«Սփիւռքի մէջ պէտք է դիմակայել հայ ինքնութեան կորուստի սպառնալիքին».Մատթէոս (Մաթօ) Հախվերտեան

Հոլանտահայ գաղութի աշխոյժ դէմքերէն մին է Մատթէոս (Մաթօ) Հախվերտեան, որու գործունէութեան զանազան երեսակները կը վերաբերին նաեւ հայ իրականութեան հրատապ օրակարգին։ Վերջերս առիթն ունեցանք այդ բոլորին շուրջ իր կարծիքը շօշափելու։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր ուշագրաւ մօտեցումները։
-Երկար ժամանակէ ի վեր կ՚ապրիք Հոլանտայի մէջ եւ ներկայիս ի՞նչ են տեղւոյն հայ գաղութի առկայ մարտահրաւէրները։
-Ինչպէս աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, այնպէս ալ Հոլանտայի մէջ վերջին տասնամեակներուն հայ ազգաբնակչութեան թիւը եւ կազմը էականօրէն փոփոխութեան ենթարկուած են։ Եթէ անցեալ դարու 1950-ական թուականներուն Հոլանտա կը բնակէին Ինտոնեզիոյ նախկին հայ գաղութէն եւ Յունաստանէն «Նանսէնեան անձնագիր»ով վերաբնակեցուած քանի մը տասնեակ հայ ընտանիք, 1970-ական թուականներէն սկսեալ Հոլանտա հաստատուեցան հայեր Մերձաւոր Արեւելքի զանազան երկիրներէն եւ մասնաւորապէս Թուրքիայէն։ Հայութեան թիւը կտրականօրէն փոխուեցաւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն եւ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր։ Վերջին երեսուն տարուան ընթացքին հոլանտահայութեան թիւը հասաւ շուրջ 40 հազարի, նախկին տարիներու 3 հազարէն։ Այս բոլոր փոփոխութիւնները բնականաբար կը փոխեն հասարակական կարիքները եւ խնդիրները։ Որքան ալ տարօրինակ թուի, այս բոլոր տեղաշարժերէն չի փոխուիր մեր հիմնական խնդիրը՝ դիմակայել հայ ինքնութեան կորուստի սպառնալիքին եւ նպաստել սփիւռքի մէջ հայապահպանման։ Ի հարկէ, հայապահպանումը ինքնանպատակ չէ, այլ կը բխի հայ դարաւոր մշակութային արժէքները պահելու, հայրենիքին ծառայելու, հայրենի հողը վերաբնակեցնելու եւ հայրենիքը շէնացնելու ցանկութենէն։ Սա երքեք չի նշանակեր, որ հոլանտահայ կառոյցները անտարբեր են Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի այլ գաղթօճախներու խնդիրներու նկատմամբ։ Այսօր մեզի համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ունի Արցախի հայութեան ճակատագիրը եւ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գոյատեւման եւ զարգացման հարցերը։
-Ինչպէս ծանօթ է, կը ղեկավարէք Հոլանտայի հայկական համայնքէն ներս կարեւոր գործունէութիւն վարող «Աբովեան» միութիւնը։ Ի՞նչ են ձեր առաջնահերթութիւնները եւ միութեան համար առաջնային հիմնահարցերը։
-«Աբովեան» մշակութային միութիւնը կը գտնուի Հոլանտայի քաղաքական եւ մշակութային մայրաքաղաք Հաաքայի մէջ եւ արդէն շուրջ քառասուն տարիէ ի վեր գործունէութիւն կը ծաւալէ այս բազմազգ քաղաքէն ներս։ Մեզի համար կարեւոր է ո՛չ միայն հայ երեխաներու հայեցի դաստիարութիւնը՝ անոնց մատուցելով հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան, գրականութեան, երգի եւ պարի դասեր, այլեւ՝ անոնց ընդհանուր զարգացումը եւ ներգրաւումը հասարակական գործունէութեան մէջ։ «Աբովեան» միութեան երեխաները յաճախ ելոյթ կ՚ունենան հոլանտական եւ միջազգային փառատօներու եւ զանազան հասարակական միջոցառումներու ընթացքին։ «Աբովեան» մշակութային միութիւնը յաճախ կը կազմակերպէ հայկական մշակութային միջոցառումներ թէ՛ հոլանտահայութեան համար եւ թէ՛ հոլանտական կազմակերպութիւններու հետ. օրինակ՝ Հայ շարժանկարի փառատօնը, որ տեւեց աւելի քան երկու շաբաթ, որու ընթացքին ցուցադրուեցան բազմաթիւ հայ բեմադրիչներու ժապաւէններ. ինչպէս՝ Համօ Բէկնազարեան, Փարաճանով,Մամուլեան, Յարութ Խաչատրեան եւ այլք։ Թէեւ «Աբովեան» միութիւնը հիմնականօրէն կը զբաղի մշակութային գործունէութեամբ, սակայն միութեան անդամները ուշադրութեամբ կը հետեւին Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակին եւ պատրաստ են հանդէս գալ որեւէ առաջադրանքով, որ կը նպաստէ կացութեան դրական հանգուցալուծման։ «Աբովեան» միութիւնը Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնակցութեան անդամ է, իսկ FAON հոլանտական քաղաքական եւ հասարակական կառոյցներուն մէջ կը պաշտպանէ հոլանտահայութեան, Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքահայութեան շահերը։
-Եւրոպայի մէջ հայութիւնը կը շարունակէ երեւելի աշխատանքներ տանիլ։ Մասնաւորապէս Արցախի հարցով նկատելի է, թէ որքան կարեւոր քայլեր առին Եւրոպայի հայկական գաղութները։ Այդուհանդերձ, նկատելի է նաեւ, որ հայութիւնը միասնական ծրագիր մը եւ աշխատանք մը յառաջ չի տանիր։ Ի՞նչ է իսկական պատճառը առկայ բաժանումներուն։
-Առհասարակ անհնար է Եւրոպայի մէջ ստեղծել միասնական ծրագիր, քանի որ քաղաքական մշակոյթը խիստ տարբեր է եւրոպական երկիրներուն մէջ։ Ի հարկէ, սա չի խանգարեր ունենալ որոշ ռազմավարութիւն դրական արդիւնքի մը հասնելու համար։ Ցաւօք, Եւրոպայի մէջ չկայ համակարգող հայկական այնպիսի կառոյց, որ կը կարողանայ ղեկավարել այդպիսի ծանր աշխատանք։ Պէտք է խոստովանինք, որ եւրոպական զանազան երկիրներու մէջ չկան բաւարար թիւով փորձառու հայ մասնագէտներ, որոնք կրնան իրագործել նման ծրագիր առօրեայ դրութեամբ՝ այն ալ համարեա միշտ կամաւոր հիմունքներով։
Բաց աստի, կարեւոր որոշումները կ՚ընդունուին քաղաքական վերնախաւի կողմէ՝ ելլելով երկրի (կամ Եւրոպական Միութեան) քաղաքական եւ տնտեսական շահերէն։ Պարզ իրականութիւն է, որ Եւրոպայի հայութիւնը չունի այնպիսի լծակներ, որոնք ազդեցիկ դեր կ՚ունենան այդ բնագաւառին մէջ։ Հոլանտայի մէջ մեր հիմնական ամենաազդեցիկ կապերը խորհրդարանի պատգամաւորներու կամ Եւրոխորհուրդի ներկայացուցիչներու հետ են, որոնք կը կատարեն յայտարարութիւններ, հարցադրումներ, կ՚ընդունին բանաձեւեր։ Իսկ գործադիր իշխանութիւնը կ՚առնէ իր որոշումը՝ ելլելով այլ նկատառումներէ եւ շահերէ։
-Վերջին ժամանակներուն արցախցի բարձրաստիճան պատասխանատուներ խոր մտահոգութիւն արտայայտեցին, թէ Արցախի խնդրով եւ յատկապէս այս ճգնաժամային օրերուն սփիւռքահայութիւնը լուռ է։ Ի՞նչ է ձեր արձագանգը նման խօսքերուն։
-Արցախի պաշտօնեաները մէկ կողմէ իրաւացի են, քանի որ երկիրը կը գտնուի ծայրայեղ դժուար վիճակի մէջ, իսկ միւս կողմէ, հայկական սփիւռքը բոլորովին անտարբեր չէ արցախահայութեան ճակատագրի նկատմամբ։ Ուրիշ խօսք, որ սփիւռքի ջանքերը, ինչպէս նաեւ միջազգային բարձր ատեաններու որոշումները չեն տուած տեսանելի արդիւնքներ։ Այդ մէկը պայմանաւորուած է ներկայ միջազգային հակամարտութեան իրավիճակով եւ մեծ երկիրներու շահագրգռուածութեամբ։ Արցախի երկրորդ պատերազմի սկիզբէն մինչեւ հիմա, մեր իսկ ջանքերով Հոլանտայի խորհրդարանէն ներս բազմիցս քննարկուած է Արցախի հարցը, ընդունուած են երկու տասնեակ բանաձեւեր՝ ի նպաստ Արցախի։ Բայց եւ այնպէս, գործադիր իշխանութիւնը յստակ քայլեր չի ձեռնարկեր՝ պատճառաբանելով, որ ԵՄ-ի շրջանակին մէջ չկան բաւարար կողմնակիցներ խնդրին անդրադառնալու եւ գործնական քայլերու ձեռնարկելու համար։ Ճիշդ է, որ տեղի չեն ունեցած բազմահազար տեսանելի բողոքի ցոյցեր, սակայն Հոլանտայի մէջ բազմիցս կազմակերպած ենք միջոցառումներ («լուռ» ցոյց խորհրդարանի շէնքին դիմաց, երկխօսութիւն պատգամաւորներու եւ նախարարութիւններու պաշտօնեաներու հետ, նամակներ, յօդուածներ մամուլով եւ այլն) եւ փորձած ենք զանազան միջոցներով մեր պատգամը եւ պահանջը հասցնել քաղաքական վերնախաւին եւ լայն հասարակութեան։
-Կը նկատենք, որ Եւրոպան հեռու չէ քաղաքակրթային մեծ տագնապէ։ Կը դիտարկենք յատկապէս Ֆրանսայի պարագան, որ կրնայ փոխանցիկ ըլլալ ու հասնիլ այլ երկիրներ։ Ի՞նչ կը մտածէք այս առումով։
-Եւրոպայի զանազան վայրերու մէջ պարբերաբար տեղի կ՚ունենան հասարակական պոռթկումները, որոնք կրնան յանգեցնել այս կամ այն երկրի կառավարութեան հրաժարականի եւ նոր ընտրութիւններու։ Բողոքի ցոյցերը եւ հասարակական անհնազանդութիւնը հիմնականին մէջ ուղղուած են ընկերատնտեսական անարդարութեան եւ խտրականութեան դէմ, սակայն չունին գաղափարական հիմքեր եւ չեն ձգտիր կառավարման համակարգը փոխելու։ Այժմ եւրոպական երկիրները զանգուածային գաղթի պատճառով կանգնած են ժողովրդագրական բարդ խնդիրներու առջեւ։ Վերջերս Հոլանտայի կառավարութիւնը հրաժարական տուաւ կառավարող դաշինքի գաղթականութեան քաղաքականութեան շուրջ տարաձայնութիւններու պատճառով։ Աշխարհաքաղաքական խնդիրները եւ լայնածաւալ հակամարտութիւնները, բնականաբար, իրենց ազդեցութիւնը ունին իւրաքանչիւր երկրի կայունութեան վրայ։
arevelk.am
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս
Նմանատիպ Լուրեր

Մենք պետք է պատասխանատվության ենթարկենք Ադրբեջանի կառավարությանը. ամերիկացի սենատոր
Ադրբեջանը ամիսներ է ծախսել՝ փորձելով սովամահ անել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչությանը` X-ի (նախկին Twitter) իր միկրոբլոգում գրել է ԱՄՆ սենատոր Էտ Մարքին:

Ադրբեջանը ճանաչում է Հայաստանի Հանրապետության տարածքային ամբողջականությունը. Ալիև
Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիևը հայտարարել է, որ իր երկրում այլևս «գորշ գոտիներ» չկան, և որ անջատողականությունը վերջացել է։

Տարածաշրջանում աշխարհաքաղաքական փոփոխություններն Իրանի համար կարմիր գիծ են. Վելայաթի
Իրանի հոգևոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենեիի միջազգային հարցերի խորհրդական Ալի Աքբար Վելայաթին հայտարարել է՝ Հարավային Կովկասի նկատմամբ Ռուսաստանի քամահրանքի ֆոնին Թեհրանը հստակ դիրքորոշում է որդեգրել՝ տարածաշրջանում աշխարհաքաղաքական փոփոխություններն Իրանի համար կարմիր գիծ են։

Ադրբեջանը ձերբակալել է Դավիթ Բաբայանին
Ադրբեջանը ձերբակալել է ԱՀ նախագահի խորհրդական Դավիթ Բաբայանին։

Արցախում մնացել են մի քանի պաշտոնյաներ․ վերջին խմբերն այս պահին ուղևորվում են ՀՀ․ Բեգլարյան
«Իմ ոչ պաշտոնական տեղեկատվությամբ՝ արցախցիների վերջին խմբերն այս պահին ուղևորվում են Հայաստան»,- այդ մասին հայտնում է Արցախի նախկին ՄԻՊ Արտակ Բեգլարյանը։

Իշխան Սաղաթելյանը փաստացի չի հերքում, որ իր ընտանիքին պատկանող «Ծովասարում» արցախցի որևէ ընտանիք չի տեղավորվել
Մեր լուրին իր ֆեյսբուքյան էջում անդրադարձել է Իշխան Սաղաթելյանը՝ փորձելով հերքել այն, սակայն իրականում ոչ մի փաստ չի ներկայացրել, որ որևէ արցախցի ընտանիք տեղավորվել է իր ընտանիքին պատկանող «Ծովասար» հյուրանոցում։