ՀԱՅԱԶԴ կայք
ՀԱՅԱԶԴ կայք
Ապստամբութիւն եւ ջարդ Շուշիի մէջ. մարտ, 1920թ

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Երեսունիններորդ գլուխ, մաս 2
Անգլիացիք հայատեաց Սուլթանովը կ’ընտրեն
Զօրավար Թոմսոնը վաւերացուց Խան Խոյսքիի` 15 Յունուարին դոկտոր Խոսրով պէկ Սուլթանովի նշանակումը որպէս ընդհանուր նահանգապետ: Հայերն ապշած էին ո’չ միայն Ատրպէյճանի նկատմամբ բրիտանական հովանաւորութենէն, այլեւ ընդհանուր նահանգապետի անձի ընտրութենէն: Ազդեցիկ մուսաւաթական եւ հարուստ կալուածատէր Սուլթանովը գէշ համբաւ շահած էր: 1918ի ամրան ընթացքին, իբրեւ Նուրի փաշայի օգնականներէն մէկը, ան Ղարաբաղի իսլամ բնակիչներն իրենց հայ դրացիներուն դէմ հրահրած էր եւ գործուն մասնակցութիւն ունեցած Պաքուի գրաւման մէջ: Հանրայայտ էին անոր համաթրքական հայեացքներն ու մտերմութիւնը իթթիհատական հրամանատարներու հետ:
Թոմսոնը չէր կրնար անտեղեակ ըլլալ այդ փաստերուն երբ կը թոյլատրէր նշանակումը Սուլթանովին, զոր Ղարաբաղի հայերը կ’ատէին եւ որմէ կը սարսափէին: 26 Յունուարին` նախքան նոյնիսկ այս նշանակման լուրը կը հաստատուէր Երեւանի մէջ, Հայաստանի կառավարութիւնը դատապարտեց Ճիւանշիրի, Ճեպրայիլի, Շուշիի եւ Զանգեզուրի գաւառներուն մէջ ընդհանուր նահանգապետութիւն հիմնելու Ատրպէյճանի մտադրութիւնը` իբրեւ ՙՀայաստանի տարածքային իրաւունքներու ոտնահարում՚: Ի պատասխան, Ատրպէյճանը յայտարարեց իր ՙանվիճելի եւ անկապտելի՚ իրաւունքն այդ տարածաշրջանին նկատմամբ եւ Հայաստանի բողոքը իր ՙներքին գործերուն միջամտելու փորձ՚ որակեց:
1919ի Փետրուարի կէսերուն Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ Ղարաբաղի հայոց չորրորդ համագումարը, որ մերժեց Ատրպէյճանի իշխանութիւնը ճանչնալու` Պաքուի կառավարութեան վերջնագիրը եւ բողոքեց Սուլթանովը ընդհանուր նահանգապետ նշանակելու որոշման դէմ:
ՙՀամագումարը միաձայնութեամբ կ’որոշէ չճանչնալ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը, քանի որ Ղարաբաղը, պատմական Սիւնիքի մէկ մասն ըլլալով, իր գրեթէ միատարր հայ բնակչութեամբ պէտք է կցուի Հայաստանին` որպէս անոր անբաժան մասը: (Ղարաբաղի) թրքական փոքրամասնութեան իրաւունքն է` ունենալ իր ինքնավար ազգային մշակութային կեանքը` իբրեւ Հայաստանի հպատակներ՚:
Ղարաբաղի Հայոց Ազգային Խորհուրդը 24 Փետրուարին Թիֆլիս ղրկեց թեմի առաջնորդ Վահան Եպիսկոպոս Տէր Գրիգորեանն ու իր անդամներէն Հրանդ Պահատուրեանը` կարծելով, թէ բրիտանացի սպաներն աւելի զիջող կ’ըլլան եթէ Ղարաբաղի խնդիրն ուղղակիօրէն իրենց ներկայացուի: Անոնց` զօրավար Ֆորեսթիր Ուոքըրին յղած գրութեան մէջ ամբողջովին անընդունելի կը նկատուէր բրիտանացիներու` հայկական չորս գաւառներու վրայ ատրպէյճանական նահանգապետութիւն պարտադրելու նախագիծը: Ղարաբաղցիները կ’առաջարկէին կազմել ժամանակաւոր վարչութիւն մը, որով բուն Լեռնային Ղարաբաղը եօթը հայերէ եւ երեք իսլամներէ կազմուած խառն խորհուրդի մը եւ, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի փոխադարձ համաձայնութեամբ, իւրաքանչիւր հանրապետութենէն մէկական ներկայացուցիչի կողմէ կառավարուէր: Զանգեզուրը պէտք էր հաշիւէն հանել, որովհետեւ ան արդէն իր սեփական ինքնավար վարչութիւնն ունէր եւ հոնտեղի իրադրութիւնը բոլորովին տարբեր էր Ղարաբաղի մէջ տիրող վիճակէն:
Հայ պատուիրակները փաստաթուղթերու պատճէնները տարին Պաքուի բրիտանական սպայակոյտ եւ զօրավար Թոմսոնէն խնդրեցին արգիլել ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու նշանակումը Ղարաբաղի մէջ: Անոնք խնդիրի կարգաւորման չորս տարբերակ ներկայացուցին. Ղարաբաղի ներառումը Հայաստանի կազմ, նախքան 1918ի թրքական ներխուժումը Ղարաբաղի մէջ գոյութիւն ունեցած վարչական կառուցուածքին վերականգնումը, բրիտանական ընդհանուր նահանգապետութեան հիմնադրում Լեռնային Ղարաբաղի, այսինքն` հայաբնակ Ղարաբաղի համար, եւ չորրորդ` բրիտանական ընդհանուր նահանգապետութեան ստեղծում ամբողջ Ղարաբաղի համար` բաժնուած հայկական եւ իսլամական ինքնակառավարման առանձին գօտիներու:
Եթէ անգլիացիներն օգնեցին Հայաստանին` վերահսկողութեան տակ առնելու Կարսը եւ Նախիջեւանը` ապա անոնք ամէն ինչ կ’ընէին Ղարաբաղը Ատրպէյճանին ենթարկել տալու համար: Անգլիացիք կը հաւաստիացնէին, որ Սուլթանովի նշանակումը կապ չունի այդ շրջաններու ապագայ կարգավիճակին հետ, ՙան հոն կ’երթայ միայն օրէնքն ու կարգը պահպանելու համար՚: Հայաստանի կառավարութիւնը կը պատասխանէ, թէ նահանգապետի նշանակումը ՙչի կրնար նկատել իբրեւ արտայայտութիւն նոյնիսկ անուղղակի ճանաչման Ատրպէյճանի կառավարութեան թէկուզ ժամանակաւոր գերիշխանութեան իրաւունքի` այն գաւառներու վիճելի շրջաններուն վրայ, որոնք այժմ պէտք է դոկտոր Սուլթանովի իշխանութեան ենթարկուին՚:
Առկայ դժուարութիւններն ու իր հնարաւորութիւնները հաշուի առնելով` Հայաստանը կողմ էր Ղարաբաղի հարցի միջանկեալ լուծման, զոր կը հաստատուի արտաքին գործոց նախարարութեան փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ. ՙՂարաբաղի լեռնային մասի բնակչութեան մեծ մասը հայ է, եւ բնական է, որ անոր համակրանքը Հայաստանի կողմն է: Միւս կողմէ, տնտեսական տեսանկիւնէն, Ղարաբաղի հայերը կապուած են Պաքուի հետ, իսկ Ղարաբաղի հարթավայրային շրջանի թրքական բնակչութիւնն անասուններու իր հօտերով ղարաբաղեան լեռներու կարիքն ունի: Այս պայմաններուն մէջ մարզին միացումը Հայաստանին կամ Ատրպէյճանին` կրնայ մեծ բարդութեանց պատճառ դառնալ, հետեւաբար` ղարաբաղեան հարցի լուծման համար պէտք է որեւէ ուրիշ ձեւ մը գտնել՚:
Զօրավար Թոմսոնի առաջարկով` Ղարաբաղի հայերը 1919ի Մարտին ընտրեցին Պաքու երթալիք պատուիրակութիւն մը, զոր գլխաւորեց Ազգային Խորհուրդի նախագահ Ասլան Շահնազարեանը: Երբ ղարաբաղեան պատուիրակութիւնը Պաքու հասաւ` զօրավար Թոմսոնը արագօրէն գացած էր Թիֆլիս` Անդրկովկասի մէջ բրիտանական գերագոյն հրամանատարի պաշտօնին փոխարինելու համար Ֆորեսթիր Ուոքըրը: Պաքուի մէջ գնդապետ Շաթելվորթը փոխարինած էր Թոմսոնը: Շաթելվորթը պատուիրակութեան հետ քանի մը հանդիպումներէ յետոյ հրապարակեց շրջաբերական մը, որու առաջին իսկ կէտին մէջ կ’ընդգծուէր, որ ընդհանուր նահանգապետ նշանակուած Սուլթանովը անգլիական հրամանատարութեան աջակցութիւնը կը վայելէ:
Ղարաբաղցիները եւ Հայաստանի կառավարութիւնը բողոքեցին: 16 Ապրիլին, արտաքին գործոց նախարար Տիգրանեանը Սուլթանովին հնազանդուելու ցուցումը անհանդուրժելի սեպեց եւ կրկին կոչ ըրաւ Ղարաբաղի մէջ բրիտանական ժամանակաւոր կառավարման հաստատման` իբրեւ այլընտրանք այն գժտութեան, զոր Ատրպէյճանի տիրապետութիւնը յառաջ պիտի բերէր անխուսափելիօրէն:
Ղայպալիքենդի ջարդը
Ապրիլին Շաթելվորթը Ազգային Խորհուրդին հրահանգեց գումարել հինգերորդ համագումարը (21-29 Ապրիլ) եւ գնաց Շուշի` անձամբ պարտադրելու իր կամքը: Բացման նիստին Շաթելվորթն ու Սուլթանովը կը խոստանային, որ հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը անխախտ կը մնան: Բրիտանացին յատկապէս կ’ընդգծէր տնտեսական գործօնը` յայտարարելով, թէ Ղարաբաղը սովի կը մատնուի, եթէ արեւելեան հարթավայրէն եւ Պաթում-Թիֆլիս-Պաքու երկաթուղիին վրայ գտնուող Եւլախի հանգոյցէն անջատուի:
Արցախցիներու զայրոյթի չափն արտայայտուած է 25 Ապրիլին տրուած պատասխանին մէջ. ՙԱտրպէյճանը եղած է ու կը մնայ թուրքերու մեղսակիցն ու դաշնակիցը` թուրքերու կողմէ հայոց նկատմամբ ընդհանրապէս, եւ Ղարաբաղի հայոց նկատմամբ մասնաւորապէս, իրագործուած բոլոր վայրագութեանց մէջ՚: Պատասխանին մէջ կ’ըսուէր, թէ ատրպէյճանցիները, հաւատարիմ իրենց թրքական նախահայրերուն, եռանդով կը ջանային հայերը բնաջնջել:
Այս ընթացքին` Թոմսոնը բանակցութիւններ կը վարէր Երեւանի մէջ: Վարչապետի պաշտօնակատար Խատիսեանին եւ արտաքին գործոց նախարար Տիգրանեանին ան կը փորձէր հաւաստել, թէ Ղարաբաղը չի կրնար գոյատեւել առանց Եւլախէն պարէն ներմուծելու` յատկապէս հաշուի առնելով, որ Ղարաբաղէն Երեւան յարմար ճամբայ մը չկայ: Թոմսոնը Հայաստանին զիջում կը նկատէր իր խոստումը, որ Ատրպէյճանի զօրքերուն թոյլ պիտի չտրուի Խանքենդէն այն կողմ անցնիլ, այսինքն` Զանգեզուրը պիտի չ’ընդգրկուի ընդհանուր նահանգապետութեան մէջ: Թոմսոնը վերստին նշեց, որ Ղարաբաղի մէջ ընդհանուր նահանգապետութեան հիմնումը հոն Ատրպէյճանի մշտական գերիշխանութիւն չի նշանակէր:
Թոմսոնի իմացութեամբ եւ հաւանութեամբ` Հայաստանէն ոչ-պաշտօնական ներկայացուցիչ մը ղրկուեցաւ Ղարաբաղ` իրավիճակը հետազօտելու եւ Երեւան տուեալներ յայտնելու նպատակով: Միքայէլ Արզումանեանի ժամանումը Շուշի համընկաւ հինգերորդ համագումարի` Շաթելվորթին տուած կտրուկ մերժումին: Բրիտանացին Արզումանեանէն պահանջեց ՙխելքի բերել իր յամառ հայրենակիցները՚: Սակայն Արզումանեանն անզիջում էր հինգերորդ համագումարին նման:
Հայաստանը պաշտօնական նոր պատուիրակ նշանակեց փոխզիջման փոքրաթիւ կողմնակիցներէն իշխան Յովսէփ Արղութեանը: Շաթելվորթը 10 Մայիսին կրկին եկած էր Շուշի եւ կը փորձէր ստիպել Արղութեանը, որ ան հրապարակաւ յայտարարէ, թէ հայկական կառավարութիւնը կ’ընդունի Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի ժամանակաւոր կառավարումը: Արղութեանը միայն պատրաստակամութիւն յայտնեց դիմելու Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի հայոց, որպէսզի վերջիններս համագործակցին բրիտանական իշխանութեանց հետ: Շաթելվորթը Արղութեանն իր հետ տարաւ Զանգեզուր, պահանջեց, որ ան իր հայրենակիցներուն յորդորէ հնազանդիլ Սուլթանովին: Գորիսի մէջ անգլիացի զօրահրամանատարն այնքան թշնամաբար դիմաւորեցին, որ ան 19 Մայիսին զայրացած վերադարձաւ Պաքու:
Ատրպէյճանական ոյժերը Յունիսի սկզբին յարձակեցան Շուշիի հայկական թաղամասերուն վրայ: Խոսրով պէկ Սուլթանովի եղբայրը` Սուլթան պէկը, մօտ 2000 թաթար-քրտական հեծելազօրի հրամանատարութեամբ գրոհեց հայկական Ղայպալիքենդ գիւղին վրայ: Բրիտանացի սպայ մը հաղորդած է, որ գիւղի 700 բնակիչներէն կենդանի մնացած է 98 մարդ միայն: Ապա իսլամ ասպատակները յարձակեցան մօտակայ հայկական քանի մը գիւղերու` Կրկժանի, Փահլուլի եւ Ճամիլլուի վրայ` զանոնք աւերակի վերածելով:
Ղայպալիքենդի կոտորածին լուրը փոթորկեց Հայաստանի կառավարական շրջանակները, Հայոց Եկեղեցին եւ Կովկասով մէկ սփռուած հայկական համայնքները: Անդրկովկասի մէջ բրիտանական ոյժերու հրամանատարի պաշտօնին Թոմսոնը փոխարինած զօրավար Ճորճ Նորթոն Կորիի գրասենեակը հեղեղուեցաւ Ղարաբաղի հայոց անվտանգութիւնն ապահովելու եւ յանցագործ Սուլթանովը պատժելու պահանջներով: Երեւանի մէջ հազարաւոր մարդիկ բողոքի ցոյցի դուրս եկան, Թիֆլիսի մէջ հայոց բազմութեան ալիքը կը գլխաւորէր բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը:
ՙԲրիտանական ամօթալի քաղաքականութիւն՚
Կոտորածէն յետոյ Սուլթանովը հեռացաւ Շուշիէն: Ատրպէյճանի կառավարութիւնը բացատրեց, որ ան Պաքու կանչուած է խորհրդակցութեանց համար, մինչդեռ Թիֆլիսի բրիտանական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ ընդհանուր նահանգապետը պաշտօնէն կախակայուած է իր պահանջով: Ամերիկեան զեկուցագիրներուն մէջ կ’ըսուէր, թէ Սուլթանովը ձերբակալուած եւ բանտարկուած է: Կորին Հայաստանի ղեկավարութեան կը հաւաստիացնէր, որ Սուլթանովն ու միւս յանցագործները ետ կանչուած են:
Բրիտանացիք կտրականապէս մերժեցին Ղարաբաղը բրիտանական կառավարման տակ դնելու հայկական խնդրագիրը: Կորին կը նշէր, թէ Հայաստանը շնորհակալ պէտք է ըլլայ, որ բրիտանացի պատասխանատուներն այլեւս չեն պահանջեր Զանգեզուրի ընդգրկումն ընդհանուր նահանգապետութեան սահմաններուն մէջ:
Հայկական կոտորածին առիթով բրիտանացիք կատարեցին իրենց հետաքննութիւնը եւ պարզեցին, որ եթէ Սուլթանովն ուզէր` Ղարաբաղի մէջ արիւն չէր հեղուեր: Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ նման եզրակացութիւն ներկայացուցին նաեւ Շուշիէն նոր վերադարձած հայ պատգամաւորները: Խորհրդարանին իսլամ մեծամասնութիւնը, սակայն, որոշում տուաւ, որ ՙընդհանուր նահանգապետի գործողութեանց մէջ ապօրինութեան որեւէ փաստ չկայ՚:
Կարճ ժամանակ յետոյ պարզուեցաւ, որ Սուլթանովը ո’չ կախակայուած է, ո’չ ալ ձերբակալուած ու պատժուած: Յունիսի վերջերուն ան վերադարձաւ Շուշի եւ աւելի սարսափազդու կերպով վերսկսաւ հայերը հնազանդեցնելու դժուար գործը:
Ամերիկացի պաշտօնեաներն ապշահար էին` իրենց իսկ բառերով` բրիտանական անպատասխանատու եւ ամօթալի քաղաքականութենէն` գանգատելով, որ կայսերական հրամանատարութիւնն սկիզբը խնդրած էր ամերիկեան աջակցութիւնը Սուլթանովը կախաղան հանելու համար, բայց ատոր միանգամայն հակառակ, թոյլ տուաւ, որ չարագործը Շուշի վերադառնայ:
Յուսալքութիւնը համատարած դարձաւ նոյնիսկ անոնց շրջանին մէջ, որոնք նոյնիսկ լսել չէին ուզեր զիջումներու մասին: Շուշիի քաղաքագլուխը, առեւտրական եւ արհեստաւորական դասերն ու Հայ Ժողովրդական Կուսակցութեան տեղական մասնաճիւղը սկսան յետագայ դիմադրութիւնը անշրջելի աղէտի նախերգանք սեպել` առաջարկելով փոխըմբռնման հասնիլ Ատրպէյճանի հետ: Դաշնակցական շատ ղեկավարներ, Ղարաբաղի Հայոց Ազգային Խորհուրդը եւ գիւղական բնակչութիւնը անձնատուր ըլլալու նպատակայարմարութիւնը տակաւին կը մերժէին:
Արցախահայութիւնը յատկապէս հիասթափեցուց Մեծն Բրիտանիոյ ռազմական նախարարութեան յայտարարութիւնը կայսերական ոյժերը Շուշիէն եւ ողջ Կովկասէն դուրս բերելու ծրագիրին մասին: Բրիտանացիք որքան ալ ատրպէյճանամէտ դիրքորոշում ունենային` անոնք կրնային զսպող ոյժ ըլլալ Ղարաբաղը վերահսկողութեան տակ առնելու ձգտող Պաքուի ախորժակը չափաւորելու մէջ:
Սուլթանովը Վահան Եպիսկոպոսին եւ Շուշիի երեւելի քաղաքացիներուն յորդորեց նոր համագումար մը հրաւիրել: Ազգային Խորհուրդը համաձայնեցաւ, թէեւ ընդամէնը կարճ ժամանակ առաջ դատապարտած էր Սուլթանովը, իսկ Դաշնակիցներու ներկայացուցիչներն զգուշացուցած էր, որ չնայած Ատրպէյճանի` Շուշին զաւթելու իրողութեան, Ղարաբաղը, միեւնոյնն է, պիտի չհնազանդի:
1919ի Յունիսի վերջին Վարանդայի Շօշ գիւղին մէջ հաւաքուեցաւ Ղարաբաղի վեցերորդ համագումարը, որուն կը մասնակցէին նաեւ Պաքուի ղարաբաղցիներու ներկայացուցիչներն ու Ատրպէյճանի կառավարութենէն Շաֆի պէկ Ռուստամպէկովը: Մուսաւաթական ներկայացուցիչը խոստացաւ, որ Պաքուի կառավարութիւնը բարեացակամօրէն կը վերաբերի Ղարաբաղի հանդէպ: Ղարաբաղցիները որոշեցին Ատրպէյճանի հետ պաշտօնական բանակցութիւններ սկսիլ:
ՙՕրակարգի հարցն էր Ատրպէյճանի իշխանութեան ճանաչումը: Համագումարն ընտրեց 3 հոգինոց մարմին մը` Ռուբէն Շահնազարեան (ժողովրդական), Արամայիս Տէր Դանիէլեան եւ Գերասիմ Խաչատրեան (դաշնակցականներ) կազմով` Ղարաբաղի կողմէ Ատրպէյճանի կառավարութեան հետ բանակցելու լիազօրութիւն տալով անոր: Խաչատրեանը ճամբան սպաննուեցաւ թուրքերու ձեռքով, իսկ միւս երկուքը հասան Պաքու, եւ Ղարաբաղցիներու Հայրենակցական Միութեան ու Ազգային Խորհուրդին հետ խորհրդակցելէ ետք Ատրպէյճանի կառավարութեան եւ Սուլթանովի հետ բանակցութեան մէջ մտան ու որոշ համաձայնութեան յանգեցան: Ղարաբաղի ներկայացուցիչներն ու Սուլթանովը Ղարաբաղ վերադարձան: Սուլթանովը արտաքնապէս փոխեց իր վերաբերմունքը. ան շատ սիրալիր էր հայոց նկատմամբ եւ ամէն կերպ կ’աշխատէր անոնց համակրանքը գրաւել: Ան հայկական թաղին մէջ հայու մը տունը հաստատուեցաւ եւ յայտարարեց, թէ Շուշի-Եւլախ ճամբան այլեւս բաց է, եւ թէ հայերը ազատ են ճամբորդելու՚,- կը գրէ Վրացեանը:
Ժամանակաւոր համաձայնագիրի ստորագրումը
Հայերը կը պատրաստուին եօթերորդ համագումարին, որ Պաքուի մէջ կնքուած համաձայնութեան ճակատագիրը պիտի որոշէր. ղարաբաղցիները պիտի որոշէին` ընդունի՞լ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը, թէ՞ շարունակել պայքարը: Սուր տարակարծութիւններ կային քաղաքացիներուն եւ գիւղացիներուն միջեւ. վերջիններս կը մեղադրէին քաղաքացիները, որ նորէն դաւաճանած են` համաձայնելով համակերպիլ Ատրպէյճանի պայմաններուն:
12-22 Օգոստոսին Շօշի մէջ տեղի ունեցած եօթերորդ համագումարը դատապարտեց Գերասիմ Խաչատրեանի, ինչպէս նաեւ Ջրաբերդէն Շօշ եկող երկու պատգամաւորներու սպանութիւնը: Համագումարը միահամուռ կերպով մերժեց Վահան Եպիսկոպոսին դիմումը, որով կ’առաջարկուէր նիստերը Շուշի տեղափոխել եւ հաշտեցման քաղաքականութիւն որդեգրել: Իր կարգին` Սուլթանովը վերջնագիր ներկայացուց` 48 ժամուայ ընթացքին ընդունիլ ատրպէյճանական կառավարութեան նախագիծը, այլապէս կը հնազանդեցուին զէնքի’ ոյժով:
Պաքուի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ արցախցի Տիգրան Պէկզատեանը համագումարի օրերուն իր հայրենակիցներուն ակնարկած էր, թէ դուրսէն օգնութիւն ստանալու հնարաւորութիւն չկայ եւ թէ Ղարաբաղը պէտք է ինքզինք պաշտպանէ: 15 Օգոստոսին, յուսահատ համագումարը իր անդամներէն 15 հոգի լիազօրեց համաձայնութիւն կնքելու Սուլթանովի հետ:
22 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ հրապարակային արարողութիւն մը, որու ընթացքին Սուլթանովը, Վահան Եպիսկոպոսը, հայ եւ իսլամ ուրիշ երեւելիներ կարեւորեցին ազգամիջեան եղբայրութեան անհրաժեշտութիւնը: Հայերը Պաքուի հետ ժամանակաւոր համաձայնագիր ստորագրելէն ուրիշ ելք չէին տեսներ: Ըստ այդ համաձայնագիրին` Ղարաբաղը, մինչեւ Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին մէջ իր կարգավիճակին վերջնական ճշդումը, Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ գտնուող տարածք կը սեպուէր:
Սուլթանովը յայտարարեց, թէ այսուհետ նոր դարագլուխ մը կը բացուի Ղարաբաղի բնակչութեան կեանքին մէջ: Շուտով նշանակուեցաւ քաղաքացիական գործերով հայ օգնական մը` Կիկա Քալանթարեանը, երեք ուրիշ հայեր ալ ընտրուեցան ծառայելու համար համաձայնութեամբ ստեղծուած խորհուրդին մէջ: Առերեւոյթ` ճգնաժամն անցաւ, ճամբաները բացուեցան: Սուլթանովը հմտօրէն շրջանցեց հայոց զինաթափումն արգիլող յօդուածը` գործի դնելով վարձու հայ համագործակցողներ, որոնք բարձր գիներով հրացան եւ զինամթերք կը գնէին:
22 Օգոստոսի համաձայնութիւնն Ատրպէյճանի մէջ ցնծութեամբ ընդունուեցաւ: ՙՄուսաւաթ՚ի առաջնորդ Մեհմէտ Էմին Ռասուլզատէն ՙԱտրպէյճան՚ թերթին մէջ գրեց. ՙՂարաբաղը ազատեցաւ մեր յամառ դրացիներուն ոտնձգութիւններէն: Հայ ժողովուրդը բռնեց հարցի խաղաղ լուծման ճամբան եւ ընդունեց Ատրպէյճանի գերիշխանութիւնը: Նախիջեւանը, շնորհիւ իր հերոս ու անձնուէր զաւակներու հայրենասիրութեան, օգտուեցաւ ապստամբելու իրաւունքէն` միանալու համար հայրենիքին: Նախիջեւանն իր սահմանէն դուրս շպրտեց Հայաստանի բանակը: Գալով Զանգեզուրին` կրնանք յոյս ունենալ, որ ան ալ մօտ ժամանակին կը դրուի անվնաս դրութեան մէջ, եւ որ Աստարա գետէն ու Սամուրի կամուրջէն սկսած մինչեւ Արաքս եւ Ճուլֆայի կամուրջը անարգել ճամբայ մը կը բացուի՚:
Օգոստոսեան համաձայնութենէն յետոյ Ղարաբաղի հայ գիւղացիութիւնը երկու մասի` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմնակիցներու բաժնուած էր: Հայ պոլշեւիկները, Հայ Ժողովրդական Կուսակցութիւնը, սոցիալիստ յեղափոխականները եւ չէզոքներէն որոշ պաշտօնեաներ ու մտաւորական ոյժեր Հայաստանի կառավարութեան հակառակ քարոզչութիւն կը տանէին եւ ամէն կերպ կը ջանային ժողովուրդին հոգեբանութիւնը դէպի Ատրպէյճանին միանալու իրենց քաղաքականութիւնը թեքել: Գաւառի գիւղացիութիւնը, Դաշնակցութիւնը, Հայ Սոցիալ Դէմոկրատ Կուսակցութեան ղեկավար որոշ շրջանակներ եւ չէզոք ազգայիններ, ընդհակառակը, կողմնակից էին Ղարաբաղը Հայաստանին միացնելու գաղափարին:
1919ի Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ Հ. Յ. Դ.ի 9րդ Ընդհանուր Ժողովը, որ հրահանգ կու տայ Բիւրոյին` ապահովելու Ղարաբաղի միացումը Հայաստանին: Ըստ Վրացեանի` ժողովին մէջ գերիշխողը առաւելամոլական ձգտումներն էին, որոնք ՙչէին համապատասխաներ թէ’ մեր երկրի առարկայական պայմաններուն եւ թէ’ մեր ժողովուրդի կարողութեան՚:
ՙՀայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու կարիքն այնքան կարեւոր էր Հայաստանի համար, որ աւելի իմաստուն կ’ըլլար եթէ այս հարցին մէջ որոշ չափով վերապահ ըլլայինք, մանաւանդ, որ կարելի չէր չհամաձայնիլ այն միտքին, որ Ղարաբաղն Ատրպէյճանի համար աւելի’ կենսական նշանակութիւն ունի, քան Հայաստանի, եւ դժուար թէ Ատրպէյճանն այս հարցին մէջ տեղի տար` առանց արտաքին սաստիկ ճնշման՚:
ՙՂարաբաղի խնդիրը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխյարաբերութիւններն ուղղակիօրէն կը թունաւորէր: 1919ին Սուլթանովը գրաւեց Ղարաբաղը` առանց հաշուի առնելու տեղական ներկայացուցչական ժողովին կամքը եւ ատով ալ Ղարաբաղի հայերը գրգռեց: Հաշտութեան հասնելու նպատակով ես պայմանաւորուեցայ Ատրպէյճանի կառավարութեան նախագահ Ուսուպպէկովի հետ հանդիպիլ Թիֆլիսի մէջ: 23 Նոյեմբերին մենք կազմեցինք ՙհամաձայնագիր՚ը, զոր միջին լուծում մը կը նախատեսէր՚,- կը գրէ Խատիսեանը:
20 Նոյեմբերին տեղի կ’ունենայ վարչապետներ Խատիսեանի եւ Ուսուպպէկովի տեսակցութիւնը գլխաւոր Դաշնակից տէրութիւններու ներկայացուցիչ, Միացեալ Նահանգներու բանակի գնդապետ Ռէյի առանձնասենեակին մէջ: 23 Նոյեմբերին համաձայնութիւն ձեռք կը բերուի, որով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւնները Ռէյի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կեկեչքորիի ներկայութեամբ կը պարտաւորուին ընդհարումները դադրեցնել եւ բոլոր վիճելի հարցերը խաղաղ ձեւով լուծել:
ՙԱյս համաձայնութեամբ` վերջ գտաւ Զանգեզուրի արիւնահեղութիւնը, որ քիչ մնաց հայ-ատրպէյճանեան պատերազմի պատճառ դառնար: Ճիշդ է, կռիւները շարունակուեցան, բայց այս անգամ նախայարձակն արդէն զանգեզուրցիներն էին: Նոյեմբերի վերջերուն, ղափանցիները Երեւանէն նոր հասած Նժդեհի գլխաւորութեամբ մաքրեցին Օխչի չայի (Ողջի գետ) ապստամբ շրջանը: Դեկտեմբերի սկզբին մաքրուեցան Գեղուայ ձորի մօտ 40 թրքաբնակ գիւղերը՚,- կը գրէ Վրացեանը:
1920ի Փետրուարի վերջէն մինչեւ 4 Մարտը Շօշ գիւղին մէջ կայացած Ղարաբաղի հայոց ութերորդ համագումարին կը մերժուի Սուլթանովի` ՙԱտրպէյճանին Ղարաբաղի վերջնական միացման հարցը լուծելու՚ պահանջը, քանի որ ՙեօթերորդ համագումարէն յետոյ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պարբերաբար խախտած է ժամանակաւոր համաձայնութեան ամենագլխաւոր կէտերը՚:
Մասնաւորապէս նկատի կ’առնուէր 22 Փետրուար 1920ին Խանքենդիի ու Ասկերանի մէջ եւ Շուշի-Եւլախ խճուղիի վրայ քանի մը հայոց սպանութիւնն ու Խանքենդիի հայոց բնակարաններուն կողոպուտը: Ընդհարումներ կը սկսին մէկ կողմէ` Ատրպէյճանի կազմակերպուած բանակին եւ անոր միացած զինուած թաթարներուն եւ, միւս կողմէ` Ղարաբաղի զինուած գիւղացիութեան միջեւ, որ իր յոյսը Զանգեզուրի օգնութեան վրայ դրած էր: Ատրպէյճանի նպատակը Ղարաբաղի զինաթափումն ու վերջնական գրաւումն էր: Ատրպէյճանցիներուն օգնելու նպատակով` թուրք զօրավար Խալիլ փաշան Շուշի գացած էր:
Ապստամբութիւն եւ ջարդ Շուշիի մէջ
1920ի Մարտին Շուշիի մէջ ապստամբութիւն կը բռնկուի: Խատիսեանը կը գրէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Ղարաբաղի մէջ զինուած ապստամբութեան հաւանութիւն չէր տար, սակայն կառավարութենէն դուրս գտնուող ոյժերը կազմակերպեցին զայն: Առաջին զոհերը կ’արձանագրուին Մարտի վերջերուն: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը բողոքագիր (նօթա) մը կը յղէ, որուն ի պատասխան` Խատիսեանը կը շեշտէ, որ իր կառավարութիւնը որեւէ մասնակցութիւն չունի: Ապստամբութիւնը կը ձախողի, ատրպէյճանական զօրքերը Շուշի կը մտնեն, քաղաքը կը հրդեհեն եւ հայ բնակչութիւնը կը կոտորեն:
Երեք օրերու ընթացքին հազարաւոր հայեր կը սպաննուին:
Ջարդէն վեց տարի յետոյ Շուշի կ’այցելէ Մարիէթա Շահինեանը. ՙԿեանք յիշեցնող բան մը չէ մնացած: Զիս ցնցող առաջին բանը լռութիւնն էր: Այդքան սարսափելի լռութիւն ես որեւէ տեղ երբե’ք չէի զգացած: 1920ի Մարտին հոս երեք օրուայ ընթացքին 7000 տուներ հրդեհի ու աւերի ենթարկուած են եւ բազմահազար մարդիկ` մորթուած. տարբեր թիւեր կ’ըսեն, մէկը կ’ըսէ` երեք-չորս հազար, ուրիշներ` աւելի քան 12 հազար հայ՚:
Վրացեանը կը գրէ. ՙԱպստամբութիւնը կազմակերպուած էր անփորձ մարդոց ձեռքով: Հետեւանքները կրնային շատ աւելի աղէտաբեր ըլլալ, եթէ Ապրիլին Ղարաբաղ չհասնէր Դրօն իր արշաւող զօրամասով: Ապրիլի կէսերուն ան զօրահաւաք յայտարարեց Վարանդայի եւ Դիզակի մէջ, ճակատները ամրացուց եւ 45 օր Ղարաբաղի մէջ մնաց: 22 Ապրիլին Թաղավարդ գիւղին մէջ հրաւիրուեցաւ Ղարաբաղի իններորդ համագումարը, որ մէկի դէմ 44 ձայնով անգամ մըն ալ որոշեց մերժել Ատրպէյճանի իշխանութիւնը եւ Ղարաբաղը Հայաստանի մաս նկատեց՚:
Ղարաբաղ հասած Դրօն դեռ 1919ի Դեկտեմբերին Զանգեզուրի եւ Ղարաբաղի ընդհանուր հրամանատար նշանակուած էր: Նոյն տարուայ Մարտին Հայաստանի կառավարութիւնը ստեղծած էր Զանգեզուրի ռազմական մարմին մը` փոխգնդապետ Արսէն Շահմազեանը գեներալ-կոմիսար նշանակելով: Ըստ Արսէն Միքայէլեանի` Դրոյի մուտքը մեծ ոգեւորութիւն յառաջ բերած էր: Դրօն պէտք է Ղարաբաղի դիմադրական ոյժը վերակազմէր եւ ուժեղացնէր, ամբողջ Ղարաբաղը գրաւէր եւ Հայաստանին միացնէր: Դրոյի գալուստէն կարճ ժամանակ յետոյ Կապանի իր զօրամասով Ղարաբաղ կու գայ նաեւ Նժդեհը եւ Դիզակի շրջանին մէջ կը տեղաւորուի:
28 Ապրիլին Ատրպէյճանի մէջ խորհրդային կարգեր կը հաստատուին եւ Նարիման Նարիմանովը Յեղկոմի ղեկավարի պաշտօնը կը ստանձնէ: 29 Ապրիլին մուսաւաթական Սուլթանովը իրեն Ղարաբաղի Յեղկոմի նախագահ կը յայտարարէ եւ տեղի հայ ղեկավարները նամակով կը տեղեկացնէ, թէ Ղարաբաղն ալ խորհրդայնացուած է ու Խորհրդային Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ:
Ատրպէյճանի խորհրդայնացումէն երկու օր յետոյ` 30 Ապրիլին, կը ստացուի արտաքին գործոց կոմիսարի պաշտօնակատար Միրզա Տաւուտ Հուսէյնովի` Հայաստանի կառավարութեան ուղղուած վերջնագիրը, ուր կը պահանջուէր ՙՂարաբաղի եւ Զանգեզուրի տարածքը զօրքերէն մաքրել ու ազգամիջեան կոտորածը դադրեցնել՚, հակառակ պարագային` ՙԱտրպէյճանի Յեղկոմն ինքզինք կը նկատէ Հայաստանի հետ պատերազմական դրութեան մէջ: Վերջնագիրին պատասխանելու համար երեք օր ժամանակ կը տրուի՚:
Վերջնագիրին մէջ Նախիջեւանի անունը չէ յիշատակուած, քանի որ 1919ի կէսերէն սկսած, Նախիջեւանը Հայաստանին չէր ենթարկուեր: 1 Մայիսին նման մէկ ուրիշ վերջնագիր կը ստացուի Կովկասեան ռազմաճակատի Ռազմա-Յեղափոխական Խորհուրդի նախագահ Օրճոնիկիծէի եւ անդամներ Քիրովի, Մեխանոշինի եւ Լեւանթովսքիի ստորագրութեամբ: Արտաքին գործոց նախարար Համօ Օհանճանեանը կը պատասխանէ, որ Ատրպէյճանի տարածքին վրայ հայկական զօրքեր չեն եղած եւ չկան, հակառակը` ՙմուսաւաթական կառավարութեան զօրքերն ու աւազակախումբերը մինչեւ այժմ կը շարունակեն մնալ հայկական Ղարաբաղի շրջանին մէջ` հայ գիւղացիութիւնը կոտորելով եւ Շուշի քաղաքի հայկական մասն ու բազմաթիւ գիւղեր այրելով՚:
1920ի Մայիսին Դրոյի հետ բանակցելու կու գան Անդրկովկասեան Ճակատի ռուսական Կարմիր Բանակի ընդհանուր հրամանատար Օրճոնիկիծէի ներկայացուցիչները: 19 Մայիսին Դրօն Հայաստանի զինուորական նախարարութիւն կը հեռագրէ. ՙՇուշիէն եկան պոլշեւիկներուն ներկայացուցիչները` Անդրկովկասեան Ճակատի Ռազմական Խորհուրդի լիազօրներ Սահակ Տէր Գաբրիէլեանը, Քարտալովը եւ Փերնանին ու ինծի հետ խօսեցան Օրճոնիկիծէի անունէն: Յայտնեցին, որ մտադիր են կարմիր-ռուսական զօրքեր մտցնել Ղարաբաղ: Մինչեւ Հաքարի գետը Ղարաբաղը պէտք է պատկանի Խորհրդային Ատրպէյճանին՚:
24 Մայիսին Չանախչի (Աւետարանոց) գիւղին մէջ տեղի կ’ունենայ Հայաստանէն եկած պաշտօնեաներու` Դրոյի, Նժդեհի, գնդապետ Տմիթրի Միրիմանեանի եւ Արսէն Միքայէլեանի խորհրդակցութիւնը: Կ’որոշուի Ղարաբաղի իշխանութիւնը հայ պոլշեւիկներուն յանձնել: Մայիսի վերջերուն իշխանութիւնը կը յանձնուի բժիշկ Սարգիս Համբարձումեանին, եւ հայկական զօրամասը` Դրոյի առաջնորդութեամբ, Քիրսի վրայով Յունիսի առաջին օրերուն կ’անցնի Խծաբերդ եւ ապա` Զանգեզուր:
ՙԴրօն այդ խայտառակ նահանջը տեղեկութեանց բացակայութեամբ կը բացատրէ, բայց շան գլուխը պահուած եղած է հայ զօրավարի այլասերուած ռուսասիրութեան մէջ: Ստոյգ տեղեկութիւններ կան, որ Դրօն ըսած է. ՙՌուսերուն դէմ դեռ գնդակ մը արձակած չեմ՚ ՚:
Անյայտ գրողի մը օրագիրը ծանր խօսքեր կ’ըսէ նաեւ արցախցիներուն մասին. ՙՄելիքներու այդ դաւաճան ծննդավայրը իր կաշին փրկելու համար ապերախտօրէն բացաւ Ղարաբաղի պողպատէ դուռերը ռուսական քանի մը հարիւրնոց զօրամասի մը առջեւ, եւ այժմ, անոնց միացած, արշաւ սկսած է զինք սնուցող մօր` Հայաստանի վրայ: Երջանիկ է ռուս ժողովուրդը հայի պէս կոյր սիրող եւ կոյր հետեւող ունենալու համար: Ցաւալին այն չէ, որ Ղարաբաղը առանց գնդակ մը արձակելու կամովին իր վիզը կը մեկնէ սովետական լուծին տակ, այլ այն, որ ան, խաղալիք դարձած, կը շարժի Զանգեզուրի վրայ` անոր եւս փաթթելու իր չարաբաստիկ բախտը՚:
Ղարաբաղը խորհրդայանացնելով` Ռուսիան զայն Ատրպէյճանին չէ միացուցած: Ատոր ապացոյցը 10 Օգոստոս 1920ին Խորհրդային Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կնքուած համաձայագիրն էր, որով Ղարաբաղը, Զանգեզուրը եւ Նախիջեւանը վիճելի տարածքներ կը նկատուէին:
Օհանճանեանը 31 Մայիսին կը հեռագրէ Խորհրդային Ռուսիոյ արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Չիչերինին, պատճէնը` Լեւոն Շանթի պատուիրակութեան եւ Օրճոնիկիծէին: Անոր մէջ կ’ըսուէր, թէ Օրճոնիկիծէի լիազօրներուն միջոցով Ղարաբաղի բնակչութեան հաղորդուած է կարմիր-ռուսական զօրքերը Ղարաբաղի սահմաններ մտցնելու մտադրութեան մասին, եւ թէ մինչեւ Հաքարի գետը պէտք է Խորհրդային Ատրպէյճանին պատկանի:
ՙՂարաբաղի իններորդ համագումարը վերստին հաստատած էր նախորդ համագումարներուն մէջ իր կայացուցած աներեր որոշումը` միաւորուիլ Հայաստանի հետ: Նոյն համագումարը Ատրպէյճանի իշխանութեան ընդունումը կտրականապէս մերժած էր: Այժմ, երբ իմ կառավարութեան պատուիրակութիւնը Մոսկուա ուղեւորուած է Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամական փոխյարաբերութիւններ հաստատելու համար` բոլորովին անհասկնալի կը թուի Օրճոնիկիծէի առաջարկը Ղարաբաղի գիւղացիութեան, որպէսզի սա, հակառակ պարզորոշ կերպով արտայայտած իր կամքի, ինքն իրեն Ատրպէյճանի մաս նկատէ՚:
Լուսանկարը՝ Ռեալական ուսումնարանը Շուշիի մէջ
 
Աղբյուր՝ aniarc.am


ՀԱՅԱԶԴ կայք Նմանատիպ Լուրեր
1908,երիտթուրքական-հեղափոխություն,արևմտահայություն,բազմահազարանոց-ցույցեր,հայությունը-երիտթուրքերի-ցույցերում,ազատություն-հավասարություն-եղբայրություն , Հայությունը՝ Երիտթուրքերի ցույցերում
Հայությունը՝ Երիտթուրքերի ցույցերում
1908 թվականի Երիտթուրքական հեղափոխության օրերին արևմտահայությունը մասնակցում էր բազմահազարանոց ցույցերին «ազատություն, հավասարություն, եղբայրություն» կարգախոսներով:
1919-1920,հայաստան,երևան,բաթումի,բաթումի-նավահանգիստ,թուրք-թաթար-թալանչիներ,բրիտանացի-զինվորների-վերահսկողության-տակ-գտնվող-զր,ամերիկյան-և-բրիտանական-մարդասիրական-օգնություն,բաթում-երևան-կյանքի-երկաթգիծը , 1919-1920 թթ. Բաթում-Երևան «Կյանքի երկաթգիծը»
1919-1920 թթ. Բաթում-Երևան «Կյանքի երկաթգիծը»
«Ազատության պաշտպան» զրահագնացքի բրիտանական զինվորական անձնակազմը, Երևան, 1920 թ.
ամն,թուրքիայի-դաշնակից-ամն,եվրոպական-մեծ-տերություններ,թուրքիա,խորհրդային-միություն,հայոց-ցեղասպանություն,երկրորդ-աշխարհամարտ,հայկական-հարց,արևմտյան-հայաստանի-վերադարձի-ծրագիր,վահրամ-հովյան , Թուրքիայի դաշնակից ԱՄՆ-ն տապալում է Արևմտյան Հայաստանի վերադարձի ծրագիրը
Թուրքիայի դաշնակից ԱՄՆ-ն տապալում է Արևմտյան Հայաստանի վերադարձի ծրագիրը
Եվրոպական մեծ տերությունները և Թուրքիայի դաշնակից ԱՄՆ-ն տապալում են Արևմտյան Հայաստանի վերադարձի ծրագիրը։ ԱՄՆ-ի ու Թուրքիայի հարաբերություններում կային որոշակի կնճիռներ։ Այդ համատեքստում 2021-ին ԱՄՆ-ն ճանաչեց Հայոց ցեղասպանությունը, թեև գործնականում մեծ հաշվով դա ոչինչ չի տալիս Հայկական հարցին։
հայ-ադրբեջանական,կոնֆերանս․,բաքու,1919-ի,դեկտեմբերի,14 , Հայ-ադրբեջանական կոնֆերանս․ Բաքու, 1919-ի դեկտեմբերի 14
Հայ-ադրբեջանական կոնֆերանս․ Բաքու, 1919-ի դեկտեմբերի 14
Ադրբեջանի կողմից հայ-ադրբեջանական կոնֆերանսին կմասնակցեն Ֆաթալի Խան Խոյսկին, Մամեդ Հասան Հաջինսկին և Մամեդ Ռզա Վեքիլովը։
հայերը,թուրքիան,ռուսաստանը,եւ,արեւմուտքը.,հայացք,1891,թվականից , Հայերը, Թուրքիան, Ռուսաստանը եւ Արեւմուտքը. հայացք 1891 թվականից
Հայերը, Թուրքիան, Ռուսաստանը եւ Արեւմուտքը. հայացք 1891 թվականից
Ներկայացնում ենք 1891 թվականի ապրիլին ամերիկյան The Atlantic Monthly ամսագրում հրապարակված Սեմյուել Գրին Ուիլեր Բենջամինի The Armenians and the Porte հոդվածի հայերեն թարգմանությունը:
ալեքսանդր-սոլժենիցինի-նոբելյան-պատմությունը,գրականության-նոբելյան-մրցանակ,շվեդիա,խսհմ,խսհմ-գերագույն-խորհուրդ,ստալինյան-ճամբարներ,հայրենիքից-բռնի-աքսոր,ռուս-ականավոր-մտածող-և-գրող,ալեքսանդր-սոլժենիցին , Ալեքսանդր Սոլժենիցինի նոբելյան պատմությունը
Ալեքսանդր Սոլժենիցինի նոբելյան պատմությունը
Խորհրդային Միությունում Սոլժենիցինին Նոբելյան մրցանակ շնորհելը ռումբի պայթյունի էֆեկտ ունեցավ։ Շատերն անկեղծորեն ուրախացան ռուս վառ և ազնիվ գրողի համաշխարհային ճանաչման համար: Սակայն իշխանությունները և պաշտոնական գրական հանրությունը թշնամաբար են ընդունել Շվեդիայի ակադեմիայի որոշումը։ ԽՄԿԿ Կենտկոմը Նոբելյան մրցանակակրին վարկաբեկելու մի ամբողջ ծրագիր էր մշակել։

<< Հայազդ>> կայքում արտահայտված որոշ կարծիքները պարտադիր չէ, որ համընկնեն կայքի խմբագրության տեսակետի հետ: