի եւ Լ. Ղ. Հ.ի գործողութիւնները կրնան անհամահունչ դառնալ: Վաղը, աւելցուց Քոչարեանը, եթէ Հայաստանի մէջ իշխանութեան գան դաշնակցականները, ես ինքս, Հ. Հ. Շ.ի վարչութեան անդամ ըլլալով, առաջինը կոչ կ’ընեմ, որ Արցախի մէջ նախագահ ընտրուի Դաշնակցութեան անդամը՚:
Մկրտչեանի ընտրութիւնը շատերուն համար անսպասելի էր: Առաջին խորհրդարանի պատգամաւորներէն Մուրատ Պետրոսեանը կը յիշէ. ՙՈրեւէ մէկը չէր կասկածեր, որ նախագահի պաշտօնը պէտք է զբաղցնէ Քոչարեանը, որուն, ամէն ինչէ բացի, կ’աջակցէր պաշտօնական Երեւանը£ Բայց Ռոպէրթը մինչեւ նիստն սկսիլը կը յայտարարէ. ՙՆախագահի պաշտօնին համար պիտի քուէարկուի Լէոնարտ Պետրոսեանը՚: Ինչքան ալ անոր բացատրեցինք, որ ՙԼէոնարտը չ’անցնիր՚` անօգուտ եղաւ£ Մեր կանխագուշակումը հաստատուեցաւ. Պետրոսեանն ընդամէնը 8 ձայն հաւաքեց: Քոչարեանն ու շատերը ցնցահարուածի մէջ էին ո’չ միայն Մկրտչեանի զգայացունց ընտրութենէն: Պարզուեցաւ, որ խորհրդարանի պատգամաւորներուն կէսը Դաշնակցութեան անդամ է՚:
Նախագահի ընտրութենէն յետոյ եկած էր վարչապետի հարցը: Նիստէն առաջ կը հաւաքուին Փոլեանիչքոյի ժամանակներուն ստեղծուած եւ ընդյատակին մէջ գործած Համակարգող Խորհուրդին անդամները. Դաշնակցութենէն` Ժաննա Գալստեանը, Վալերի Բալայեանն ու Կէորկի Պետրոսեանը, եւ Տէր Պետրոսեանի աջակցութիւնը վայելող խումբը` Ռոպէրթ Քոչարեանը, Սերժ Սարգսեանն ու Մուրատ Պետրոսեանը, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը` Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը:
ՙՔոչարեանը նման հաւաքական մարմնի ստեղծումը երբեք չէր ընդուներ եթէ կարիքը չ’ըլլար: Դաշնակցականներն Արցախի մէջ 1990ի վերջէն ռազմական ու քաղաքական մեծ ոյժ կը ներկայացնէին, այս կամ այն հիմնախնդիրին վերաբերեալ տարընթերցումներէն խուսափելու համար պէտք էր մարմին մը, ուր նախօրօք քննարկուէին սկզբունքային նշանակութիւն ունեցող հարցերը… Վարչապետի պաշտօնին համար Քոչարեանն ու Սարգսեանն առաջարկեցին Եսայեանի, ես` Առուշանեանի թեկնածութիւնը: Դաշնակցականները ողջամիտ եղան, Ղարաբաղի մէջ բարձրագոյն պաշտօնը ՙզաւթելէն՚ բերկրաթմբիրի մէջ չինկան եւ որոշեցին իր նշանակութեամբ երկրորդ պաշտօնը ձեռք անցընելուն չձգտիլ` զայն քոչարեանական թեւի հայեցողութեան ձգելով: Ժաննա Գալստեանը փոխզիջումային տարբերակ առաջարկեց. Եսայեանը` վարչապետ, Առուշանեանը` առաջին տեղակալ՚,- կը գրէ Մուրատ Պետրոսեանը:
Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութիւնը զգալի մեծամասնութեամբ դաշնակցական եղաւ: Տեղակալի պաշտօնին ալ այդ կուսակցութեան անդամ Կէորկի Պետրոսեանն ընտրուեցաւ: Հ. Յ. Դ.ն շատ կ’ուզէր, որ առաջին տեղակալի աթոռը Քոչարեանը զբաղցնէ:
ՙԱն կտրականապէս մերժեց. ՙԵս երբեք Արթուր Մկրտչեանի տեղակալ չեմ դառնար՚£ Երկու օր շարունակ Քոչարեանը կը համոզէինք, որ բարեհաճի նախագահի առաջին տեղակալի պաշտօնն զբաղցնել£ Մենք մտահոգուած էինք Ղարաբաղեան Շարժման մէջ միասնութեան պահպանմամբ, զոր արհեստականօրէն կը պառակտէին Հ. Յ. Դ.ի եւ Հ. Հ. Շ.ի ղեկավարները` իրենց կուսակցական շահերը հետապնդելով£ Այնուամենայնիւ, համատեղ ջանքերով, երրորդ օրը Քոչարեանի դիմադրութիւնը յաղթահարուեցաւ՚,- կը գրէ Պետրոսեանը:
Սակայն Գերագոյն Խորհուրդին անդամները Քոչարեանին ՙդէմ՚ կը քուէարկեն£ Լեռնային Ղարաբաղի առաջին խորհրդարանի գոյութեան ամբողջ ժամկէտի ընթացքին նախագահի առաջին տեղակալի պաշտօնը թափուր կը մնայ: 14 Ապրիլ 1992ին Արթուր Մկրտչեանի` իր բնակարանին մէջ խորհրդաւոր պայմաններու մէջ ողբերգական մահէն (սպանութենէն) յետոյ, քանի որ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահի առաջին տեղակալի աթոռը թափուր էր, նախագահի պարտաւորութիւնները կը ստանձնէ Կէորկի Պետրոսեանը:
Հայաստանի ղեկավարը, Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութիւնը եւ կառավարութիւնը յայտարարեցին, որ ՙխոր կսկիծով ընդունած են Արթուր Մկրտչեանի սպանութեան գոյժը՚: Կատարուածը կ’որակուէր ՙչարանենգ սպանութիւն՚, որ ՙազգային-ազատագրական պայքարի ելած ժողովուրդին ոյժերը ջլատելու եւ խուճապ սերմանելու նպատակ ունի՚: Նախագահ Տէր Պետրոսեանի հրամանագիրով` 17 Ապրիլին Հայաստանի մէջ սուգ յայտարարուեցաւ: Երրորդ հանրապետութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով` պետական դրօշն իջեցուեցաւ:
Մկրտչեանի ողբերգական մահուան անդրադարձան նաեւ խոշոր պետութիւնները: Սպանութեան կապակցութեամբ Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան ցաւ յայտնեցին: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեանն անհանգստացուցած էր ՙանյայտ անձանց՚ իրականացուցած սպանութիւնը. ՙՌուսիան վճռականօրէն կը դատապարտէ այդ տմարդի քայլը, որ նոր ողբերգական օղակ դարձաւ Ղարաբաղի ատրպէյճանցի եւ հայազգի բնակչութեան անմիտ զոհերու շղթային մէջ՚:
Արթուր Մկրտչեանի մահէն (սպանութենէն) յետոյ ներիշխանական հակասութիւնները չհարթուեցան: Տէր Պետրոսեանն անուղղելի անհանդուրժողականութիւն ունէր Հ. Յ. Դ.ի նկատմամբ: Առաջին նախագահին եւ Հ. Յ. Դ.ին միջեւ ստեղծուած լարուածութեան ալիքը Հայաստանէն կը հասնէր նաեւ Ղարաբաղ:
Դաշնակցական Հրանդ Մարգարեանը Հ. Յ. Դ.ի նկատմամբ Հայաստանի մէջ պետական մակարդակով ճնշումները, յետագային նաեւ` բռնութիւնները կը նկատէ ամենահակասական եւ ծանր օրերը կուսակցութեան համար: Յարաբերութիւնները Ռոպէրթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հետ ան այսպէս կը ներկայացնէ. ՙՄեզի համար փափաքելի չէր, որ Ղարաբաղի իշխանութեանց յարաբերութիւնները Հայաստանի իշխանութեանց հետ լաւ չէին: Մենք նոյնիսկ այնքան էինք առջեւ գացած, որ կ’առաջարկէինք բացէիբաց գէշ ըլլալ, բայց ներքուստ ամէն ինչ ընել համադրուած` յանուն մեր երկրի: Մենք միշտ կը մտածէինք` Ղարաբաղի մէջ պէտք է ոյժ մը ըլլայ, որ այդ յարաբերութեան խողովակն ըլլայ Հայաստանի հետ: Այդ խողովակին մենք չէինք նայեր թշնամաբար, այլ` իրատեսօրէն: Այդ մարդոց հետ մենք 1990-1991ին միասին պայքարած էինք համայնավար իշխանութեան դէմ, այդ ժամանակ մենք միացեալ կեդրոնակայան (շտապ) ունէինք: Կը հասկնայինք, որ այդ մարդիկ Ղարաբաղի պայքարին հետ են՚:
Լեւոն Մելիք-Շահնազարեանը Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն Խորհուրդի Արտաքին Յարաբերութիւննեու Յանձնաժողովի նախագահն էր: Ան կ’ընդունի, որ ատրպէյճանցիներուն դէմ պայքարէն բացի, նաեւ ներքին պայքար կար:
ՙՆերքին պայքարի մէջ գտնուող երկու կողմերն ալ նոյն խնդիրը կը լուծէին, եւ երբ լուծման պահը կու գար` զիրար ո’չ միայն չէին խանգարեր, այլեւ` կը համագործակցէին: Այո’, պայքար կ’ընթանար իշխանութեան համար: Այսօր ես կրնամ ըսել, որ ատիկա ո’չ այնքան իշխանութեան, որքան գաղափարի’ պայքար էր: Հայաստանի ղեկավարութիւնն այդ տարիներուն ընտրած էր ո’չ թէ ազգային-ազատագրական պայքարի շարունակութիւնը, այլ` ժողովրդավարութեան ուղին, զոր անընդունելի էր շարք մը մարդոց, այդ թուին` նաեւ ինծի համար: Ես կ’ըսէի, որ սկիզբը պէտք է լուծուին ազգային հարցերը, որմէ ետք կրնաս լուծել որեւէ հարց` որքան ալ ան կարեւոր ըլլայ: Ղարաբաղի մէջ պայքարն ընթացած է միեւնոյն նպատակին ծառայած մարդոց միջեւ, սակայն մէկ մասն ստիպուած էր Երեւանէն թելադրուող գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուելու՚,- կ’ըսէ ան:
Երեք օրերու ընթացքին` 3-5 Յունիս 1992ին խորհրդարանին մէջ տեղի կ’ունենան քանի մը քուէարկութիւններ, սակայն ո’չ Կէորկի Պետրոսեանը, ո’չ ալ Ռոպէրթ Քոչարեանը կը յաջողին նախագահ ընտրուելու անհրաժեշտ ձայներ ապահովել: Յունիսի նիստին կ’առաջադրուին Քոչարեանի եւ Պետրոսեանի թեկնածութիւնները: Պատգամաւոր Հրանդ Խաչատրեանը կ’առաջարկէ թեկնածուներու նախընտրական ծրագիրները լսելէն առաջ ստանալ Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդին հաւաստիացումը, որ ընտրութեան արդիւնքները Հայաստանի եւ Ղարաբաղի յարաբերութեանց վրայ պիտի չանդրադառնան: Վազգէն Սարգսեանի եւ Ստեփանակերտ գտնուող ուրիշ պաշտօնեաներու հետ նիստին ներկայ եղող Բաբգէն Արարքցեանը նման հաւաստիացում կու տայ: Փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ Պետրոսեանը կը ստանայ 30, իսկ Քոչարեանը` 23 ձայն: Նախագահ ընտրուելու համար անհրաժեշտ էր 41 քուէ ստանալ:
Պետրոսեանը եւ Քոչարեանը երկրորդ անգամ կ’առաջադրուին: Քուէարկութենէն առաջ ելոյթ կ’ունենայ Վազգէն Սարգսեանը, սակայն այդ ալ չ’օգնէր. Պետրոսեանը կը ստանայ 26, Քոչարեանը` 27 ձայն: Քուէարկութենէն ետք կրկին ելոյթ կ’ունենայ Արարքցեանը ու կ’աջակցի Քոչարեանին: 4 Յունիսի նիստին խորհրդարանը կ’որոշէ, որ իւրաքանչիւր թեկնածու կրնայ երեք անգամէն ոչ աւելի քուէարկուիլ: Կրկին կ’առաջադրուին Քոչարեանի եւ Պետրոսեանի, նաեւ Շահէն Մեղրեանի, Վլատիմիր Յակոբեանի ու Պորիս Առուշանեանի թեկնածութիւնները: Վերջին երկուքը կը հանեն իրենց թեկնածութիւնը, որմէ ետք անսպասելիօրէն ինքնաբացարկ կը յայտնեն նախ Պետրոսեանը, ապա` Քոչարեանը: Նախընտրական ծրագիրով ելոյթ կ’ունենայ Մեղրեանը, ապա քուէարկութիւն կը կատարուի: Մեղրեանի օգտին 33 պատգամաւոր կը քուէարկէ:
Վարչապետ Եսայեանը կ’առաջարկէ կողմերու ներկայացուցիչներէն կազմուած համաձայնեցնող յանձնաժողով մը ստեղծել: Հերթական ընդմիջումէն ետք կը բանակցին մէկ կողմէ Կէորկի Պետրոսեանը, Շահէն Մեղրեանը, Լեւոն Մելիք-Շահնազարեանն ու Վալերի Բալայեանը, միւս կողմէ` Ռոպէրթ Քոչարեանը, Լէոնարտ Պետրոսեանը, Օլէկ Եսայեանն ու Սերժ Սարգսեանը: 5 Յունիսի նիստն սկսելէն առաջ պատգամաւորները կը տեղեկացուին, որ բանակցութիւններն ապարդիւն եղած են: Կ’որոշուի նիստին հրաւիրել Արքատի Տէր Թադեւոսեանն ու Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը: Ընդմիջումէն ետք ելոյթ կ’ունենան Շիրխանեանը, Տէր Թադեւոսեանը եւ Մեղրեանը:
1992-1993ին Լ. Ղ. Հ.ի Գերագոյն Խորհուրդի Լրատուական Ծառայութեան ղեկավար Գեղամ Պաղտասարեանն այդ քուէարկութիւններէն մէկը այսօրուայ պէս կը յիշէ: ՙԱրթուրի մահէն ետք անոր տեղակալ Կէորկի Պետրոսեանը պաշտօնակատար էր: Քանիցս նախագահ ընտրելու փորձ եղաւ, բայց որեւէ մէկը չէր անցներ: Ո’չ Կէորկին պաշտօնակատարէն նախագահ կը դառնար (պաշտօնակատար ալ մնաց մինչեւ հրաժարականը), ո’չ ալ Քոչարեանը կ’ընտրուէր: Քուէարկութիւններէն մէկուն ատեն Քոչարեանը չէր ընտրուեր ու չէր ընտրուեր, թէեւ Հայաստանէն պատկառելի պատուիրակութիւն մը եկած էր անոր սատարելու համար: Որեւէ փաստարկ չէր ազդեր: Ի վերջոյ, Շիրխանեանը, ՙյուսահատած՚, բերաւ վերջին փաստարկը. ՙԵթէ մեր թեկնածուն չընտրէք` ալիւրի մատակարարումը կասկածի տակ պիտի դրուի՚:
Մելիք-Շահնազարեանն այսօր մանրամասնութեամբ չի յիշէր այդ օրերուն խորհրդարանին մէջ հնչած ելոյթներուն բովանդակութիւնը, բայց վստահ է մէկ հարցով. ՙՀայաստանէն Արարքցեանի գլխաւորութեամբ եկած պատուիրակութիւնն աւելի կը խանգարէր իր թիմակիցները, որովհետեւ պատերազմի դաշտէն եկած ղարաբաղցի պատգամաւորին համար չկռուող ղեկավարը մեծ արժէք չունէր: Մեր տղաներէն ՙՏուշման՚ Վարդանը, որ եկած էր Հայաստանէն, շատ աւելի մեծ հեղինակութիւն էր, քան այդ ժամանակուան Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդին Նախագահութիւնը: Ռոպէրթ Քոչարեանը, Սերժ Սարգսեանն ու Լէոնարտ Պետրոսեանը շատ աւելի ազգային էին, քան այն մարդիկ, որոնք զանոնք կը պաշտպանէին Երեւանէն՚:
Դաշնակցական Հրայր Կարապետեանը կը կարծէ, որ եթէ նախագահին ընտրութիւնը արցախցիներուն ձգուէր` լուծումներն ուրիշ կ’ըլլային. ՙԳերագոյն Խորհուրդի նախագահ ընտրուելու համար Մեղրեանին քանի մը ձայն պակսեցաւ: Տէր Պետրոսեանի անունէն ուղղակիօրէն կը սպառնային Լ. Ղ. Հ.ի խորհրդարանի պատգամաւորներուն, ամէն ինչ կ’ընէին, որպէսզի Հ. Յ. Դ.ի ներկայացուցիչը չընտրուի: Երբ դրուեցաւ Մեղրեանի թեկնածութիւնը, պարզուեցաւ, որ ընտրուելու հնարաւորութիւններ ունի: Սկսաւ քաղաքական սպառնալիքը: Բացայայտօրէն կ’ըսէին` եթէ Մեղրեանն ընտրուի` Հայաստանէն որեւէ փամփուշտ չի ստանար: Անկէ յետոյ Շահէնը ձգեց գնաց իր գործին` Շահումեանի ինքնապաշտպանութեան, բայց անոր նկատմամբ Հ. Հ. Շ.ի ՙթոյնը՚ մնաց: Եւ ո’չ միայն անոր, այլեւ` իւրաքանչիւր դաշնակցականի նկատմամբ: Կուսակցական տարբերակումը նոյնինքն Հ. Հ. Շ.ն դրած է: Մենք մարտի դաշտին մէջ ունէինք միայն մէկ թշնամի, իսկ կողքէն եւ թիկունքէն թշնամիներ չէինք փնտռեր՚:
Ղարաբաղի մէջ շարունակուող իշխանական պայքարը կը վերջանայ Պաշտպանութեան Պետական Կոմիտէի (Պ. Պ. Կ.) ձեւաւորումով: 14-15 Օգոստոսին Գերագոյն Խորհուրդի եւ Նախարարներու Խորհուրդի համատեղ նիստին կ’որոշուի Պ. Պ. Կ. ստեղծել: Այս քայլը կը բացատրուէր Ատրպէյճանի լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն միասնական ճակատով դիմակայելու անհրաժեշտութեամբ: Պ. Պ. Կ.ի նախագահ կը նշանակուի Ռոպէրթ Քոչարեանը, որու վրայ կը դրուին նաեւ կառավարութեան ղեկավարի լիազօրութիւնները:
Քոչարեանը 1992ի օգոստոսեան օրերն այսպէս ներկայացուցած է. ՙԻրադրութիւնը խուճապային էր: Ատրպէյճանական ոյժերը գրաւած էին Ղարաբաղի 48 տոկոսը, վիթխարի քանակութեամբ փախստականներ կային, կիսացնցահարուածային վիճակի մէջ յայտնուած Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան մշտական նիստերն որոշումներ տալու անկարող կ’ըլլային: Երկու կամ երեք լուծում առաջարկեցի` ըսելով, որ զանոնք ընդունելու պարագային պատրաստ եմ յետագայ բոլոր գործողութեանց պատասխանատուութիւնն ստանձնելու: Ծրագիրը հետեւեալն էր` ռազմական դրութիւն մտցնել եւ Պաշտպանութեան Պետական Կոմիտէ ստեղծել: Ծրագիրը հաստատուեցաւ տառացիօրէն 30 կամ 40 վայրկեանի ընթացքին՚:
Վարչապետ Եսայեանը 10 Օգոստոսին հրաժարական տուած էր: Պ. Պ. Կ.ի ստեղծումը ան անհրաժեշտութիւն կը սեպէ. ՙՁեւաւորուած էին երեք կառոյցներ` կառավարութիւն, Գերագոյն Խորհուրդ եւ ինքնապաշտպանութեան ոյժեր` ռազմական ղեկավարութիւն: Երեք կառոյցներու իշխանական լծակներու, ինչպէս նաեւ Հ. Հ.-Լ. Ղ. Հ.ի յարաբերութեանց յստակեցման անհրաժեշտութիւն կար, ինչը Պ. Պ. Կ.ի կամ նմանատիպ ուրիշ մարմնի մը ձեւաւորումը կ’ենթադրէր: Անհրաժեշտ էր մարդ մը, որ աւելի ընկալելի եւ ընդունելի ըլլար թէ’ բանակին եւ թէ’ քաղաքական ոյժերուն համար: Իբրեւ այդպիսի անձի` Քոչարեանի կերպարն արդէն ձեւաւորուած էր՚:
Ըստ Լեւոն Մելիք-Շահնազարեանի` Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան հնարաւորութիւնները կտրուկ կերպով նուազած էին, իսկ Պ. Պ. Կ.ի ստեղծման կարիքը շատ մեծ էր. ՙՊ. Պ. Կ.ի նախագահի թեկնածուներուն միջեւ պայքար մղուեցաւ: Կամքով` Քոչարեանը Կէորկի Պետրոսեանէն շատ աւելի ուժեղ եւ փորձառու էր: Պ. Պ. Կ.ի նախագահի պաշտօնին Քոչարեանէն ուրիշ թեկնածու չկար, բայց ես ատիկա լաւագոյն ընտրութիւնը կը սեպեմ: Քոչարեանն առաջարկած է Պ. Պ. Կ.ն ստեղծել եւ ինքն ալ առաջարկած է այդ մարմինը ղեկավարել՚:
Պ. Պ. Կ.ի ստեղծումը երկու հիմնական նպատակ կը հետապնդէր` ներքին ոյժերը մէկ բռունցքի մէջ համախմբել եւ ապահովել կապը Հայաստանի իշխանութեանց հետ: Յառաջ կու գայ անհրաժեշտութիւն ստեղծելու նոր մարմին մը, զոր ղեկավարէր գործիչ մը, որ Հայաստանի իշխանութեանց հետ սերտ կապեր ունէր, կրնար անոնց հետ համագործակցիլ, օժանդակութիւն ստանալ: ՙԸնտրութիւնը կանգ առաւ Քոչարեանի թեկնածութեան վրայ: Տէր Պետրոսեանն ալ Քոչարեանի թեկնածութիւնը կ’առաջարկէր: Հ. Յ. Դ.ն ալ համաձայնեցաւ՚,- կ’ըսէ Առուշանեանը:
Կէորկի Պետրոսեանի կարծիքով` Պ. Պ. Կ.ի նախագահի ընտրութիւնը կանգ առաւ Քոչարեանի վրայ նաեւ այն պատճառով, որ Երեւանէն աջակցութիւն կը ստանար, համագործակցութեան փորձ ունէր. ՙԻւրաքանչիւր ճգնաժամային վիճակի մէջ մէկը պատասխանատուութիւնն իր վրայ կը վերցնէ: Ատիկա կու գայ մարդու բնաւորութենէն, անոր հաւատալէն եւ վստահելէն: Կարեւոր էին այդ մարդուն յարաբերութիւնները Երեւանի հետ՚:
ՙ1992ի ամրանը Լ. Ղ. Հ.ի մէջ եռիշխանութիւն հաստատուած էր: Գերագոյն Խորհուրդն իր նախագահութեամբ դիրքորոշում մը ունէր, կառավարութիւնը` մէկ ուրիշ դիրքորոշում: Կառավարութիւնը կը համագործակցէր Հայաստանի հետ, Գերագոյն Խորհուրդը` ոչ: Նորաստեղծ բանակն ալ ամբողջութեամբ բանակ չէր, առանձին ջոկատներ էին, ճիշդ է, կար հրամանատարութիւն` Պաշտպանութեան Կոմիտէ, զոր կը ղեկավարէր Սերժ Սարգսեանը, իսկ բանակին հրամանատարը Տէր Թադեւոսեանն էր: Այդ Կոմիտէն կ’ենթարկուէր կառավարութեան, ոչ թէ Գերագոյն Խորհուրդին, աւելի ճիշդ` կիսով չափ կ’ենթարկուէր, իսկ Շահումեանի ռազմական ղեկավարութիւնը մեզի հետ կապ չունէր եւ Հայաստանի` Վազգէն Սարգսեանի հետ կը համագործակցէր: Փաստօրէն, ստեղծուած էր եռիշխանութիւն կառավարման ոլորտին մէջ, երկիշխանութիւն` բանակին մէջ: Պ. Պ. Կ.ի ստեղծումով` այդ հակասութիւնները վերացան՚,- կ’ըսէ Պետրոսեանը:
Պ. Պ. Կ.ն կազմուած էր 7 անդամէ, որոնցմէ միայն երկուքը Գերագոյն Խորհուրդէն էին: Կարէն Բաբուրեանը կ’ապահովէր Պ. Պ. Կ.ին եւ Գերագոյն Խորհուրդին, իսկ խորհրդարանի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովը ղեկավարող Վալերի Բալայեանը` Գերագոյն Խորհուրդին եւ բանակին կապը: Քոչարեանի առաջին տեղակալ կը նշանակուի Առուշանեանը: Պ. Պ. Կ.ի միւս երեք անդամներն էին բանակի նախարար Սերժ Սարգսեանը, բանակի հրամանատար Սամուէլ Պապայեանը եւ ոստիկանութեան ղեկավար Արմէն Իսակուլովը:
Կէորկի Պետրոսեանը Պ. Պ. Կ.ի ստեղծման երկու երես կը նշէ: Առաջին` լայնածաւալ պատերազմ սկսած էր եւ դուն կրնայիր կորսնցնել ամէն ինչ` տարածք, կեանք, հայրենիք: Այս տեսակէտէն` պէտք էր բոլոր ոյժերը հաւաքել, միատեղել: Ոյժերը մէկ մարմնի մէջ կեդրոնացնելու որոշումն արդարացուած էր: Երկրորդ` պէտք էր պետականութեան օրինական հիմքերը պահպանել. ՙԱյս երկուքին մէջտեղը կուսակցական շահեր, իշխանական, անհատներու, մարդկային պայքար կային: Սա ամենալուրջ ժամանակահատուածն էր, որուն լուծումը մենք գտանք. օրէնսդիր իշխանութեան իրաւունքին մէկ մասը տուինք Պ. Պ. Կ.ին` լուծելով գերխնդիրը` պահպանել Գերագոյն Խորհուրդը` ուժեղացնելով Պ. Պ. Կ.ն: Ես նշեցի հարցի ընդամէնը երկու երեսը, բայց անիկա աներեւակայելի ամբողջութիւն մըն էր. շահերու բախում, համաձայնութիւն, համագործակցութիւն, ամէն ինչ: Իմ պատկերացմամբ` հնարաւոր քաղաքակիրթ լուծումն էր, որովհետեւ գերխնդիրը միայն պատերազմը չէր, պատերազմին զուգահեռ պէտք է պետութիւն ստեղծուէր: Յիսուն տարի յետոյ կարելի է ըսել` ճի՞շդ էր, թէ՞ սխալ՚:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Հ. Յ. Դ.ի իշխանութեան սահմանափակման հետ օր օրի կ’ուժեղանար Պ. Պ. Կ.ի զինուորական թեւը` ի դէմս 27ամեայ Սամուէլ Պապայեանի: ՙՊ. Պ. Կ.ի նախագահ Քոչարեանը կ’ընդունին թէ’ ռազմական եւ թէ’ քաղաքական շրջանակները: Տնտեսական հարցերը ան կը համակարգէր: Այդ ժամանակ Հ. Յ. Դ.ի հետ կապուած խնդիրներ կային, բայց Հ. Յ. Դ.ն ազդեցութեան լուրջ լծակներ չունէր: Քոչարեանը ամբողջովին կը տիրապետէր իրավիճակին, բոլոր որոշումները Պ. Պ. Կ.ի մէջ կը կայացուէին, իսկ ռազմական գործողութիւններու մանրամասնութեանց մասին տեղեակ կը պահէի ո’չ թէ Պ. Պ. Կ.ի բոլոր անդամները, այլ միայն` Քոչարեանը՚,- կ’ըսէ Պապայեանը:

Լուսանկարը՝ Շահէն Մեղրեան


Աղբյուր՝ aniarc.am


ՀԱՅԱԶԴ կայք Նմանատիպ Լուրեր
1908,երիտթուրքական-հեղափոխություն,արևմտահայություն,բազմահազարանոց-ցույցեր,հայությունը-երիտթուրքերի-ցույցերում,ազատություն-հավասարություն-եղբայրություն , Հայությունը՝ Երիտթուրքերի ցույցերում
Հայությունը՝ Երիտթուրքերի ցույցերում
1908 թվականի Երիտթուրքական հեղափոխության օրերին արևմտահայությունը մասնակցում էր բազմահազարանոց ցույցերին «ազատություն, հավասարություն, եղբայրություն» կարգախոսներով:
1919-1920,հայաստան,երևան,բաթումի,բաթումի-նավահանգիստ,թուրք-թաթար-թալանչիներ,բրիտանացի-զինվորների-վերահսկողության-տակ-գտնվող-զր,ամերիկյան-և-բրիտանական-մարդասիրական-օգնություն,բաթում-երևան-կյանքի-երկաթգիծը , 1919-1920 թթ. Բաթում-Երևան «Կյանքի երկաթգիծը»
1919-1920 թթ. Բաթում-Երևան «Կյանքի երկաթգիծը»
«Ազատության պաշտպան» զրահագնացքի բրիտանական զինվորական անձնակազմը, Երևան, 1920 թ.
ամն,թուրքիայի-դաշնակից-ամն,եվրոպական-մեծ-տերություններ,թուրքիա,խորհրդային-միություն,հայոց-ցեղասպանություն,երկրորդ-աշխարհամարտ,հայկական-հարց,արևմտյան-հայաստանի-վերադարձի-ծրագիր,վահրամ-հովյան , Թուրքիայի դաշնակից ԱՄՆ-ն տապալում է Արևմտյան Հայաստանի վերադարձի ծրագիրը
Թուրքիայի դաշնակից ԱՄՆ-ն տապալում է Արևմտյան Հայաստանի վերադարձի ծրագիրը
Եվրոպական մեծ տերությունները և Թուրքիայի դաշնակից ԱՄՆ-ն տապալում են Արևմտյան Հայաստանի վերադարձի ծրագիրը։ ԱՄՆ-ի ու Թուրքիայի հարաբերություններում կային որոշակի կնճիռներ։ Այդ համատեքստում 2021-ին ԱՄՆ-ն ճանաչեց Հայոց ցեղասպանությունը, թեև գործնականում մեծ հաշվով դա ոչինչ չի տալիս Հայկական հարցին։
հայ-ադրբեջանական,կոնֆերանս․,բաքու,1919-ի,դեկտեմբերի,14 , Հայ-ադրբեջանական կոնֆերանս․ Բաքու, 1919-ի դեկտեմբերի 14
Հայ-ադրբեջանական կոնֆերանս․ Բաքու, 1919-ի դեկտեմբերի 14
Ադրբեջանի կողմից հայ-ադրբեջանական կոնֆերանսին կմասնակցեն Ֆաթալի Խան Խոյսկին, Մամեդ Հասան Հաջինսկին և Մամեդ Ռզա Վեքիլովը։
հայերը,թուրքիան,ռուսաստանը,եւ,արեւմուտքը.,հայացք,1891,թվականից , Հայերը, Թուրքիան, Ռուսաստանը եւ Արեւմուտքը. հայացք 1891 թվականից
Հայերը, Թուրքիան, Ռուսաստանը եւ Արեւմուտքը. հայացք 1891 թվականից
Ներկայացնում ենք 1891 թվականի ապրիլին ամերիկյան The Atlantic Monthly ամսագրում հրապարակված Սեմյուել Գրին Ուիլեր Բենջամինի The Armenians and the Porte հոդվածի հայերեն թարգմանությունը:
ալեքսանդր-սոլժենիցինի-նոբելյան-պատմությունը,գրականության-նոբելյան-մրցանակ,շվեդիա,խսհմ,խսհմ-գերագույն-խորհուրդ,ստալինյան-ճամբարներ,հայրենիքից-բռնի-աքսոր,ռուս-ականավոր-մտածող-և-գրող,ալեքսանդր-սոլժենիցին , Ալեքսանդր Սոլժենիցինի նոբելյան պատմությունը
Ալեքսանդր Սոլժենիցինի նոբելյան պատմությունը
Խորհրդային Միությունում Սոլժենիցինին Նոբելյան մրցանակ շնորհելը ռումբի պայթյունի էֆեկտ ունեցավ։ Շատերն անկեղծորեն ուրախացան ռուս վառ և ազնիվ գրողի համաշխարհային ճանաչման համար: Սակայն իշխանությունները և պաշտոնական գրական հանրությունը թշնամաբար են ընդունել Շվեդիայի ակադեմիայի որոշումը։ ԽՄԿԿ Կենտկոմը Նոբելյան մրցանակակրին վարկաբեկելու մի ամբողջ ծրագիր էր մշակել։

<< Հայազդ>> կայքում արտահայտված որոշ կարծիքները պարտադիր չէ, որ համընկնեն կայքի խմբագրության տեսակետի հետ: