ՀԱՅԱԶԴ կայք
ՀԱՅԱԶԴ կայք
Գարեգին Նժդեհ սպարապետը եւ ազգային հերոսը

Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խօ­րէին Պալ­քան­ներ վե­րա­դառ­նա­լէ ետք, Նժ­դե­հի ու­ժեղ ան­հա­տա­կա­նու­թեամբ դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վար գոր­ծի­չը կազ­մա­կեր­պա­կան բա­խում­ներ ու­նե­ցաւ օ­րո­ւան Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յին հետ։ Հե­տե­ւան­քը ե­ղաւ Պալ­քան­նե­րու Հ.Յ.Դ. կազ­մա­կեր­պու­թեան պա­ռակ­տու­մը՝ նժդե­հա­կան եւ հա­կանժ­դե­հա­կան թե­ւե­րու մի­ջեւ։

1955 թ․-ի դեկ­տեմ­բեր 21-ին, Խորհր­դա­յին Միու­թեան ծայր աս­տի­ճան «վտան­գա­ւոր» նկա­տո­ւած «բան­տար­կեալ»նե­րու Վ­լա­տի­միր բան­տին մէջ, իր վեր­ջին շուն­չը փչեց հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման անկրկ­նե­լի հե­րոս­նե­րէն Գա­րե­գին Նժ­դեհ։


Հայ ժո­ղո­վուր­դը միայն յա­ւուր պատ­շա­ճի յար­գան­քի տուրք ըն­ծա­յե­լու մղու­մով չէ, որ կ­’ո­գե­կո­չէ Նժ­դե­հի մա­հո­ւան տա­րե­լի­ցը։ Ոչ ալ տա­րո­ւան միայն այս օ­րը կը ստեղ­ծէ պա­տե­հու­թիւ­նը, որ­պէս­զի ա­մե­նայն եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ իր մտքին ու հո­գիին կի­զա­կէ­տին բե­րէ Նժ­դե­հի անձն ու գոր­ծը, Դաշ­նակ­ցա­կան Ս­պա­րա­պե­տին եւ Ցե­ղակ­րօն Ազ­գա­յին Հե­րո­սին ա­ռաջ­նոր­դող մտա­ծում­նե­րը։


Ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ, իր ժա­մա­նա­կէն վեր բարձ­րա­ցած եւ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­մար հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն ներշնչ­ման աղ­բիւր դար­ձած ազ­գա­յին հե­րոսն է Գա­րե­գին Նժ­դեհ, ո­րուն մար­տա­կան եւ կազ­մա­կեր­պա­կան հան­ճա­րին կը պար­տինք ա­զա­տագ­րումն ու հա­յա­ցու­մը հա­յոց Սիւ­նեաց Աշ­խար­հին՝ Զան­գե­զու­րին։


Միա­ժա­մա­նակ՝ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը իւ­րո­վի մարմ­նա­ւո­րած ու Յե­ղա­փո­խա­կան Հա­յու ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ու­րոյն ԴՊՐՈՑ մը ստեղ­ծած նոր ժա­մա­նակ­նե­րու Հա­յոց անդ­րա­նիկ Ս­պա­րա­պետն է Նժ­դեհ։


Հե­տե­ւա­բար, որ­քան ալ ժա­մա­նա­կը անց­նի եւ որ­քան ալ հնա­բոյր թէ նո­րե­լուկ գա­ղա­փա­րա­խօս­ներ փոր­ձեն Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն դուրս եւ Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­կադ­րա­բար հիւ­սել գով­քը Նժ­դեհ Գա­րե­գի­նի Գոր­ծին եւ Պատ­գա­մին, ըստ ա­մե­նայ­նի բան չի փո­խո­ւիր պատ­մա­կան ճշմար­տու­թե­նէն։ Ինչ­պէս Անդ­րա­նիկ, այն­պէս եւ Նժ­դեհ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵ­Րը ան­բա­ցատ­րե­լի կը մնան ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ դուրս, ա­ւե­լին՝ ան­հե­թեթ կը դառ­նան Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­կադ­րա­բար ար­ժե­ւո­րո­ւե­լու պա­րա­գա­յին։


Ա­յո՛, Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ իր գոր­ծած շրջա­նին եւ դաշ­նակ­ցա­կա­նօ­րէն իր կա­տա­րած գոր­ծով է, որ Գա­րե­գին Նժ­դեհ նո­ւա­ճեց իր հե­րո­սա­կան բար­ձուն­քը հայ ժո­ղո­վուր­դի մտքին ու սրտին մէջ։


Այ­սօր կ­՚ո­գե­կո­չենք մա­հո­ւան վաթ­սու­նա­մեա­կը հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար ան­վե­հեր պայ­քա­րի բո­լոր ճա­կատ­նե­րուն վրայ ան­պար­տե­լի գոր­ծած դաշ­նակ­ցա­կան Գա­րե­գին Նժ­դե­հին, որ ռազ­մի ճա­կա­տին վրայ չին­կաւ, այլ դա­ւադ­րա­բար զոհ գնաց պոլ­շե­ւիզ­մին՝ խորհր­դա­յին­նե­րու հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան մո­լուց­քին։


Խորհր­դա­յին­նե­րը 1920-ա­կան­նե­րէն սկսեալ բնաւ չնե­րե­ցին Զան­գե­զու­րը Հա­յաս­տա­նի ա­նա­ռիկ դար­պա­սին վե­րա­ծած եւ «­Դաշ­նակ­ցու­թեան փառքն ու ող­բեր­գու­թիւն»ը ա­մե­նայն խրոխ­տու­թեամբ ու հնչե­ղու­թեամբ հա­յոց պատ­մու­թեան ա­ւանդ կտա­կած Հա­յոց Ս­պա­րա­պե­տին։


Ար­դա­րեւ, հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան նո­րա­գոյն շրջա­նի ոս­կե­մա­տեա­նին մէջ ե­զա­կի դէմք մը ե­ղաւ Նա­խի­ջե­ւա­նի Կզ­նութ գիւ­ղի ծնունդ՝ Տէր-­Յա­րու­թիւ­նեան քա­հա­նա­յի կրտսեր որ­դի Գա­րե­գի­նը, որ հա­յոց աշ­խար­հով մէկ հռչա­կո­ւե­ցաւ Նժ­դեհ ա­նու­նով։


Ծ­նած էր 1 Յու­նո­ւար 1886-ին եւ ապ­րե­ցաւ մին­չեւ 1955 թո­ւա­կա­նի Դեկ­տեմ­բեր 21-ը, երբ խորհր­դա­յին­նե­րուն ձեռ­քը պա­տանդ ին­կած եւ սի­պի­րեան կա­լա­նա­վայ­րե­րու մէջ ֆի­զի­քա­պէս հիւ­ծած՝ իր պաշ­տած հայ ժո­ղո­վուր­դէն ու Հա­յաս­տա­նէն հե­ռու, առ­յա­ւէտ փա­կեց այն­քան հա­յու ան­մեղ ա­րեան հե­ղում եւ վիշտ տե­սած աչ­քե­րը, այ­լեւ՝ կռո­ւի ու պայ­քա­րի հու­րով առլ­ցուն իր ցաս­կոտ հա­յեաց­քը։



Գա­րե­գին Նժ­դեհ ա­նու­նը յա­ւեր­ժա­ցաւ յատ­կա­պէս 1920-21 թո­ւա­կա­նին, երբ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Բիւ­րօ-­Կա­ռա­վա­րու­թեան օ­րով եւ ա­տե­նի Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ռու­բէ­նի հրա­հան­գով՝ զօ­րա­վար Նժ­դե­հի յանձ­նա­րա­րո­ւե­ցաւ սե­փա­կան կեան­քի գնով պաշտ­պա­նու­թիւ­նը Զան­գե­զու­րի։ Ա­ռա­քե­լու­թիւն մը՝ որ յաղ­թա­կան փառ­քով պսա­կո­ւե­ցաւ եւ ան­պար­տե­լի ռազ­մի­կի դափ­նիով յա­ւեր­ժա­ցուց բաց ճա­կա­տը Նժ­դե­հի։


Ու­սում­նա­սէր եւ հո­գեմ­տա­ւոր հա­րուստ պա­շա­րի տէր էր Նժ­դեհ։ Իր ծննդա­վայ­րի ռու­սա­կան դպրոցն ու Թիֆ­լի­սի ռու­սա­կան գիմ­նա­զիան ա­ւար­տե­լէ ետք, ան բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­ցաւ Փե­թերս­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նի ի­րա­ւա­բա­նու­թեան բաժ­նին մէջ։


Չա­ւար­տեց ու­սու­մը, ո­րով­հե­տեւ 17 տա­րե­կա­նէն ար­դէն հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ա­հագ­նա­ցող ա­լի­քը գրա­ւած էր միտքն ու սիր­տը ըմ­բոստ Գա­րե­գի­նի։ Միա­ժա­մա­նակ ցա­րա­կան եւ հա­մի­տեան բռնա­տի­րու­թեանց դէմ պայ­քա­րի դաշտ նե­տո­ւե­լու պատ­րաստ՝ Նըժ­դեհ իր յե­ղա­փո­խա­կան մկրտու­թեան հա­րա­զատ ա­ւա­զա­նը գտաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ եւ միա­ցաւ ա­նոր շար­քե­րուն։ Յատ­կա­պէս Ռոս­տո­մի օ­րի­նա­կը ա­ռաջ­նոր­դող տեղ եւ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ Նժ­դե­հի կեան­քին մէջ։ Ռոս­տո­մի յոր­դո­րով ալ Նժ­դեհ միա­ցաւ Պուլ­կա­րիոյ մէջ Դաշ­նակ­ցու­թեան հաս­տա­տած զի­նո­ւո­րա­կան վար­ժա­րա­նին, փայ­լուն ա­ւար­տեց զայն եւ վե­րա­դար­ձաւ Թիֆ­լիս։


Իր կար­գին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ բան­տար­կո­ւե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ 1909-ին ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց ծա­ւա­լած հա­լա­ծան­քին հե­տե­ւան­քով։ Եւ երբ 1912-ին ան­պարտ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ եւ 1913-ին բռնկե­ցաւ Պալ­քա­նեան Պա­տե­րազ­մը, Նժ­դեհ փու­թաց ստանձ­նե­լու հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մած հայ­կա­կան զօ­րա­գուն­դին, որ պուլ­կար յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու կող­քին պա­տե­րազ­մի դաշտ նե­տո­ւե­ցաւ օս­մա­նեան զօր­քին դէմ։ Պալ­քա­նեան Պա­տե­րազ­մը ա­րեան մկրտու­թիւ­նը ե­ղաւ ռազ­մա­գէտ Նժ­դե­հի, որ իբ­րեւ Դաշ­նակ­ցա­կան Զօ­րա­վա­րի հռչա­կո­ւե­ցաւ՝ իր քա­ջու­թեամբ ու ռազ­մա­վա­րա­կան-կազ­մա­կեր­պա­կան տա­ղան­դով։


Այդ շրջա­նին նաեւ ե­րե­ւան ե­կաւ Նժ­դե­հի ան­հա­տա­կա­նու­թեան ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ե­րե­սը, որ ա­նոր ար­տա­կարգ ինք­նավս­տա­հու­թիւնն էր, ո­րուն հե­տե­ւան­քով բա­խում­ներ ու­նե­ցաւ նոյն­պի­սի՛ ան­հա­տա­կա­նու­թեան տէր Անդ­րա­նի­կի հետ, որ գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տարն էր հայ­կա­կան զօ­րա­գուն­դին։


Պալ­քա­նեան Պա­տե­րազ­մէն սկսեալ, անց­նե­լով Հայ Կա­մա­ւո­րա­կան Երկ­րորդ Գուն­դի հրա­մա­նա­տա­րու­թե­նէն ու 1918-ի Մա­յի­սեան Հե­րո­սա­մարտ­նե­րու ըն­թաց­քին իր ա­ռան­ձին ջո­կա­տով գոր­ծած սխրանք­նե­րէն, եւ յան­գե­լով 1919-1921 Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նի գո­յա­պա­քա­րին փա­ռա­պանծ ղե­կա­վար­ման, Գա­րե­գին Նժ­դեհ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս մարմ­նա­ւո­րեց Դաշ­նակ­ցա­կան Ս­պա­րա­պե­տի հե­րո­սա­կան կեր­պա­րը։


Հա­յաս­տա­նի վերջ­նա­կան խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք Նժ­դեհ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ու գոր­ծեց Պալ­քան­նե­րու մէջ։ Նժ­դեհ ոչ միայն ղե­կա­վար դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ Պալ­քան­նե­րու տա­րած­քին Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պա­կան հզօ­րաց­ման մէջ, այ­լեւ՝ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ, ուր պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ հա­յա­պահ­պան­ման գործ կազ­մա­կեր­պեց եւ ղե­կա­վա­րեց։


Օ­տար ա­փե­րու վրայ ու­ծաց­ման, ինք­նալ­քու­թեան եւ վերջ­նա­կան ձուլ­ման դա­տա­պար­տո­ւած տա­րա­գիր հա­յու­թեան ցի­րու­ցան բե­կոր­նե­րը ի մի բե­րե­լու, զա­նոնք հայ­կա­կան հպար­տու­թեամբ զի­նե­լու եւ Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան պաշ­տա­մուն­քով պահ­պա­նե­լու նպա­տա­կով՝ Նժ­դեհ 1933-ին իբ­րեւ գոր­ծիչ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Մ. Նա­հանգ­ներ եւ Գա­նա­տա, ուր եւ հի­մը դրաւ Հ.Յ.Դ. Ցե­ղակ­րօն Ուխ­տե­րուն, ո­րոնք հե­տա­գա­յին դար­ձան Հայ Ե­րի­տա­սար­դաց Դաշ­նակ­ցու­թեան կո­րիզ­նե­րը։


Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խօ­րէին Պալ­քան­ներ վե­րա­դառ­նա­լէ ետք, Նժ­դե­հի ու­ժեղ ան­հա­տա­կա­նու­թեամբ դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վար գոր­ծի­չը կազ­մա­կեր­պա­կան բա­խում­ներ ու­նե­ցաւ օ­րո­ւան Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յին հետ։ Հե­տե­ւան­քը ե­ղաւ Պալ­քան­նե­րու Հ.Յ.Դ. կազ­մա­կեր­պու­թեան պա­ռակ­տու­մը՝ նժդե­հա­կան եւ հա­կանժ­դե­հա­կան թե­ւե­րու մի­ջեւ։ Նժ­դե­հի գլխա­ւո­րած Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէն ըմ­բոս­տա­ցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յին դէմ ու Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն հե­ռա­ցո­ւե­ցաւ։ Իսկ «ցե­ղակ­րօ­նու­թիւ­նը» դար­ձաւ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը խո­ցած գա­ղա­փա­րա­կան այդ ճեղ­քին բա­ժա­նա­րար գի­ծը։


Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն դուրս գտնո­ւե­լով եւ Պալ­քան­նե­րու մէջ իր ու­րոյն ցե­ղակ­րօն կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կեան­քի կո­չե­լով հան­դերձ՝ Նժ­դեհ ի­րո­ղա­պէ­ս ինք ղե­կա­վա­րեց Պալ­քան­նե­րու դաշ­նակ­ցա­կան ըն­տա­նի­քը։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին գոր­ծակ­ցե­ցաւ Նա­ցի­նե­րուն հետ եւ պաշտ­պա­նեց Պալ­քան­նե­րու հա­յու­թիւ­նը թէ՛ խորհր­դա­յին եւ թէ թրքա­կան ոտնձ­գու­թեանց ու սպառ­նա­կան վտանգ­նե­րու դէմ։ Իսկ երբ Սեպ­տեմ­բեր 1944-ին Կար­միր Բա­նա­կը գրա­ւեց Պուլ­կա­րիան եւ պա­տե­րազ­մը ա­ւար­տե­ցաւ Նա­ցի­նե­րու պար­տու­թեամբ, Նժ­դեհ փա­խուստ չտո­ւաւ եւ մին­չեւ Դեկ­տեմ­բեր 1944-ին խորհր­դա­յին­նե­րու կող­մէ իր ձեր­բա­կա­լու­թիւ­նը՝ շա­րու­նա­կեց պաշտ­պան կանգ­նիլ Պալ­քան­նե­րու հա­յու­թեան։


1947-ին խորհր­դա­յին­նե­րը Մոս­կո­ւա տե­ղա­փո­խե­ցին Նժ­դեհն ու ա­նոր բախ­տա­կից դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րը։ 1948-1952 Նժ­դեհ պա­հո­ւե­ցաւ ծայր աս­տի­ճան «վտան­գա­ւոր» նկա­տո­ւած «բան­տար­կեալ»նե­րու Վ­լա­տի­միր բան­տը։ 1952-ին մէ­կու­կէս տա­րիով ղրկո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի բան­տը, բայց 1953-ին վերս­տին տա­րո­ւե­ցաւ Վ­լա­տի­մի­րի բան­տը, ուր եւ մա­հա­ցաւ 21 Դեկ­տեմ­բեր 1955-ին։


Նժ­դե­հի հետ դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րու ամ­բողջ փա­ղանգ մը ին­կաւ խորհր­դա­յին­նե­րու ձեռ­քը։


Սի­պիր աք­սո­րո­ւած դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րէն շա­տեր ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցան խրուշ­չո­վեան ձիւն­հա­լի օ­րե­րուն։ Ա­նոնց Ս­փիւռք գա­լով վե­րագ­նա­հա­տու­մի ար­ժա­նա­ցաւ Պալ­քան­նե­րու դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։


Եւ երբ Նժ­դե­հի բան­տա­կից ըն­կե­րոջ՝ դաշ­նակ­ցա­կան ծա­նօթ գոր­ծիչ Յով­հան­նէս Տե­վէ­ճեան եւ տա­րի­նե­րու գոր­ծա­կից Կա­րօ Գէոր­գեան օ­րին հրա­պա­րա­կե­ցին Նժ­դե­հի մա­հո­ւան գոյ­ժը, Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նեց իր մեծ գոր­ծի­չին ար­ժէքն ու տե­ղը Հ.Յ.Դ. պատ­մու­թեան եւ սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ։


Հա­յու Կամ­քին եւ Գա­ղա­փա­րի Ու­ժին դաշ­նակ­ցա­կա՛ն մարմ­նա­ւո­րու­մը հան­դի­սա­ցող Գա­րե­գին Նժ­դե­հի մահուան վաթ­սու­նա­մեա­կին ո­գե­կո­չու­մը հա­ղոր­դու­թեան պահ է՝ վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու հա­մար ա­նոր մտքե­րու անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տու­նով.


– Եր­բե՛ք, ա­ռանց Սիւ­նի­քի՝ ա­ռանց Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հագ­րա­կան այդ ու­ժեղ ող­նա­շա­րին, մեր ամ­բող­ջա­կան Հայ­րե­նի­քը գո­յու­թիւն ու­նե­նալ չի կա­րող։


– Ո­մանք ա­րե­ւը միայն խա­ւար­ման ժա­մա­նակ են նկա­տում:


– Չի կա­րե­լի օգ­նել այն ըն­կա­ծին, ե­թէ նրան պա­կա­սում է ինք­նօգ­նու­թեամբ ոտ­քի կանգ­նե­լու կամ­քը:


– Եր­կու բան պէտք է լցնի մար­դու հո­գին հիաց­մուն­քով ու յար­գան­քով՝ աստ­ղա­լից եր­կին­քը գլխի վե­րե­ւում եւ բա­րո­յա­կան օ­րէն­քը սրտի մէջ:


– Ի­րա­ւուն­քը ու­ժի հաս­կա­ցո­ղու­թիւն է, այլ ոչ տրա­մա­բա­նա­կան:


– Մի ժո­ղո­վուրդ, ո­րի որ­դի­նե­րը հա­ւա­սար չեն օ­րէն­քի եւ մա­հո­ւան առ­ջեւ` յաղ­թա­կան հայ­րե­նիք չի ու­նե­նայ:


– Կ­րօն­նե­րի պէս հայ­րե­նիք­ներն էլ պա­հան­ջում են, որ ի­րենց սպա­սար­կո­ղի ձեռ­քե­րը լի­նեն տաք եւ մաք­րա­մա­քուր:


– Ա­պա­գան վտան­գո­ւած ժո­ղո­վուրդ­նե­րի վեր­ջին խա­ղա­թուղ­թը – վե­րա­դաս­տիա­րա­կու­թիւնն է:


– Իւ­րա­քան­չիւր ազ­գի պար­տա­կա­նու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան հան­դէպ նախ եւ ա­ռաջ դրսե­ւոր­ւում է սե­փա­կան ազ­գի կեն­սու­նա­կու­թեան պահ­պան­ման եւ սե­փա­կան մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման ձե­ւով:


– Քն­նա­դա­տել՝ հո­գե­պէս տա­ռա­պել է նշա­նա­կում:


– Իմ ազ­գա­յին դա­ւա­նան­քը թոյլ չի տա­լիս թշնա­մանք տա­ծել դէ­պի ոե­ւէ հայ մարդ:


– Եօթ­նիցս ստոր է նա, ով գե­րա­դա­սում է կեան­քը մա­հէն բո­լոր պա­րա­գա­նե­րի մէջ:


– Մահ չկայ, մեռ­նում է փոք­րո­գին, մե­ռածն է մեռ­նում:


– Քա­ջե­րի յա­րու­թիւնն է մա­հը:


– Ապս­տամբ ժո­ղովր­դին միայն Աս­տո­ւած կա­րող է յաղ­թել:


– Մի ժո­ղո­վուրդ` մի ըն­տա­նիք:


– Սի­րում է նա, ով ու­ժեղ է, ով հո­գու ա­ռա­տու­թիւն ու­նի, ում ոյ­ժի բա­ժա­կը լցո­ւած է յոր­դե­լու, թա­փո­ւե­լու աս­տի­ճան:


– Այն օ­րից, ըն­թեր­ցող, երբ հա­յը վա­խե­նալ սկսեց մա­հից, այն օ­րից օ­տա­րը թա­գա­ւո­րեց Հա­յաս­տա­նում:


– Ով հե­ռա­նում է կրօ­նից, անձ­նաս­պա­նօ­րէն կտրում է իր հո­գե­ւոր զար­կե­րա­կը:


– Մի օր հա­յու­թիւ­նը պի­տի նե­րի թրքու­թեան, բայց ոչ ծուն­կի ե­կած նրա առ­ջեւ, պար­տո­ւե­լուց յե­տոյ, այլ նրան ծնկի բե­րած` ծե­ծե­լուց յե­տոյ:


– Միայն նա է ճշմար­տօ­րէն մե­ծը, ո­րը մեծ զա­ւակն է նախ իր ժո­ղովր­դի, եւ ա­պա՝ մարդ­կու­թեան:


– Ա­մէն մէկ «ես» յան­ցա­ւոր ապս­տամբ մը, ա­մէն մէկ «ես»ա­կա­նու­թիւն` բա­րո­յա­կան մա­հա­փորձ մըն է այն Մեծ Ամ­բող­ջին դէմ, որ ԱԶԳ կը կո­չենք:


– Սկզ­բից ի վեր հա­յու­թիւնն ու իր քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ձու­լո­ւած են ի մի բնու­թիւն: Այս եր­կու­սի ճա­կա­տա­գի­րը նոյ­նա­ցած է:[


– Հայ ե­կե­ղե­ցին ազ­գա­յին ե­կե­ղե­ցի է:


– Իմ հո­գին զոյգ յե­նա­րան­ներ ու­նի` Աս­տո­ւած եւ հայ­րե­նիք:


– Չ­կայ, կեանքն ազ­գին եւ հայ­րե­նի­քին պա­տա­րա­գե­լու չափ մեծ եր­ջան­կու­թիւն չկայ աշ­խար­հում:


– Ա­մէն հայ ըն­դու­նակ է մար­տի­րո­սա­նա­լու, իսկ ա­մէն մար­տի­րոս կա­րող է հե­րոս լի­նել:


– Ա­ւե­լի լաւ է հայ մար­դը համր լի­նի, քան օ­տա­րա­խօս:


– Նա (ազգս) գե­րա­գոյն նպա­տակ է, ես` մի­ջոց:


– Նա, ով ըն­դու­նում է Աստ­ծոյ գո­յու­թիւ­նը, ըն­դու­նում է նաեւ իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը հան­դէպ գե­րա­գոյն ի­րա­կա­նու­թեանց` ԱԶԳ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ:


Նազարէթ Պէրպէրեան


ՀԱՅԱԶԴ կայք Նմանատիպ Լուրեր
1908,երիտթուրքական-հեղափոխություն,արևմտահայություն,բազմահազարանոց-ցույցեր,հայությունը-երիտթուրքերի-ցույցերում,ազատություն-հավասարություն-եղբայրություն , Հայությունը՝ Երիտթուրքերի ցույցերում
Հայությունը՝ Երիտթուրքերի ցույցերում
1908 թվականի Երիտթուրքական հեղափոխության օրերին արևմտահայությունը մասնակցում էր բազմահազարանոց ցույցերին «ազատություն, հավասարություն, եղբայրություն» կարգախոսներով:
1919-1920,հայաստան,երևան,բաթումի,բաթումի-նավահանգիստ,թուրք-թաթար-թալանչիներ,բրիտանացի-զինվորների-վերահսկողության-տակ-գտնվող-զր,ամերիկյան-և-բրիտանական-մարդասիրական-օգնություն,բաթում-երևան-կյանքի-երկաթգիծը , 1919-1920 թթ. Բաթում-Երևան «Կյանքի երկաթգիծը»
1919-1920 թթ. Բաթում-Երևան «Կյանքի երկաթգիծը»
«Ազատության պաշտպան» զրահագնացքի բրիտանական զինվորական անձնակազմը, Երևան, 1920 թ.
ամն,թուրքիայի-դաշնակից-ամն,եվրոպական-մեծ-տերություններ,թուրքիա,խորհրդային-միություն,հայոց-ցեղասպանություն,երկրորդ-աշխարհամարտ,հայկական-հարց,արևմտյան-հայաստանի-վերադարձի-ծրագիր,վահրամ-հովյան , Թուրքիայի դաշնակից ԱՄՆ-ն տապալում է Արևմտյան Հայաստանի վերադարձի ծրագիրը
Թուրքիայի դաշնակից ԱՄՆ-ն տապալում է Արևմտյան Հայաստանի վերադարձի ծրագիրը
Եվրոպական մեծ տերությունները և Թուրքիայի դաշնակից ԱՄՆ-ն տապալում են Արևմտյան Հայաստանի վերադարձի ծրագիրը։ ԱՄՆ-ի ու Թուրքիայի հարաբերություններում կային որոշակի կնճիռներ։ Այդ համատեքստում 2021-ին ԱՄՆ-ն ճանաչեց Հայոց ցեղասպանությունը, թեև գործնականում մեծ հաշվով դա ոչինչ չի տալիս Հայկական հարցին։
հայ-ադրբեջանական,կոնֆերանս․,բաքու,1919-ի,դեկտեմբերի,14 , Հայ-ադրբեջանական կոնֆերանս․ Բաքու, 1919-ի դեկտեմբերի 14
Հայ-ադրբեջանական կոնֆերանս․ Բաքու, 1919-ի դեկտեմբերի 14
Ադրբեջանի կողմից հայ-ադրբեջանական կոնֆերանսին կմասնակցեն Ֆաթալի Խան Խոյսկին, Մամեդ Հասան Հաջինսկին և Մամեդ Ռզա Վեքիլովը։
հայերը,թուրքիան,ռուսաստանը,եւ,արեւմուտքը.,հայացք,1891,թվականից , Հայերը, Թուրքիան, Ռուսաստանը եւ Արեւմուտքը. հայացք 1891 թվականից
Հայերը, Թուրքիան, Ռուսաստանը եւ Արեւմուտքը. հայացք 1891 թվականից
Ներկայացնում ենք 1891 թվականի ապրիլին ամերիկյան The Atlantic Monthly ամսագրում հրապարակված Սեմյուել Գրին Ուիլեր Բենջամինի The Armenians and the Porte հոդվածի հայերեն թարգմանությունը:
ալեքսանդր-սոլժենիցինի-նոբելյան-պատմությունը,գրականության-նոբելյան-մրցանակ,շվեդիա,խսհմ,խսհմ-գերագույն-խորհուրդ,ստալինյան-ճամբարներ,հայրենիքից-բռնի-աքսոր,ռուս-ականավոր-մտածող-և-գրող,ալեքսանդր-սոլժենիցին , Ալեքսանդր Սոլժենիցինի նոբելյան պատմությունը
Ալեքսանդր Սոլժենիցինի նոբելյան պատմությունը
Խորհրդային Միությունում Սոլժենիցինին Նոբելյան մրցանակ շնորհելը ռումբի պայթյունի էֆեկտ ունեցավ։ Շատերն անկեղծորեն ուրախացան ռուս վառ և ազնիվ գրողի համաշխարհային ճանաչման համար: Սակայն իշխանությունները և պաշտոնական գրական հանրությունը թշնամաբար են ընդունել Շվեդիայի ակադեմիայի որոշումը։ ԽՄԿԿ Կենտկոմը Նոբելյան մրցանակակրին վարկաբեկելու մի ամբողջ ծրագիր էր մշակել։

<< Հայազդ>> կայքում արտահայտված որոշ կարծիքները պարտադիր չէ, որ համընկնեն կայքի խմբագրության տեսակետի հետ: